Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Գանձասար» - Լաթաքիա կատարած այցելութենէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հովուապետական յաջորդ այցելութիւնը Քեսապ էր:
Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստի ջերմ խօսքերով ու ազգային երաժշտութեամբ դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին, արի-արենոյշներուն, դպրաց դասունե, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:
Եկեղեցւոյ մէջ, Քեսապի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան ողջունեց սրբազան հօր գալուստն ու յաջողութիւն մաղթեց Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս անոր առաքելութեան: Ապա անոր Աջը համբուրելով հրաւիրեց զինք անդրանիկ պատգամը ուղղելու քեսապահայութեան:
Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան նախ փառք տուաւ Ամենակալին, որ առաջին անգամ ըլլալով ոտք կը դնէ Քեսապ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան:
«Ամբողջ ճամբորդութեանս ընթացքին, մանաւանդ երբ Քեսապին կը մօտենայինք, Աստուծոյ մարդուն շնորհած երեք պարգեւներուն առնչուող մտածումներ եւ գաղափարներ ներշնչեցին զիս: Առաջինը բանականութիւնն է, միտքն է, իմաստութիւնն է: Աստուած մարդը ստեղծեց կատարեալ եւ կատարելութիւնը արտայայտուեցաւ անոր մտքով: Միտքը հետեւաբար սրբութիւն է նաեւ: Երկրորդը՝ Աստուծոյ մարդուն պարգեւած մարդկային, ֆիզիքական կարողութիւններն են, որպէսզի մարդը անոնցմով կարենայ երկիրը մշակել, ծաղկեցնել: Սուրբ է գործը, այնպէս ինչպէս սուրբ են միտքը եւ բանականութիւնը: Իսկ Աստուծոյ մարդուն պարգեւած երրորդ ընծան երկիրն է, հողն է, որոնք դարձեալ սուրբ են: Աստուած մարդը հրաւիրեց այդ երկիրը, հողը սուրբ պահելու՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն: Այս երեք արժէքներուն մէջ կը տեսնեմ քեսապցին, քեսապահայը, որ իր կարգին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն պարգեւեց հոգեւորականներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, որոնք դուրս եկան այս գիւղէն եւ ծառայելով հայութեան՝ աշխարհին բացուեցան: Անցնող տարիներուն մենք ականատես դարձանք, թէ ինչպէս քեսապահայը զրկուեցաւ իր հողէն, իր գիւղէն, իր տունէն, սակայն, ահաւասիկ մօտաւորապէս հինգ տարի վերջ, ան վերադարձած ու ծաղկեցնել սկսած է հայրենի իր հողը, տունը եւ տիրութիւն կ՛ընէ անոնց», ըսաւ Գերշ. Տէր Մասիս:
Այս առիթով սրբազան հայրը գնահատեց համայնքի հոգեւոր հովիւը, թաղականութիւնը, ազգային մեր բոլոր կառոյցները եւ մեր սիրեցեալ ժողովուրդին զաւակները, վստահեցնելով, որ Սուրիական Հայրենիքը պիտի մնայ մեր բոլորին հայրենիքը, այստեղ պէտք է կառչած մնանք, պէտք է յուսադրենք նաեւ Սուրիայէն դուրս ապրող սուրիահայերը, որպէսզի այցելեն, կամ մնայուն վերադարձով վերահաստատուին Սուրիա եւ մասնակցին անոր վերաշինութեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն, որոնք մասնակցեցան դիմաւորութեան արարողութեան եւ աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, որ գօտեպնդէ, զօրացնէ եւ ամրապնդէ մեզ մեր երթին մէջ: Երթ մը, որ պէտք է շարունակուի, ճանապարհ մը եւ ուխտագնացութիւն մը, որ սահման եւ վերջ չունի, ընթացք մը որ փակ դուռ չունի, այլ բաց ճանապարհ մըն է իւրաքանչիւրիս առջեւ եւ զոհողութիւն կը պահանջէ:
Արարողութենէն ետք, Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան «Սահակեան» սրահէն ներս հանդիպում ունեցաւ շրջանի պետական եւ ապահովական, ազգային եւ միութենական մարմինններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք շնորհաւորեցին Առաջնորդին ընտրութիւնն ու բարի երթ մաղթեցին անոր:
Իր սրտի խօսքը արտասանելով սրբազան հայրը վեր առաւ Սուրիական Հայրենիքէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութեան արժէքը, օրինակ բերելով Քեսապի ժողովուրդը, որ մինչ օրս ունի իր սեփական եկեղեցին եւ դպրոցը, կը տիրապետէ հայերէնին եւ արաբերէնին, միաժամանակ պահած է Քեսապի բարբառը: «Այս է, որ կը բնորոշէ Սուրիոյ մէջ ապրելու հպարտութիւնը», եզրափակեց սրբազան հայրը:
Սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը Չորեքշաբթի առաւօտուն վերադարձան Հալէպ: