կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-23 13:08
Առանց Կատեգորիա

Եվրոպայի բազմերանգ ուղերձները` Երևանին

Եվրոպայի բազմերանգ ուղերձները` Երևանին

Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներու գործողութիւններու մեկնարկի պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի տար միջազգային իրաւաքաղաքական կեդրոններու արձագանգին:

Այս պարագային դիտարժան հանգամանք կը ներկայացնէ եւրոպական միջավայրը` նկատի ունենալով Երեւան – Պրիւքսել համաձայնագիրի վաւերացման ընթացակարգն ու ընդհանրապէս համագործակցութեան խորացման եւ աշխուժացման ուղղութեամբ երկկողմանի յայտարարութիւնները: Դէպի Եւրոպա ուղղութիւնը իրերայաջորդ վարչակարգերու համար կը շարունակէ մնալ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ օրակարգ. հետեւաբար ներքին բարեփոխման թէ արտաքին քաղաքականութեան իւրաքանչիւր հիմնական քայլ առնելու ընթացքին Երեւանը հաշուի կը նստի համաեւրոպական կառոյցներու պաշտօնական հաւանական արձագանգումներուն հետ:

Այդ արձագանգումները կը թուի, թէ իբրեւ վարքագիծ ստացած են ոչ անպայման հաւասարակշռման կամ հակամարտութեան հետ առնչուած դիրքորոշման պարագային համահաւասար պատասխանատուութիւն բարդելու ոճ եւ բովանդակութիւն, այլ նոյնինքն ներհայաստանեան խնդիրներուն, այս պարագային բարեփոխման նպատակին եւ օգտագործուած եղանակին առումներով:

Այսպէս. Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հայաստանի մշտադիտարկման խումբի համազեկուցողներ Եուլիա Լուվոչքինա եւ Անտրէյ Շիրցել նշած են, թէ իշխանութիւնները պէտք է զերծ մնան այնպիսի գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան ընկալուիլ իբրեւ ճնշում դատական համակարգին վրայ: Խօսելով իրաւունքի գերակայութեան մասին` անոնք յայտնած էին, որ նման առաջադրանք կ՛իրականացուի, երբ քաղաքական որեւէ միջամտութիւն չի կատարուիր: Հաստատելէ ետք այսօրուան համակարգին նկատմամբ գոյութիւն ունեցող հանրային վստահութեան ցած մակարդակը, համազեկուցողները կ՛ողջունէին դատական համակարգի արմատական բարեփոխման մեկնարկը եւ աջակցելու տրամադրութիւն կ՛ընդգծէին:

Ուղերձի ամփոփումը մօտաւորապէս այն էր, որ ԵԽԽՎ-ն, գէթ այս զեկուցումի եզրակացութիւնը որդեգրելու պարագային, կը հաստատէ դատական համակարգը բարեփոխելու անհրաժեշտութիւնը, պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու անոր, իրաւական ընթացակարգը իբրեւ ուղի մատնացոյց կ՛ընէ առաջադրանքի իրականացման համար եւ կը զգուշացնէ գործընթացին` քաղաքական միջամտութիւն կատարելէ:

Առընթեր` Եւրոպական խորհրդարանի «Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան յանձնախումբ»-ի պատուիրակութեան ղեկավար Սաճատ Քարիմ յայտարարութիւն հրապարակած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն առնչութեամբ` մտահոգութիւն յայտնելով դատարաններու գործունէութիւնը արգելակելու կոչին առիթով: Այստեղ եւս կը շեշտուէր դատական բարեփոխումներու եւ քաղաքացիներուն կողմէ արդարադատական համակարգին նկատմամբ վստահութեան վերականգնումի անհրաժեշտութիւնը:

Եթէ ԵԽԽՎ-ի համազեկուցողներուն եւ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան գործընկերութեան յանձնախումբի պատուիրակութեան ղեկավարին յայտարարածներուն միջեւ օրինաչափ է նկատել երանգային եւ շեշտադրումային որոշակի տարբերութիւններ, ապա նուազ օրինաչափ է այս վերջինին եւ Եւրոպական Միութեան հայաստանեան ներկայացուցիչի մեկնաբանական արձագանգումներուն միջեւ նկատել որոշակի տարբերութիւններ:

Սվիթալսքին ընդգծումներով ողջունելի նկատած է դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներուն առնչութեամբ կատարուած պաշտօնական յայտարարութիւնները, խօսած ալպանական օրինակին եւ այդ օրինակի կայացման մէջ Եւրոպական Միութեան ունեցած ներդրումին մասին. պարզ դարձնելով, որ զտման (վեթինկի) գործընթացը ստացած է Վենետիկի յանձնաժողովի համաձայնութիւնը. խօսած` այսօրուան համակարգին նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած անվստահութեան մասին, աւելցնելով, որ առանց քննարկած ըլլալու օրակարգը, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Երեւանի կողմէ առաջադրուող գործընթացին:

3 պաշտօնական յայտարարութիւնները լուսարձակի տակ առնելով կը նկատուի, որ համաեւրոպական կեդրոններու ներկայացուցիչները կ՛ընդգծեն Հայաստանի արդարադատական համակարգին նկատմամբ ժողովուրդին մօտ տեղ գտած անվստահութիւնը եւ զայն վերականգնելու հրամայականը: Կը շեշտուի սահմանադրականութեան յարգումը եւ գէթ երկու պարագային մտահոգութիւն կը յայտնուի արտասահմանադրական կամ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի շրջանցումով հանգուցալուծումներու առաջնորդուելու մղումներուն առիթով:

Եւրոպական ուղերձները եթէ յստակ են առաջադրուած օրակարգին աջակցելու ուղղութեամբ, ապա խառն են օգտագործուած եղանակին գծով գնահատականներ տալու առումով: Կը թուի սակայն, որ գործընթացի մեկնարկի կանաչ լոյսը տրուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ, յատկապէս երբ յղում կը կատարուի Վենետիկի յանձնաժողովի համաձայնութեան:

Առաջադրուած իրաւունքի գերակայութիւնը կ՛առարկայանայ համոզիչ չափորոշիչներու լիակատար յարգումով: Վեթինկը (զտումը) բնականաբար չի վերաբերիր միայն գործող դատաւորներու կամ համակարգի աշխատակիցներու հրաժարեցումին, հրաժարումին կամ գործէ դադրեցման երեւոյթներուն: Զտումը միայն դէպի դուրս աշխատող գործընթաց չէ անշուշտ: Չափորոշիչները` նորերը հաւաքագրելու կամ այսօրուան համակարգին մէջ ճիշդ աշխատածները պահելու առումով անհրաժեշտ է, որ դրսեւորուին համոզիչ ձեւով, եւ որոշուած սկզբունքը աշխատի նաեւ դէպի ներս: Ի վերջոյ այս հրամայականը կը բխի, ըստ յայտարարուածներուն, այս պարագային նաեւ Եւրոպայի կողմէ, համակարգին նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը վերականգնելու առաջադրանքէն: Իսկ այստեղ անաչառ մասնագիտականը պիտի գերադասուի քաղաքականին:

Որովհետեւ, անկախ եւրոպական ընկալումներէն, բարեփոխումը պիտի չենթադրէ կազմաքանդում. վիրահատութեան գործողութիւնը` հաշուեյարդար, եւ վեթինկը` կամայական պաշտօնազրկումներ:

Որպէսզի` գործընթացները արձանագրուին բացառապէս իրաւական-սահմանադրական հողի վրայ, եւ կայանայ ամբողջովին անկախ, թափանցիկ երրորդ իշխանութիւնը:

«Ա.»