կարևոր
2014 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-06-09 12:20
Քաղաքական

Ակնարկ. Հեռաձայնային Առաջին Ուղերձները

Ակնարկ. Հեռաձայնային Առաջին Ուղերձները

Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նորանշանակ նախարարներուն միջեւ եղած հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին արծարծուած են հետեւեալ հարցերը.

– Հացահատիկի գործարքի իրականացումը,

– Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան խնդիրը,

– Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը,

– Թուրքիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներէն «Էֆ-16» կործանիչներու ձեռքբերումը եւ անոնց արդիականացումը,

– Ուքրանիոյ պատերազմը:

Արծարծուած խնդիրները բոլորն ալ առնչուած են Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն: Պարզ է, որ Միացեալ Նահանգներ ակնկալութիւններ ունին Թուրքիայէն: Կարեւոր է նկատելը, որ ասիկա Էրտողանի վերընտրուելէն ետք Ուաշինկթընի առաջին պաշտօնական ուղերձն է: Ուրեմն, գլխաւոր օրակարգը պիտի կազմէ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ պահանջուած Թուրքիա-Ռուսիոյ դաշնութիւն ապամերձեցման գործընթացը:

Ուշագրաւ է, որ հրատապ օրակարգերուն մաս կազմած է Երեւան-Անգարա-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Արծարծուած նիւթերու ընդհանուր շրջածիրը նկատի ունենալով` Հայաստանի Հանրապետութեան կապուած ուղղութիւնները եւս կը տեղաւորուին տարածաշրջանին մէջ ռուսական ներկայութեան հակակշիռ գործողութիւններ ձեռնարկելու քաղաքականութեան մէջ:

Քաղաքականօրէն ըմբռնելի է, որ Երեւան-Պաքու-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը ներառուած պիտի ըլլար առաջին այս խօսակցութեան: Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի միջեւ համակարգուած ձեւով աշխուժացած էին բանակցութիւնները: Բանակցութիւններու աշխուժացումը սակայն անպայման չ՛ենթադրեր, որ հաւաքական Արեւմուտքը որոշած է արագացնել խաղաղութեան պայմանագիրին կնքումը: Առաջադրանքը այս պարագային հակակշռել է ռուսական երաշխաւորութեամբ ընթացող գործընթացը եւ մղել զուգահեռ գործընթաց:

Քիշնեւէն ետք անմիջական յաջորդականութեամբ նախատեսուած էր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում` հակամարտող կողմերու նախարարներուն միջեւ: Պաքուի առաջարկով յետաձգուած է հանդիպումը: Պաքուն փաստօրէն կ՛ընդհատէ կամ կանգառ կը վերցնէ ուաշինկթընեան եւ պրիւքսելեան անմիջական իրերայաջորդականութեան շղթայական նախաձեռնութիւններուն մէջ:

Պաքուն կը կիրարկէ երկակի խաղ: Ոտնահարելով նոյեմբերեան համաձայնութիւնները` խաղաթուղթ կը տրամադրէ Ուաշինկթընին ընդգծելու համար, որ խաղաղապահ առաքելութիւնը չի յաջողիր յարգել ռուսական երաշխաւորութեամբ կայացած համաձայնութիւնները: Անցակէտի տրամադրումէն մինչեւ ռազմագերիներ պահելը բազմաթիւ կէտերով անիրագործելի դարձուած է նոյեմբերեան յայտարարութիւնը: Միւս կողմէ սակայն կը շեղէ Արեւմուտքի նախաձեռնած շղթայական իրերայաջորդականութեան արագակշռոյթ ընթացքը:

Այս խաղը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ անշուշտ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացին վրայ, որովհետեւ Անգարան կը շարունակէ փոխկապակցել կարգաւորման երկու ուղղութիւնները:

Ամերիկեան ուղերձը հեռաձայնով փոխանցուած կշռոյթի տարբեր չափեր կը ներառէ իր մէջ: Եթէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան խնդիրը հրատապ է, Պաքու-Երեւան խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելը նոյնքան առաջնահերթ չէ: Կարեւորը ռուսականին զուգահեռ գործընթաց ձեւաւորելն է եւ արձանագրելը, որ հիմնական բանակցութիւնները կ՛ընթանան Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսելի արագակշռոյթ եւ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով:

«Ա.»
aztagdaily.com