Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ATV կայանը, 11 մայիս 2019 թուականին, ժամը 19:40-ին սփռուած «Նիհատ Հաթիփօղլուի հետ իֆթար» հաղորդման ընթացքին, առանց ընտանիքէն առնուած արտօնութեան, հիւրընկալած է 13-ամեայ հայ-քրիստոնեայ մանուկ մը եւ զինքը կրօնափոխ ըրած է։
Հաղորդման մասնակից անձը 13 տարեկան է եւ մանուկ մըն է, ըստ թիւ 5395 Մանկանց պաշտպանութեան օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի Մանկանց իրաւունքներու հռչակագրի, զոր ստորագրած է նաեւ Թուրքիա։ Ծնողքը տեղեակ չէ եղած, որ իր զաւակը մասնակից է հաղորդման մը կամ հաղորդման մը ընթացքին կրօնափոխ ըլլալուն ուղղութեամբ յայտնած չէ իր հաւանութիւնը։ Մնաց որ, հաւանութիւն իսկ տար, 13-ամեայ մանուկի մը միլիոնաւոր անձերու առջեւ կրօնափոխ ըլլալը կ՚ոտնահարէ «մանուկի բարձրագոյն շահ»ի սկզբունքը։ Նիհաթ Հաթիփօղլուի վարած հաղորդման ընթացքին պատահածը ուղղակի մանկական շահագործում է։ Հաղորդման ընթացքին 13-ամեայ Ա.-ի իրաւունքները առ ոչինչ նկատուած են եւ ան իր ազգային ինքնութեան եւ կրօնական հաւատալիքին բերմամբ շահագործումի ենթարկուած է։
Մանուկի մը իրաւունքները առ ոչինչ համարելով եւ կրօնքի ու հաւատքի ազատութիւնը շահագործելով հեռատեսիլի պաստառ բարձրացուիլը եւ իր կրօնական հաւատալիքին բերմամբ հեռատեսիլային ներկայացման մը համար «օգտագործուիլը» յայտնապէս կ՚ոտնահարէ թիւ 6112 օրէնքն ու մանկանց իրաւունքները։ Միաժամանակ այս հաղորդումը ոչ մէկ կերպով կը յարգէ մամլոյ պատասխանատուութիւնը։ Այս հաղորդումը յայտնապէս յարձակում մը իրագործած է մանկանց իրաւունքներու, կրօնական ու հաւատքի ազատութեան դէմ։ Ինչպէս նաեւ առած է քայլեր, որոնք կրնան մտային ու բարոյական հարցեր ստեղծել թէ՛ Ա.-ի, թէ՛ հաղորդման հետեւած այլ մանուկներու մօտ։
Այս հաղորդման ընթացքին, մահմետականներու տեսակէտէ սուրբ նկատուող ամսուան մը մէջ, փոխանակ տարբեր կրօնքներէ ու դաւանանքներէ մարդոց համատեղ ու խաղաղութեամբ կարենալ ապրիլը ցուցադրելու, թելադրուած է «այլ»ը իսլամացնելով բարիք գործել եւ որդեգրուած է խտրականութենէ սնունդ առնող վարմունք մը։ Միլիոնաւոր մարդիկ կը դիտեն այս հաղորդումը, որու ընթացքին բեմադրուած այս վիճակը պատճառ կը դառնայ ո՛չ թէ ողջագուրումի, այլ ատելութեան, տարբեր հաւատալիքներու դէմ անհանդուրժողութեան։ Միաժամանակ ստեղծուած է կացութիւն մը, երբ մահմետական հասարակութիւնն ալ չարաշահուած է իր զգացումներուն ու հաւատալիքներուն պատճառով եւ վերջիններս առարկայ դարձած են հեռատեսիլային ներկայացման մը։
Վերոնշեալ բովանդակութեամբ դիմումնագրով մը պաշտօնական գանգատ ներկայացուցած ենք Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բարձրագոյն խորհուրդ (RTÜK)։