կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-10-07 17:27
Սփյուռք

Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Այցելեց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Անդամ Շաղիկ Մարուխեան

Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Այցելեց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Անդամ Շաղիկ Մարուխեան

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան ԿԿ եւ Հ.Ե.Դ. Կեդրոնական Վարչութեան հրաւէրով, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջան այցելեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ՝ Շաղիկ Մարուխեան: Ընկերուհի Մարուխեանին պիտի ընկերակցէր նաեւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի անդամ Արթուր Խաչատրեանը, բայց ընկերոջ հօր մահուան տխուր պատճառով, ընկերը չկրցաւ ժամանել:

Այցելութեան առաջին օրը, Սեպտեմբեր 26-ին, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ՝ Անի Չաղլասեանի եւ Վալոտ Աթախանեանի ուղեկցութեամբ, Շաղիկ Մարուխեան այցելեց Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի կողմէ: Հիւրերը Սրբազան Հօր հետ զրուցեցին Հայաստանի, սփիւռքի եւ հայ եկեղեցուոյ առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ: Հիւրերը Սրբազան Հօր հետ զրուցեցին Հայաստանի, սփիւռքի եւ հայ եկեղեցուոյ առնչուող տարբեր հարցերու շուրջ:

Նոյն օրը, երեկոյեան, ընկերուհի Շաղիկը ընկերական հանդիպում մը ունեցաւ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի գաղափարակից ընկերներուն հետ, ուր զեկուցեց Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ներկայ կացութեան մասին, ներկայացուց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի աշխատանքներն ու ծրագիրները եւ սպառիչ կերպով պատասխանեց ընկերներուն յուզող բազմաթիւ հարցումներուն:


Շաբաթավերջին, ընկերուհի Շ. Մարուխեան մէկ ու կէս օր անցուց Մասաչուսէցի Մարլպօրօ քաղաքին մէջ հաւաքուած երէց Հ․Ե․Դ․-ականներու հետ: Ներկայ էին նաեւ Հ․Ե․Դ․-ականներ Գանատայէն եւ Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան ափէն: Յատուկ զեկոյցով մը, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամը փոխանցեց Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ներկայ կացութիւնը, Հ․Յ․ Դաշնակցութեան տեսակէտներն ու այլընտրանքային ծրագիրները, ՀՅԴ սփիւռքահայ կառոյցներէն, մասնաւորաբար երիտասարդութենէն սպասուած ակնկալիքները եւ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու վտանգները:

Սեպտեմբեր 30-ին, Պոսթընի “Բաբգէն Սիւնի” ակումբին մէջ, ընկերուհին հանդիպում ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Պոսթընի, Փրովիտէնսի, Ուսթըրի եւ Լօուըլի կոմիտէութիւններու ընկերներուն հետ, ուր ամփոփ զեկոյցէ մը վերջ, ան պատասխանեց ընկերներու բազմաթիւ հարցումներուն:

hairenikweekly.com