Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ապստամբութիւնը Թուրքիոյ մէջ կ’աճի, կ’անցնի մէկ գաւառէն միւսը: Հազիւ թուրքերը ահագին ուժեր կը շարժեն շրջանի մը դէմ, եւ ահա ապստամբութիւնը կը պայթի մէկ ուրիշի մէջ:
Վանի դէմ ղրկեցին կանոնաւոր հետեւազօրքի եւ հրետանիի մեծաթիւ ուժեր, մեծ քանակութեամբ ասկերներ կեդրոնացուցին Մուշի շրջակաները. ու ահա ապստամբութիւնը ընդգրկեց ամբողջ հարաւային Վասպուրականը, Բաղէշի, Տիգրանակերտի եւ Խարբերդի մէկ մասը:
Սկիզբը թուրքերը առանձին կարեւորութիւն չտուին դէպքերուն: Կը կարծէին, որ քիւրտերը պիտի կարենան գլուխ հանել: Այդպէս չեղաւ սակայն. անպաշտպան հայ գիւղացիները անոնք կրնային մորթել, ու այդ գործին համար աւելի լաւ վարպետներ պէտք չէին: Բայց երբ հարկ եղաւ ոչ թէ անպաշտպանները մորթելու, այլ` ճակատելու սպառազէն մարտիկներու խումբերուն դէմ, զորս կազմած էր յուսահատութեան հասցուած հայ ազգաբնակչութիւնը, այն ատեն քիւրտերը իրենց անկարողութիւնը ցոյց տուին:
Ապստամբներու դէմ կանոնաւոր զօրքերու բազմութիւն մը շարժեցին, ու հակառակ ատոր` ապստամբները կը դիմանան: Ինչպէ՞ս կ՛ընեն անոնք ատիկա, ո՞ւր տեղի կ’ունենան կռիւները, որո՞նք են կանգնած ապստամբներու գլուխը. ցարդ հաստատապէս յայտնի չէ…
Մէկ բան միայն յայտնի է. Վանի շրջանի ապստամբներուն գլուխը կանգնած է Արամը եւ բուռն կերպով կը պայքարի ամէն կողմէ արշաւող թուրքերու դէմ:
Արամի կեանքը հայ յեղափոխականի տիպական կեանք մըն է:
Արամ Մանուկեանը ծնած է Ղարաբաղ (Կովկաս), 70-ական թուականներու վերջը, ուսանած է Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ, ուրկէ ելած է հայ յեղափոխականներու ամբողջ ընտանիք մը: Դպրոցը աւարտելուն պէս այդ տաղանդաւոր պատանին, մէկդի նետելով բարձրագոյն կրթութեան գաղափարը եւ խաչ քաշելով անհատական կեանքի ասպարէզին վրայ, անցաւ Թուրքահայաստան: Զինք կը գրաւէր Վանը, կը գրաւէր հայ յեղափոխականի փշոտ ճանապարհը: Այնուհետեւ, երկու տասնեակ տարիներէ աւելի աշխատեցաւ Թուրքիոյ մէջ ու անցաւ դաշնակցականի ամբողջ ուղին:
Պրոպագանդիստ էր: Հայաստան կը տանէր Րաֆֆիի գիրքերը եւ թարգմանական պրոշիւրներ` պուլկար եւ սերպ յեղափոխութեան շրջանին վերաբերող: Կրակոտ խօսքով կը ջանար արթնցնել ճնշուած հայ ռայան, վիզը հնազանդօրէն դահիճ քիւրտի կամ ասկերի դանակին երկնցնող այդ ստրուկը դարձնել քաղաքացի, որ իր կեանքն ու պատիւը կը պաշտպանէ զէնքը ձեռքին:
Կազմակերպող էր: Թերթերու, գիրքերու եւ զէնքի պահեստներ կը հիմնէր, խումբեր կը կազմէր ու կը խրատէր զանոնք` զէնքով հաստատել դաշնակցականներու այն խօսքը, թէ` անհրաժեշտ է դիմադրել դահիճներուն:
Եւ, վերջապէս, ինքն ալ կ’երթար այդ խումբերուն հետ. խմբապետ էր:
Թուրքերը գիտէին Արամին ով ըլլալը, կը վախնային անկէ ու իբրեւ գազանի մը` կը հալածէին…
Արամի գլուխը գնահատուած էր 500 ոսկի: Ցերեկները ան կ’անցընէր տուներու նկուղներուն, լեռներու ծերպերուն, երբեմն ալ ջրհորներու մէջ, իսկ գիշերը գործի կ’ելլէր: Այսպիսի կեանքով Արամը ապրած է քանի մը տարի: Ու ան բացառութիւն չէ. հայ յեղափոխութեան ծանօթ «մեծ հայրը»` Վարդանը, որ այսօր կամաւորներու ամենամեծ խումբին ղեկավարն է, կը պատմէր, թէ ինք քանի անգամ Վան եղած է, բայց չի ճանչնար այդ քաղաքը, որովհետեւ ցերեկով երբեք փողոց ելած չէ:
Վերջապէս թուրքերը յաջողեցան բռնել Արամը, սահմանադրութենէն քիչ ատեն առաջ: Արամը ենթարկեցին ոչ միայն բանտային խիստ ռեժիմի, այլեւ` տանջանքներու. կը խոշտանգէին, անօթի եւ ծարաւ կը պահէին, հատ-հատ կը փետտէին մօրուքին եւ պեխերուն մազերը` պահանջելով, որ ցոյց տայ պահեստներու եւ ընկերներու տեղերը: Արամը համբերութեամբ տարաւ այդ ամէնը. ոչ մէկ ցուցում տուաւ եւ քանի մը ընկերներու հետ մահուան դատապարտուեցաւ:
Կախաղաններ կառուցեցին… Հաստատ քայլերով, խումբ մը ընկերներու գլուխը անցած, դիմեց դէպի կառափնատ այդ հիւծուած, բայց տակաւին հպարտ ու աննկուն մարդը: Ու երբ այդ կորովի, միջակէն բարձր, սեւ կրակոտ աչքերով, թաւ յօնքերով եւ պեխերով դէմքը մօտեցաւ կախաղանին, յանկարծ խուլ աղմուկ մը անցաւ քաղաքին վրայէն: Ամբոխը փշրեց կախաղանը, չքացան դահիճները եւ պահապանները: Արամը դատապարտեալէ յաղթանակող դարձաւ: Այդ փոփոխութիւնը սահմանադրութեան հռչակման լուրն էր, որ յառաջ բերաւ:
«Անլեկալ» կեանքը, ըստ երեւոյթին, արդէն ընդ միշտ վերջացած էր: Ու Արամը ուրիշ դաշնակցականներու հետ խաղաղ գործունէութեան սկսաւ. կը հիմնէր դպրոցներ, գրադարաններ, ընթերցարաններ: Սակայն ծանր զրկանքներէ խանգարուած առողջութիւնը անոր ստիպեց` երթալ Սեւ ծովի ափը ու հոն` Օրտուի մէջ կը հոգար իր ապրուստը ուսուցչի համեստ ամսականով: Երկու տարի ետք ան նորէն Վան է ու նորէն` նոյն անդուլ աշխատանքը…
Վերջին տարիները կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը լարուէր. անցաւ այն ժամանակը, երբ Երիտասարդ թուրքերը ազատամտութիւն կ՛ընէին եւ մօտիկութիւն ցոյց կու տային փոքր ազգերու ներկայացուցիչներուն: Դաշնակցականներուն կը սպառնար միշտ բանտը. եթէ չըսենք` վարձկան մարդասպանի մը դանակը: Արամը մինչեւ վերջ մնաց իր դիրքին վրայ:
Կորովի, իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրած` ան հասկցուեցաւ ու սիրուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, ու ինքն ալ հաւատքով լեցուեցաւ դէպի ժողովուրդը:
Ու փորձութեան օրերուն, երբ հայ ժողովուրդը զէնքի դիմեց, դէպքերու ալիքը բարձրացուց այդ 35-37 տարեկան, բայց արդէն փորձուած խմբապետը, եւ ան անցաւ Վանի ապստամբներուն գլուխը:
Ֆ. ՍԻՊԻՐՍՔԻ
aztagdaily.com