կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-05-15 11:50
Աշխարհ

«Ուզում են մոռանալ, որ ՀՅԴ-ից է ծնվել Քրիստափորը, Ռուբենը, Արամը, Նժդեհը, Չավուշը, Լիզբոնի սուրբերն ու Վիգենը»

«Ուզում են մոռանալ, որ ՀՅԴ-ից է ծնվել Քրիստափորը, Ռուբենը, Արամը, Նժդեհը, Չավուշը, Լիզբոնի սուրբերն ու Վիգենը»

Լիբանանում կայացել է Արցախյան ազատամարտի լիբանանահայ հերոս Վիգեն Զաքարյանի հիշատակին նվիրված հուշ-միջոցառում:

Աղբյուրը` Aztagdaily

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ  արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան տարելիցին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ակումբին «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մանօ Քրտոքեան, որ անդրադարձաւ Վիգէն Զաքարեանի անձնազոհութեան, անոր նուիրումի ոգիին, իր անձը հայրենի հողին նուիրելու պատրաստակամութեան` դիտել տալով, որ, թէեւ ան չտեսաւ յաղթանակը, սակայն մասնակից դարձաւ անոր կերտման: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ այսօր Վիգէն Զաքարեան մեզմէ հեռու է, սակայն իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար ան կը հանդիսանայ ներշնչարան, հայօրէն ապրելու եւ պայքարելու պատգամաբեր: Իր խօսքի աւարտին Մանօ Քրտոքեան ԼԵՄ-ականներուն անունով ուխտեց շարունակել Վիգէն Զաքարեանի նման հերոսներու սուրբ գործը, մնալ արթուն պահակը հայկական իրաւունքներուն, հասնիլ որեւէ ձեւով իր հայորդի եղբօր կարիք ունեցող անհատի:

Օրուան բանախօսն էր Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ Վիգէն Զաքարեանը նկատեց գերագոյն զոհաբերութեան եւ նուիրումի օրինակ համայն լիբանանահայութեան եւ ի մասնաւորի դաշնակցական երիտասարդութեան համար` դիտել տալով, որ ան ու իրեն նման նահատակներ, որոնք Դաշնակցութեան ծոցէն ծնունդ առած են, Դաշնակցութեան շունչով դաստիարակուած եւ Դաշնակցութեան ընդմէջէն ծառայած են հաւաքականութեան, նոյնիսկ զոհաբերելով իրենց արիւնը, մեզմէ կը պահանջեն կամք` շարունակելու սրբազան գործը, որուն համար իրենց արիւնը նուիրագործեցին:

Դաշնակցութեան պատմութիւնն ու դերակատարութիւնը ստորագնահատելու փորձերուն անդրադառնալով` Ր. Տեմիրճեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը այսօր շատերուն աչքին փուշն է: Այդ բամբասողները մոռցած են եւ կամ ալ կ՛ուզեն մոռնալ, որ հայ ժողովուրդի վերջին աւելի քան հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ամենավատ պայմաններուն մէջ եղած է հաւաքականութեան փրկարարը: Անոնք կը մոռնան, որ Դաշնակցութեան ճիգերով հայու միտքը ազատագրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան լուծէն: Կը մոռնան, որ 1918-ի մայիսեան յաղթանակի առաջնորդն ու հաւաքագրողը Դաշնակցութիւնն էր: Կը մոռնան, որ Խորհրդային Միութեան լուծին տակ, երբ հայրենիքին մէջ Եռագոյնը մերժուած էր, Դաշնակցութիւնը ինքն էր Եռագոյնը բարձր պահողը, մինչեւ որ այսօրուան իշխանութիւններու աթոռներուն վրայ նստող նոյնինքն ղեկավարներն ու անոնց հայրերը հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս ամբողջովին ազատագրուին խորհրդային լուծէն ու վերսկսին բարձր պահել Եռագոյնը:

«Անոնք կը մոռնան, որ հայրենիքէն հեռու Դաշնակցութիւնը հայապահպանման հոլովոյթին մէջ ռահվիրայի դերը վերցուցած էր, եւ տակաւին անապահով պայմաններու մէջ զէնքով պաշտպանած էր հայկական թաղամասերը: Տակաւին շատեր կը մոռնան, որ արցախեան ազատագրական պայքարին մէջ Դաշնակցութիւնը շունչն ու ոգին էր, միակամութեան ցուցանիշն էր: Անոնք կը մոռնան եւ կամ կ՛ուզեն մոռնալ, որ Դաշնակցութեան ծոցէն ծնած են Քրիստափորը, Ռուբէնը, Արամը, Նժդեհը, Չաւուշը, Լիզպոնի սուրբերը, Մհերը եւ Վիգէնը: Դեռ շարքը երկար է եւ ժամեր կարելի է թուել, մատնանշել…», ըսաւ բանախօսը:

Մանրամասները` սկզբնաղբյուրում: