Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ապրիլեան Եղեռնը ուժգնօրէն դրոշմուած է հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ, որպէս մեծագոյն աղէտ, որուն ենթարկուած է հայ ժողովուրդը երբեւիցէ իր պատմութեան ողջ ընթացքին: Եղեռնի հետեւանքները ահաւոր բացասական ազդեցութիւն ձգած են ու տակաւին կը շարունակեն ձգել հայ ժողովուրդի վերջին 98 տարիներու ընթացքին վրայ:
2013-ին կը լրանայ Հայկական Ցեղասպանութեան 98 ամեակը, իսկ Ապրիլ 24-ը որպէս Մեծ Եղեռնի զոհերու ոգեկոչման օր նշելու 94 ամեակը: 1919 թ. Մարտին Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած արեւմտահայ խումբ մը մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ Կ.Պոլսոյ մէջ ստեղծուեցաւ յատուկ յանձնաժողով մը, որուն գլխաւոր նպատակը Մեծ Եղեռնի զոհերու չորրորդ տարելիցի կապակցութեամբ յիշատակի միջոցառումներու կազմակերպումն էր:
Յանձանաժողովը, որը յայտնի էր «Ապրիլ Տասնմէկի Սգահանդէսի Մասնախումբե անունով, իր մէջ ընդգրկած էր 13 անդամներ: Յանձնախումբի յամառ ջանքերու շնորհիւ էր, որ Պոլսոյ իրականութեան մէջ առաջին անգամ մեծ հանդիսաւորութեամբ ոգեկոչուեց Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման այս առաջին արարողութիւնը տեղի ունեցած է 1919թ. Ապրիլ 12-ին (նոր տոմարով Ապրիլ 25) Կ. Պոլսոյ Բերա թաղամասի Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեհանգիստի պատարագը մատուցած է Մեսրոպ Եպիսկոպոս Նարոյեանը: Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Զաւէն Եղիայեանը քարոզելով ըսած է, «բոլոր այն նահատակները ցորենի հատիկներ են, հողին մէջ ծածկուած, պիտի ծլին, բազում արդիւնք յառաջ պիտի բերեն...»:
Արեւմտահայ լրագրող Յակոբ Տէր Յակոբեան, «Վերջին Լուր» թերթին մէջ անդրադառնալով օրուայ խորհուրդին նշած է.
«Այսօր, երբ մեր սիրտերը կը ճմլուին անդարձօրէն կորած այնքան թանկագին էակներու վիշտին տակ, այսօր, երբ սուգի համեստ ցոյցով մը մեր արցունքը անգամ մըն ալ թափեցինք այնքան սիրական յիշատակներու ետեւէն...անոնց բաժանման չորս ահաւոր տարիներու անջրպետը յանկարծ կը կրճատուի, եւ մենք կ'ողջունենք, կը համբուրենք զիրենք այն անբացատրելի գրկախառնումով եւ սրտազեղումով, որ եղած ըլլայ երբէք»:
Սակայն Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս սգոյ եւ յիշատակի օր ամրագրելու որոշումը ընդունուած է միայն երկու տարի յետոյ: Նամակ- առաջարկութեան հեղինակն է, նշանաւոր գրող, հասարակական-քաղաքական գործիչ՝ Վրթանէս Փափազեանը: Նամակը ուղղուած էր առաջին հանրապետութեան կառավարութեանը:
Ստորեւ նամակը՝
«Չեմ կարծում, որ մոռացուած լինեն 1915 թ.Ապրիլ 11,12 եւ 13-ի (24,25 եւ 26 Ապրիլ՝ հին եւ նոր տոմարներու միջեւ տարբերութիւնը): Այն օրերը, երբ Կ.Պոլիս եւ Հայաստանի միւս գաւառներում, նախապէս ծրագրուած դիւային մի մտածութիւնով, թուրք կառավարութիւնը, հայ ազգի բնաջնջմանը իբր ազատարար, խմբովին ձերբակալեց հարիւրաւոր հայ մտաւորականների, տանջեց նրանց բանտից բանտ եւ աքսորների ճանապարհին, յետոյ գազանօրէն մորթոտել տուաւ եւ անյայտութեան մատնեց նրանց գերեզմաններն անգամ...:
...760 նահատակներ, որոնք ընկան մեր ազատութեան արիւնալից ուղիների վրայ՝ պատուանդան դառնալով մեր այժմեան փոքրիկ, վտիտ անկախութեան համար, որ պիտի մեծանայ, անշուշտ, եւ իր լաւ օրերի մէջ հիացումով յիշէ պիտի իր 760 լաւագոյն մտաւոր ուժերին»:
Դիմելով Հայաստանի խորհրդարանի անդամներուն կը շարունակէ. «Այդ ամէնը գիտեմ, որ Հայաստանի Խորհրդարանի անդամների հոգու մէջն եւս յարուցանում է կսկծալի յուշեր եւ մորմոք...: Թոյլ տուէք ինձ ուրեմն, հայ ազգի ներկայացուցիչներ, խոնարհաբար անել ձեզ հետեւեալ առաջարկները՝ քաջ գիտենալով, որ դուք պիտի ըստ ամենայնի քաջալերէ'ք նրանց եւ առաջադրէք գործադրելու.
Ապրիլ 12-ի կամ 13-ի (25 կամ 26) օրը հռչակել համազգային սուգի օր, կանգ առնել տալ ամէն հաստատութիւն իր գործունէութեան մէջ, փակել բոլոր խանութները եւ կազմակերպել տալ ամէն տեղ, մանաւանդ կրթական հաստատութիւնների մէջ՝ սգահանդէսներ, ուր մատաղ սերունդը լսի եւ իմանայ, թէ ինչպիսի զոհերի գնով է, որ վայելում է այժմեան իր ազատութիւնը եւ ովքեր են այն նահատակները, որոնք իրենց վարդագոյն արիւնովը պսակեցին մեր անկախութիւնը:
Օրինագիծ մտցնել Պառլամենտում՝ ամէն տարի որոշ օր տօնելու մեր այդ նահատակների յիշատակը եւ առաջարկել Վեհափառ Կաթողիկոսին, որ այս տարի հայ բոլոր եկեղեցիներում հոգեհանգիստներ կատարուեն, իսկ տօնացոյցի մէջ Ապրիլ 12-ի (25) օրը նշանակուի իբր մշտական սգոյ օր՝«Յիշատակ հարիւրաւոր հայ մտաւորական նահատակների, որոնք ընկան համաշխարհային մեծ պատերազմի օրերին՝թուրքական վայրագ սրից»:Խորհրդարանի կողմէ կ'որոշուի Ապրիլ 24-ը:
1921 թ.Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յատուկ Կոնդակով Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին կը հաղորդէ Ապրիլ 11-ը (24) համազգային սգոյ օր սահմանելու մասին՝ «Ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակաց մերոց յընթացս համաշխարհային պատերազմիե եւ կը յայտնէ, որ այդ օրն այսուհետ արձանագրուած է Էջմիածնի օրացոյցին մէջ, որպէս սգոյ օր, ուստի պէտք է արձանագրուի նաեւ Պատրիարքարանի օրացոյցին մէջ:
Ապրիլ 23-ին պատրիարքական յատուկ շրջաբերականով պոլսահայ բոլոր խմբագրատուներուն կը հաղորդուի. «Այլեւս Պոլսոյ մտաւորականութեան կամ տարբեր անուններով օրեր սահմանելու տեղ մէկ օր միայն սահմանուի իբր սուգի օր, պատերազմի ու տարագրութեան շրջանի նահատակներուն համար եւ Ս. Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ այդ օրը բոլոր հայոց կողմէ միեւնոյն օրը կատարուի»:
Մ.Մանուկեան