Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ազերիական ուժերը Հինգշաբթի, 11 Մայիսին, դարձեալ յարձակում գործեցին Հայաստանի վրայ, թիրախ ընտրելով նախ հայկական բանակի Սոթքի դիրքերը, իսկ աւելի ուշ՝ Նորաբացը: Առաջինը՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւելքի սահմանին, իսկ երկրորդը՝ Երեւանի հարաւը: Երկուքն ալ բաւական հեռու՝ եւրոպացի դէտերու նստավայրէն՝ Եղէգնաձորէն… (տեսնել քարտէս վրայ, յաջորդաբար 1, 2 եւ 3): Սա նոր յիշեցում էր, որ Արցախէն հրաժարող Երեւանի իշխանութիւնները չեն կրնար երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնը:
Ըստ Սոթքի շրջանի բնակիչներուն, սա «սովորական կրակոցներ-»ուն շարքին կարելի չէ դասել, այսինքն, հասկցէ՛ք, ազերիները ամէն օր սովորութիւն դարձուցած են կրակել, ինչպէս կ’ընեն Արցախի մէջ եւ սահմանային այլ շրջաններու վրայ: Այս անգամ, ռմբակոծած են ու հրթիռներ արձակած, հայկական ուժերը հակադարձած են, ունինք քանի մը վիրաւոր, իսկ թշնամին ունի զոհ եւ վիրաւոր: «Երկրորդական մանրուք» մըն ալ. Սոթքի ոսկիի հանքին աշխատաւորները նոյն պատճառներով շաբաթներէ ի վեր «պարտադիր արձակուրդի մէջ են», վաղը, անոնց տեղ ազերիներ կրնան գործի բերուիլ, եթէ շրջանը ի վերջոյ իջնէ Ատրպէյճանի ստամոքսը:
Առակս ի՞նչ ցուցանէ. այն՝ որ եթէ պաշտպանական ուժերը իրենց առաքելութիւնը կատարելու առիթ ունենան, կրնան զսպել թշնամին, չեն մնար թոյլ ու նահանջելու պատրաստ վիճակի մէջ: Մօտաւորապէս նոյնը չեղա՞ւ Տեղի բախումներուն: (Արդեօք Սոթքի վրայ յարձակումին հակադարձողները պատժական տնօրինումի պիտի ենթարկուի՞ն՝ ազերիներ սպաննած ու վիրաւորած ըլլալու յանցանքով. Փաշինեան արդեօք ներողութիւն պիտի խնդրէ՞ «արխատաշ» Ալիեւէն):
Նորաբացի վրայ յարձակումն ալ ուշագրաւ է. յայտապէս կատարուած է Նախիջեւանէն: Վերջերս շշուկներ շրջան կ’ընեն, որ ազերիները կը պատրաստուին Սոթքի մօտակայ գիւղերը գրաւել (իրենց տրամաբանութեամբ՝ «վերատիրանալ» անոնց), ու կը յուշեն, որ Հայաստանի վարչապետը ատենին տրամադրութիւն ցոյց տուած էր ազերիներուն մէկէ աւելի անցքեր շնորհելու Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, մէկը՝ Սոթքէն, միւսը՝ Ջերմուկէն, այլք՝ աւելի հարաւէն:
***
Եւ յանկարծ… հոգեփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ. կառավարութեան նիստին, Փաշինեան ազերիական այս յարձակումները կը նկատէ խաղաղութեան ծրագիրին դէմ սադրա՜նք: Փաշինեան կը խօսի այն լեզուով, որով ընդդիմադիրները, իր տրամաբանութեամբ՝ «նախկինները», կրկին ու կրկին զգուշացուցած են զինք:
Մի խաբուի՜ք (այս մարդը խաբելու վարպետ է): Ան նոյն նիստին կը վերահաստատէ, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները շարունակելու համար, Պրիւքսէլ եւ Քիշինեւ պիտի երթայ յառաջիկայ շաբաթներուն, պիտի ապաւինի արեւմուտքցիներու բարեխմա՜մ միջնորդութեան:
Մեր ժողովուրդը, դառն իրականութիւնները բաց աչքով դիտողները իրաւունք ունին հարց տալու. սա ի՞նչ տեսակի խաղաղութիւն է, որուն պոչը չեն կրնար ձգել վարչապետը եւ իր «ուսապարկերը»: Եթէ Ատրպէյճան – նաեւ Թուրքիա – բանիւ եւ գործով կը շարունակեն թշնամական արարքներն ու սպառնալիքները, Երեւանի վարիչները ինչի՞ մասին եւ որո՞ւ հետ կը բանակցին, ո՞ւր հասնելու համար: Չէ՞ որ քանի մը օր առաջ կառավարութեան ղեկին նստողը յայտարարած էր, որ Ուաշինկթընի մէջ Մայիսի սկիզբին «հազար մեթրէն միայն մէկ մեթր յառաջդիմութիւն» արձանագրուած էր, այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ հիմա Ազրպէյճան կը փորձէ չէզոքացնել Ուաշինկթընի մէջ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը (հաւանաբար մոռցած է իր խօսքը եւ իրեն կը թելադրուի մտաբերել միայն… Պլինքընի բառերը): Իսկ սա ո՞ր արեւմուտքցիներն են, որ պիտի հրաժարին Ատրպէյճանի կողքին կանգնելէ, Հայաստանին՝ ափսէի վրայ որ զիչում հրամցնելէ:
Թող ներուի մեզի, եթէ տգեղ համեմատութիւն մը ընենք եւ յիշենք մեր ժողովուրդին մէկ իմաստուն խօսքը. «Համեստ, երկարականջ չորքոտանին մէկ անգամ կ’իյնայ նոյն փոսին մէջ»: Մէկ անգամ իյնալու իրաւունքը ունի, որովհետեւ գաղափար չունի երկաթէ շերեփին մասին: Երկաթէ շերեփը ուղենիշ է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է չիյնալ նոյն փոսը:
***
Ազգային ժողովի անդամ ընդդիմադիր պատգամաւոր մը զարմացեր է, որ ազերիական յաճախակի յարձակումներուն մասին՝ եւրոպացի դէտերը կը յամառին լուռ մնալ:
Ազնիւ տիկինը իրաւունք ունի, որովհետեւ դէտերը Հայաստան բերուեցան փողով-թմբուկով, ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ ո՛ւր որ է, անոնց ժամանումը վերջնականապէս պիտի զսպէ ազերիական յարձակումները: Ահա անցեր է մօտաւորապէս 3 ամիս եւ անոնց լեռնէն մրջիւն մը իսկ չէ ծնած (իսկ կատուները կերած են մուկերը):
Բա՜յց… ինչո՞ւ մեղադրենք եւրոպացի դէտերը: Մոռցե՞ր ենք, որ իմաստո՜ւն եւ հեռատե՜ս վարչապետը ի՛նչ առաքելութեամբ զանոնք բերած էր Հայաստան: Չէ՞ որ յայտարարած էր, թէ անոնք կը բերուին, որպէսզի ստուգեն, որ հայկական եւ «Հայաստանը վտանգի մատնող» ռուսական ուժերը միասնաբար յարձակում չեն գործեր Ատրպէյճանի վրայ: Չէ՞ որ Փաշինեան եւ կողքին քալողները շա՜տ աւելի նախանձախնդիր են Ատրպէյճանի ապահովութեամբ, չէ՞ որ սխալ կը նկատեն ատենին եւ տեղի՛ն «Երկաթէ շերեփ» գործածողներուն՝ «Նեմեսիս»-ը իրականացնողներու յիշատակին կանգնած յուշակոթողին զետեղումը:
Հոս ալ չաճապարենք եզրակացութիւններու հասնելու. Փաշինեան եւ իր «կողակիցներ»-ը հաւանաբար կը պատրաստուին եւրոպացի դէտերն ալ արձանագրելու մեղադրեալներու ցանկին. «նախկիններ»-էն եւ ռուսական ուժերէն ետք՝ եւրոպացի դէտե՞րը…
***
Իսկ այսօր ո՞վ կը յիշէ Արցախի պաշարումը, հայաթափումի եւ նոր ցեղասպանութեան վտանգը (յիշեցի՞ք Հիթլէրի խօսքերը): Ո՞վ կը յիշէ, թէ Հայաստանէն պատառիկներ խլուած են ազերիներուն կողմէ, Ալիեւ չէ հրաժարած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ին տիրանալու յոխորտանքներէն եւ այս օրակարգով է որ կ’երթայ հայ իշխանաւորներուն հետ բանակցութեան, այս օրակարգին յառաջ մղումը կը նկատէ բանակցութեանց մէջ յառաջդիմութիւն: Ի՜նչ եւրոպացի դէտ, ի՜նչ Արցախ, արցախցիներու ի՞նչ իրաւունք:
Երեւանի իշխանաւորները քանի՞ ձեւով պէտք է յայտարարեն, թէ իրենք անկարողներու բանակ մըն են, բանակցութիւններուն կ’երթան անբանի տրամաբանութեամբ ու թշնամիին նոր նուէրներ շնորհելու պատրաստակամութեամբ, իրենց ձեռք բրած ձախաւեր համաձայնութիւններն իսկ փոշիացնելու հաստատ կամքով:
…Պէտք ունի՞նք կրկնելու. մեր փրկութիւնը հայրենապաշտպաններու ձեռքերուն միացման ճամբով պիտի ըլլայ, անրջային (ո՛չ իսկ անրջային) խաղաղութիւն մուրացողները ընելիք չունին այլեւս, իսկ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ եւ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւնները իրարմէ զանազանել չկրցող՝ անոնց հաւատացողներն ու վստահողնե՞րը…: «Ողբամ մեռելոց»:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Հայրենիք»