Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Իրերու ներկայ դրութեան մէջ, հայ քաղաքական միտքը պարտաւորուած է այս հարցումին տալու իրապաշտ, խորքային, համակողմանի և անկեղծ պատասխան, քանի որ Ռուսաստանի դերը միշտ եղած է կենսական և առանցքային հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան և մեր ժողովուրդի գոյութեան համար։ Ան կենսական է մանաւա՛նդ այսօր։
Ճիշտ կամ սխալ՝ հայ անկախ պետականութիւնն ու ժողովուրդը դրած են շատ մեծ գրաւ մը ռուսական ուժի կենսականութեան վրայ։ Պատմական մեծ յանձնառութի՛ւն մը՝ որ վաղուց անցած է քաղաքականութենէն անդին և դարձած է մշակոյթ, դարձած է լինելիութեան գրաւական։ Հետևաբար մեր կապը Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան եզրերուն հետ պարագայական չի կրնար ըլլալ։ Մենք պիտի վերաբերուինք Մոսկուայի արտաքին քաղաքականութեան հետ «տիրոջ» իրաւունքներ ունեցողի մտայնութեամբ և կեցուածքով։ Առաւել ևս այսօ՛ր՝ երբ մենք – փաշինեանական իշխանութեան քաղաքականութեան հետևանքով – մեծ չափերով կորսնցուցած ենք այդ կապը։ Այսօր, մեր առջև դրուած խնդիրը հետևեալն է։ Նկատի առնելով, որ բացառապէս բախտորոշ և կենսական է մեր կապը Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ, նոյնքան կենսական է, որ այդ կապը տարածուի Ռուսաստանի ներքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս։ Չի բաւեր ըսել, որ Ռուսաստանը մեր ռազմավարական դաշնակիցն է և հոն կանգ առնել։ Պայման է, որ մենք լիարժէքօրէն «յանձն առնենք» այդ կենսական փոխ-յարաբերութիւնը և տանինք հոն, ուր մեր ազգային գերագոյն շահերն են իրենց բարդ կառուցուածքով։
Եզրակացութի՛ւն։ Ռուսաստանի հետ այսպիսի որոշիչ և կենսական փոխառընչութիւններով ապրող Հայաստանը, վաղուց պէտք է «նստած» ըլլար Մոսկուայի ներքին քաղաքական կեանքի մայրուղիին վրայ և իր գոյութիւնը արմատաւորած։ Փաստը այն է, որ այդ մէկը տեղի չէ ունեցած։ Եթէ պիտի ընդունինք, որ Ռուսաստանը մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, կարևոր է, որ (ա) յստակօրէն սահմանենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ, այս պարագային, «ռազմավարական դաշնակից» իմացութիւնը, (բ) վստահ ըլլանք, որ մենք և այդ դաշնակիցը նոյն սահմանումէն բխող վարքագծով կը գործենք իրական կեանքի մէջ և (գ) ընենք այնպէս, որ այդ փոխ-յարաբերութիւնը ամրապնդուած ըլլայ լծակային շօշափելի և ազդու հակակշիռներով…Ռազմավարական որևէ դաշինք միշտ ալ եղած է ապրող օրգանիզմ, որ ենթակայ է ամէնօրեայ կերպարանափոխութիւններու և մաշումի։ Զայն պէտք է քննարկել ամէն օր, զայն պէտք է ապահովել նորանոր գործիքներով և զայն վերածել փոխ-սնուցիչ (symbiotic) կենսագործօնի։
Հասուն պետութիւններու վերին վարչամեքենային մէջ գոյութիւն ունի Անվտանգութեան Պետի հաստատութիւնը յարակից Անվտանգութեան Խորհուրդով։ Այս կառոյցներու առաքելութիւնն է յիշեալ երկրի ռազմավարական դաշինքներու ամէնօրեայ վերահսկողութիւնը։ ԱՄՆ-ի նախագահի շուրջօրեայ խնդիրն է այս ոլորտի քննարկումն ու հարցերու տնօրինումը։ Արևը երբեք մայր չի մտներ որևէ երկրի ռազմավարական համակարգի կենսագործունէութեան վրայ։
Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ մենք չարաչար թերացած ենք «ռազմավարական դաշնակից» ձևաւորելու այս բարդ ու բազմաշերտ գործին մէջ։ Կը պարզուի, որ մեր դիւանագիտութիւնը Մոսկուայի մէջ եղած է թոյլ, մակերեսային և ոչ-համապատասխան մեր ազգային առաջնահերթութիւններուն։ Թող ներուի ինծի ըսել, որ մենք եղած ենք սնանկ նոյնիսկ ճամբայ ելլելէ առաջ։
Փոխարէնը՝ Ալիև ըրած է ճիշտ հակառակը։ Իր ռազմանիւթային հսկայածաւալ գնումները ան վերածած է լծակային ուժի և… գործնականօրէն գրաւած է Մոսկուան։ Այդ ծաւալի առևտրական յարաբերութիւնները որևէ երկրի հետ (և յատկապէս Ռուսաստանի՛), իրենց էութեամբ, կը դադրին զուտ առևտրական ըլլալէ և կը վերածուին քաղաքականի։ Յետոյ նաև ռազմավարականի։ Յետոյ նոյնիսկ գոյութենականի։ Անոնք կ՚ըստեղծեն մագնիսութեան հզօր դաշտեր։ Շուկան կը վերածեն իսկական ռազմադաշտի։ Ալիևը իր մեծագումար գնումներով ոչ միայն սպարազինեց իր բանակը, այլև Ռուսաստանէն գնումի իր գործողութիւններո՛վ իսկ ան պատերազմ մղեց Հայաստանի և Արցախի դէմ…Ան իր պատերազմը յաղթանակով պսակեց ռազմական գործողութիւններ սկսելէ շատ առաջ։ Ան մեր հացը մեր ձեռքէն խլեց Մոսկուայի մէջ իսկ։ Եւ ան ամուր խցեց Մոսկուայի դռները մեր առջև։
Պէտք է ենթադրել աւելի՛ն։ Այսպիսի սերտակցութիւնը կողմերու միջև (այս պարագային Ալիևի և Մոսկուայի) միշտ ալ կ՚առաջնորդէ յատուկ անձնական յարաբերութիւններու։ Պէտք է անվարան ակնկալել, որ առևտրական յարաբերութիւններուն զուգահեռ ձևաւորուած ըլլան շատ յատուկ անձնական շահեր Մոսկուայի establishment-ին և Ալիևի միջև։ Պէտք է ենթադրել, որ այդ մանուածապատ յարաբերութիւններու խաղին մասնակից եղած ըլլան նաև Թուրքիան և Իսրայէլը։ Պէտք չէ անհաւանական համարել, որ բոլորովին անձնական հողի վրայ օֆշորային հաշիւներու մեծ պարարտացումներ տեղի ունեցած ըլլան և ռուսևազրպէյճանական յարաբերութիւնները տարած բոլորովին նոր մակարդակներու։ Այս մասին յստակ տեղեկութիւններ չկան և անոնք առայժմ կը պատկանին վարկածային ոլորտին։ Բայց այդ ենթաշխարհը անվիճելիօրէն գոյութիւն ունի մեր ներկայ աշխարհակարգին մէջ և ուր կը ճշտուին շատ մը ճակատագրեր։ Ներառեա՛լ՝ մերը։ Հետևաբար որևէ երկրի յաջողութեան բանալին պէտք է փնտռել ոչ միայն տեսանելի աշխարհին մէջ, այլ նաև այդ իրականութիւնը սնուցող ենթաշխարհներուն։
Մէկ բան յստակ է։ Ալիև իր յաղթանակը «գնեց» Մոսկուայէն, երբ 44-օրեայ Պատերազմը դեռ չէր իսկ սկսած։ Եւ յստակօրէն տեղի ունեցաւ ալիևեան չարաշուք հրաշքը հազարաւոր հայ զինուորներու նահատակման գնով…ՄԵՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՅԱՆԿԱՐԾ ԴԱԴՐԵՑԱՒ ԳՈՐԾԵԼԷ ԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐԷՆ ՄՂՈՒԱԾ։ ՓՈԽԱՐԷՆԸ ԳՈՐԾԵՑ ԱՅՍՕՐ ԱՅԴ ՇԱՀԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆՈՂ ՈՒԺԻՆ՝ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ESTABLISHMENT-Ի ՇԱՀԱՏԻՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ, ԲԱՅՑ ԱՅԼԵՒՍ ԱԼԻԵՒԻ ՀԵՏ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՋ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԱԾ։
Մենք պարտուեցանք ոչ թէ Ալիևի ռազմական գերակայութեան դիմաց, այլ ռուս մեծապետական համակարգի ներքին երկուութեանց ՈՐՊԷՍ ՀԵՏԵՒԱՆՔ։ Մոսկուա որոշեց չմիջամտել պատերազմի առաջին տասը օրերու ընթացքին և գիտակցաբար թոյլ տուաւ, որ մենք ընկղմինք։ Ասիկա կարելի չէ բացատրել միայն փաշինեանական իշխանութեան ապիկարութիւններով։ Իր ռազմավարական շահերով առաջնորդուող Ռուսաստանը պիտի անպայման միջամտէր և զսպէր Ալիևի յառաջխաղացքը… Այսպէս Է, որ պիտի գործէր ռուս մեծապետական մեքենան։ Այսպէս չգործեց։ Այս բանը պէտք է յստակ և տրամաբանական բացատրութիւն ստանայ։
Մենք կորսնցուցինք լինելիութեան երաշխիք հանդիսացող բոլոր մեր ռազմավարական դիրքերը, որոնք գոյաւորուած էին աւելի քան երեսուն տարիներու արիւնով, քրտինքով և հանճարով։ Անոնք գոյաւորուած էին երեսուն և աւելի տարիներու ռուս-հայկական ռազմավարական դաշինքով։ Մոսկուան թոյլ տուաւ, որ մեր անվտանգութեան համակարգը փոշիանայ։ Այդ համակարգը որքան հայկական՝ նոյնքան և ռուսական ռազմավարական շահերու խարիսխն էր տարածաշրջանին մէջ։ Մենք փուլ եկանք որպէս պետականութիւն Մոսկուայի իսկ ուշադիր աչքերուն առջև և Մոսկուայի նախագիտութեա՛մբ։ Գործնականօրէն, Մոսկուան գործեց մեր և իր թշնամիի դիրքերէն։ Ասիկա մերկ փաստն է։ Մենք տեղեակ չենք, թէ ի՞նչ քննարկումներ տեղի ունեցան Մոսկուայի քուլիսներու ետին այդ օրերուն։ Կա՞ր բանավէճ։ Կա՞ր soul searching։ Գիտենք մէկ բան։ Հայ-ռուսական ռազմավարական դաշինքը իր փոխադարձ պիտանիութեան փորձաքննութիւնը չկրցաւ անցընել։ Այսինքն՝ գործնականօրէն ան դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ հայ պետականութեան կեանքի ամենէն ճակատագրական վայրկեանին։ Ինչո՞ւ։ Մեզի կը պակսէր դոյզն նախատեղեկանքն (intelligence) իսկ իրերու դրութեան մասին։ Պատերազմի նախօրեակին, Ալիև և Մոսկուա քաջ գիտէին, թէ ի՞նչ տեղի կ՚ունենար, իսկ մենք կը գործէինք ամբողջական անտեղեակութեան պայմաններու մէջ։ Եթէ ոչ ուրիշ բանի՝ այս աններելի մեղքին իսկ համար պայման է, որ փաշինեանական իշխանութիւնը պաշտօնանկութեան ենթարկուի և բերուի հանրային հաշւետւութեան։
Այսօր, յանկարծ Հայաստանի իշխանութիւնները համարձակութիւնը ունին Արևմուտքը բերելու տարածաշրջանէն ներս որպէս ռազմավարական գործընկեր արհամարհելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վաղուց հաստատուած կանոնակարգը։ Ասիկա ցուցանիշն իսկ է այն փաստին, որ Մոսկուայի կրաւորականութիւնը Կովկասի ռազմաբեմին վրայ դաշտը թողած է անտէր Արևմուտքի և Թուրքիոյ առջև։ Մոսկուա իր քաղաքականութեամբ հնարաւոր դարձուցած է ուժային պարապութեան (power vacuum) մը ստեղծումը Կովկասի մէջ, որմէ ներս համարձակօրէն կը քալեն Արևմուտքը, Իսրայէլն ու Թուրքիան և ի վերջոյ փանթուրքիզմը։
Բոլոր վերլուծումները ցոյց կու տան, որ Արևմուտքի շահագրգռութեան կիզակէտը տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը չէ. Իրա՛նն է։ Հայաստանը կոչուած է ծառայելու որպէս այդ քաղաքականութեան գործիքը։ Արևմուտքը վաղուց ընտրած է այս ուղին և այդ մէկը այսօր ենթակայ չէ փոփոխութեան։ Եթէ Արևմուտքը յանկարծ յաջողի իրականութեան վերածել իր առաջադրութիւնները Կովկասի մէջ, Ռուսաստանը կը չէզոքացուի տարածաշրջանի բեմին վրայ, Իրանը կ՚իյնայ քաոսի մէջ և թուրքևազրպէյճանական ուժը կը տիրապետէ Կովկասին։ Եւ Վրաստանն ու Հայաստանը կը մնան Թուրքիոյ քմահաճոյքին։ Պարզ չէ՞, թէ ինչպիսի աղէտ է ռուսական ուժի լուծարումը Կովկասի բեմէն։ Աղէտ՝ առաջին հերթին՝ Հայաստանի, Արցախի և հայութեան համար։
Գաղտնիք չէ, որ Արևմուտքը կը վարէ Ռուսաստանը տկարացնելու քաղաքականութիւն Կասպեան տարածաշրջանին մէջ։ Բայց ան միշտ եղած է այդ դիրքերուն վրայ և պիտի շարունակէ ըլլալ։ Այստեղ նորութիւն մի փնտռէք։ Եւ Մոսկուա միշտ ալ կրցած է առանց դժուարութեան քաշել իր կարմիր գիծերը և հաւասարակշռութիւնը (միշտ ի նպաստ Ռուսաստանի) հաստատել Կովկասը պահելով իր ազդեցութեան ծիրին մէջ որպէս աշխարհաքաղաքական տիրոյթ։ Ի՞նչ փոխուեցաւ յանկարծ, որ Ռուսաստանը մղուի իր ներկայ կրաւորականութեան։ Ինչո՞ւ յանկարծ Նախ. Փութին անհրաժեշտ համարեց համաձայնագիր ստորագրելու Ալիևի հետ (Փետր. 23, 2022) պարտաւորուելով, որ Կովկասի հետ առընչուող խնդիրներու պարագային Ռուսաստան պիտի առաջնորդուի Ազրպէյճանի գերագոյն շահերով։
Այս կնճռոտ կացութեան մէջ, պարզ է, որ մենք, որպէս անկախ պետականութիւն, իրաւունք չունինք պարտուողի անպատիւ դիրքերէն գործելու և այս քաոսային պայմաններուն ենթարկելու մեր երկիրն ու մեր ժողովուրդը։ (ա) Մենք իրաւունք չունինք Փաշինեանի պարտութեան համակարգը պահելու իշխանութեան դիրքերուն վրայ։ Այդ համակարգը վիշիական է իր բնոյթով և պէտք է դուրս դրուի ամէն գնով։ ՊԷՏՔ Է ԴՈՒՐՍ ԴՐՈՒԻ ԱՅՍՕՐ ԻՍԿ։ (բ) Մենք իրաւունք չունինք հանդուրժելու թշնամիի ուժերու ներկայութիւնը մեր հողին վրայ։ Թշնամին պէտք է գիտնայ, որ իր զինուորներու կրունկները ՀՀ սահմաններէն ներս պիտի պատժուին ամենէն դաժան ձևով։ (գ) Թշնամին պէտք է գիտնայ, որ Արցախի անկախութիւնը ենթակայ չէ սակարկութեան և իր կողմէ պարտադրուած ներկայ շրջափակումը անպայման պիտի արժանանայ համապատասխան հակադարձութեան։ ԱՌԱՒԵ՛Լ։ Թշնամին պէտք է յստակօրէն գիտնայ, որ Շուշին, Հատրուդը, Քարվաճառը, Լաչինը և միւս գրաւեալ տարածքները կը պատկանին հայ պետականութեան հողային ամբողջականութեան։ (դ) Մենք իրաւունք չունինք ձգձգելու հայկական ռազմոյժի վերականգնման հրամայական ծրագիրը։ (ե) Եւ հայ քաղաքական միտքը պիտի ընդունի, որ մենք իրաւունք չունինք Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ոլորտը յանձնելու թշնամիի տնօրինութեան։
Այսօրուան մեր մեծագոյն մարտահրաւէրն է վերականգնել Հայաստան-Ռուսաստան գործընկերութիւնը իր արժանապատիւ չափանիշներով։ Այո՛, այս բոլորէն ետք տակաւին մենք պարտաւորուած ենք Մոսկուան ընտրելու որպէս մեր կենսական շահերու կիզակէտը…Մեր գործն է Մոսկուան վերստին «խլել» թշնամիին ճանկերէն և մեր բաժինը ապահովել Մոսկուայի ուժականութիւններէն։ Ի վերջոյ պիտի հասկնանք, որ Ռուսաստանը ոչ մեր թշնամին է, ոչ ալ՝ մեր բարեկամը։ Ռուսաստանը մեր կենսական զէնքն է և մեր պարտաւորութիւնն է այդ զէնքը ձեռք բերել ամէն գնով։ Մենք իրաւունք չունինք Մոսկուան զիջելու Ալիևին։ Եւ այսօր այս հարցը դրուած է մեր առջև իր վախճանական բացարձակով։
ՄԵՆՔ «ԹԱՆԿ ՀԱՃՈԷՔ»Ը ՉՈՒՆԻՆՔ ԸՍԵԼՈՒ՝ ՈՐ ԱՅԴ ՄԷԿԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ԱՅԼԵՒՍ։ ՄԵՆՔ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆՔ ԳՏՆԵԼՈՒ ԱՅՆ ԼԾԱԿՆԵՐԸ, ԱՅՆ ԳԵՐՈՅԺԸ, ԱՅՆ LEVERAGE-Ը, ԱՅՆ ԵՐԿԱԹԵԱՅ ՇԵՐԵ՛ՓԸ, ՈՐ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՈՒԺԱՅԻՆ ԱՂԻՒՍԱԿԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԴՆԵԼՈՎ ԲԱՆԱԿՑՈՂԻ ԱՌՈՂՋ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ։ ՆԺԱՐԻ ՎՐԱՅ Է ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՅԼ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ՛Ն։ ՆԺԱՐԻ ՎՐԱՅ Է ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ։ ԵԹԷ ԱԶԳԻՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՎԻՃԱԿԻ ՉԷ ԸՍՏ ԱՐԺԱՆՒՈՅՆ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ ՏԱԼՈՒ ԱՅՍ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ, ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐՆ ԵՆ (ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ՝ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ), ՈՐՈՆՔ ԱՆՅԱՊԱՂ ՊԻՏԻ ԻՋՆԵՆ ԱՍՊԱՐԷԶ ՄԵՐ ՆԱՒԸ ԻՐ ՆԵՐԿԱՅ ՃԱՀԻՃԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԵԼՈՒ ԵՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՄԵՐ ՏԵՂԸ ԱՇԽԱՐԱՀԱԿԱՐԳԻ ԱՅՍ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ։
ԵԿԱԾ Է ԺԱՄԸ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ ԽԱԽՏԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒԱԾ ԶԷՆՔԵՐՈՎ։ ԿՈՎԿԱՍԸ ԹՇՆԱՄԻԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ ՏԵՍՆԵԼՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է։ ԲՈԼՈՐ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՔ ԱՅԴ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐՆ ԵՆ ՏԱՐԱԾԱԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԻՆՔՆԱԲԵՐԱԲԱՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԹՇՆԱՄԻԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ։ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՀԱՍՏԱՏԱԾ «ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ» ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ՓԱԿՈՒՂԱՅԻՆ ԵՆ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ԵՒ ԱՆՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱ՛Ն՝ ՆԵՐԿԱՅ ՃԳՆԱԺԱՄԻ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ։ ՌԱՀՎԻՐԱՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԵՆ ՓԱԿՈՒՂԻՆԵՐԸ ՊԱՅԹԵՑՆՈՂ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ։ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆՔ ՆՈՐ ՎԵՐԵԼՔ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ ԱՌՋԵՒ ԿԵՆԱՑ ՄԱՀՈՒ ԴԱՏԱՎՃԻՌՈՎ։
Կարօ Արմենեան