Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ հակակառավարական ցոյցերը եւ իշխանութեան ցնցումը Ռուսիոյ ուշադրութիւնը գրաւեցին: Ռուսական կողմը մտահոգուած է, որ այս երկու երկիրներուն մէջ անկայունութիւնը արտացոլայ սուրիական տագնապին վրայ եւ ահաբեկչական խումբերը քաջալերէ, որ դարձեալ զինուին, կազմակերպուին եւ իրենց ցանցերը ընդարձակեն շրջանին մէջ:
Ռուսական յայտարարութիւնը ուշացաւ լրատուական միջոցներուն մէջ, մինչ ամերիկեան կողմը կը քաջալերէր ցուցարարները եւ տեղի ունեցածը կը տեսնէր հակաիրանեան պայքարի պարունակին մէջ: Ռուսական կողմը նաեւ ունէր իր աշխարհաքաղաքական հաշիւները, անոր հիմնական նպատակն է կայունութիւն հաստատել Միջին Արեւելքի մէջ եւ շուտափոյթ լուծում գտնել սուրիական տագնապին:
5 նոյեմբերին Քրեմլինի Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերու յատուկ պատուիրակ Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահի ռուսական հարցերով խորհրդական Ամալ Ապու Զէյտի հետ: Հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ինք դէմ է, որ որեւէ արտաքին ուժ միջամտէ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին, Ռուսիա կը կանգնի Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան, միասնականութեան ու ինքնիշխանութեան կողքին եւ կը հաւատայ, որ միայն երկխօսութեամբ կարելի է լուծել ներքին քաղաքական խնդիրները: Քրեմլին նաեւ աւելցուց. «Ռուսիա անընդունելի կը նկատէ որեւէ արտաքին միջամտութիւն եւ կը մերժէ Լիբանանը դարձնել շրջանային աշխարհաքաղաքական հաշիւներու թատերաբեմ` հրահրելով կեղծ դժուարութիւններ այդ երկրին դէմ»:
Նախագահ Վլատիմիր Փութին բարեկամութեան շքանշանով պարգեւատրեց 15 անձնաւորութիւններ` մէջը ըլլալով Լիբանանի նախագահին խորհրդականը, որ յայտարարեց. «Մենք ձեզ (Ռուսիան) կը տեսնենք իբրեւ պաշտպանը մեր շրջանին մէջ այն երկիրներուն, որոնք կը տառապին Արեւմուտքի կարճատես քաղաքականութենէն, որ օժանդակեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն: Ռուսիոյ շնորհիւ այսօր կարելի պիտի ըլլայ սուրիացի գաղթականներուն վերադարձը հայրենիք»: Նախագահ Փութինին նայելով` ան ըսաւ, որ Լիբանան կը գնահատէ շրջանին մէջ Ռուսիոյ դերը, որ կը բերէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն: Ամալ Ապու Զէյտի խօսքէն յստակ էր, որ կար երկու նպատակ. Լիբանան, մասնաւորապէս նախագահ Միշել Աունի շրջանակը կ՛ուզէ հաւասարակշռել արեւմտեան ազդեցութիւնը ռուսական ազդեցութեամբ, որ գերակշռեց ամերիկեան, իրանական եւ արաբական ազդեցութիւնը շրջանին` յատկապէս Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ օգտուիլ Ռուսիոյ քաղաքական թափանցումէն` ի նպաստ երկրին քրիստոնեաներուն, իրենց երկիրը վերադարձնելով սուրիացի տեղահանուածները, որոնք կրնան վտանգ սպառնալ երկրի ժողովրդագրական պատկերին` հաշուի առնելով քրիստոնեաներուն թիւը:
29 հոկտեմբերին, երբ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի իր հրաժարականի մասին յայտարարեց, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի միասնութեան եւ գերիշխանութեան, պէտք չէ առիթ տալ արտաքին միջամտութիւններուն, եւ լիբանանցիները պէտք է յաղթահարեն ներքին տագնապը: Միւս կողմէ` ռուսական Տումային մէջ արտաքին յարաբերութիւններու խումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ Դիմատետրի իր էջին մէջ գրառում մը կատարելով` յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ ցոյցերը ունին ընկերային-տնտեսական եւ ոչ թէ քաղաքական բնոյթ: Սակայն Քոսաչեւ նաեւ զգուշացուց, որ կարգ մը քաղաքական գործիչներ կապեր ունին դեսպանատուներու եւ արեւմտեան հետախուզական կազմակերպութիւններու հետ:
Ռուսիոյ պատգամը յստակ է. պէտք է զգուշանալ արտաքին, մասնաւորապէս ամերիկեան միջամտութենէն, որ կրնայ ցոյցերը մղել դէպի այլ ուղղութիւն, եւ Լիբանանի ներկայ տագնապին լուծումը կարելի է միայն ներքին երկխօսութեամբ:
Իսկ անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ ցուցարարները կը պահանջեն մասնագէտներու կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ այսպիսի առաջարկ դժուար է իրականացնել Լիբանանի մէջ, սակայն Ռուսիա նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանի նոր կազմուելիք կառավարութեան: Արձագանգելով այս յայտարարութեան` հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի իր խորհրդականը ուղարկեց Մոսկուա` տեղեկանալու համար լիբանանեան տագնապին եւ ապագայ կառավարութեան մասին Ռուսիոյ կեցուածքին:
Այս բոլորը մեզի կը յստակացնեն, որ ռուսական քաղաքական ազդեցութիւնը Լիբանանի մէջ հետզհետէ կը հզօրանայ, եւ ատիկա կրնայ ազդանշան մը ըլլալ ներկայ տագնապին լուծման:
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ