Փոխարժեքներ
11 04 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 391.07 |
EUR | ⚊ | € 443.2 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.6567 |
GBP | ⚊ | £ 511.21 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.03 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տարեկան տօնակատարութիւնները առիթ կ՛ընծայեն յետադարձ ակնարկ սեւեռելու մօտաւոր անցեալի գործունէութեան վրայ ու յառաջիկային համար` կատարելու անհրաժեշտ բարեփոխումները:
Դաշնակցութիւնը իր գոյութեան համարեա 135 տարիներու ընթացքին իր գործունէութիւնը պատշաճեցուցած է ժամանակի փոփոխուող հրամայականներուն: Միշտ հաւատարիմ իր Ծրագիրի հաստատագրած նպատակներուն, Դաշնակցութիւնը իբրեւ առաջադրանք որդեգրած է այն, որ անմիջականօրէն անհրաժեշտ է Հայաստանին, հայութեան եւ Հայ դատին:
1990-ական թուականներուն հայ ազգի կեանքին մէջ կատարուեցաւ էական փոփոխութիւն մը: Հայաստան անկախացաւ եւ Արցախ ազատագրուեցաւ: 1918-էն 1920 տեւած առաջին անկախութենէն եօթանասուն տարի ետք, հայութեան համար այս իրողութիւնը դարակազմիկ նշանակութիւն ունէր: Անկախ Հայաստանի գոյառումով միայն արտասահմանի մէջ գործող կուսակցութիւնները, որոնց «աւանդական» բնորոշումը կը տրուի, կարելիութիւնը ունեցան հաստատուելու կամ վերահաստատուելու Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան մէջ:
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ արմատներ չունէր: Կազմաւորուած սփիւռքի մէջ, անոր բաղկացուցիչ մասերէն ոմանք թէեւ գոյութիւն ունեցած էին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, սակայն ոչ ուշագրաւ գործունէութեամբ: Դարձաւ Հայաստանի բազմաթիւ կուսակցութիւններէն մէկը, նոյնպէս ծաւալելով, վերիվայրումներով հանդերձ, քիչ ուշագրաւ գործունէութեամբ:
Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը գաղափարակից էր Համայնավար կուսակցութեան: Հնչակեանները երկար տարիներ անկախական մնալով հանդերձ, կը համարէին, որ Հայաստանի խորհրդայնացումով լուծուած է անկախութեան հարցը: Վերանկախացած Հայաստանի մէջ անոնք չկրցան ինքնուրոյն ներկայութիւն մը ապահովել եւ գոյատեւեցին իբրեւ կցորդ իշխանական այլ կազմակերպութիւններու:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ իր կազմակերպական գոյութիւնը բացայայտեց 1990 թուականի ամրան: Տիրական գլխաւոր ուժ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, Դաշնակցութիւնը խորհրդայնացումէն ետք ենթարկուած էր հետեւողական հալածանքի ու հետզհետէ կորսնցուցած իր կազմակերպական ծաւալուն կառոյցը: Ստիպողաբար վերակազմակերպուելէ եւ ծաւալելէ ետք սփիւռքի տարածքին, Դաշնակցութիւնը Հայաստան կը վերադառնար իբրեւ նախկինի շարունակութիւն, իբրեւ վերընձիւղում: ՀՅ Դաշնակցութիւնը թէեւ գործնապէս գոյութիւն չունէր Հայաստանի մէջ, սակայն դաշնակցական աւանդութիւնը, ոգին` դաշնակցականութիւնը պահպանուած էին: Դաշնակցութիւնը արագօրէն ծաւալեցաւ ու հաւատարիմ իր ծրագրային սկզբունքներուն ու գործելակերպին, յառաջատար գործունէութեան լծուեցաւ անկախութեան համար պայքարին եւ արցախեան գոյամարտին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք, քաղաքական միջավայրը խճողուեցաւ տարատեսակ կուսակցութիւններով եւ հոսանքներով: Ընդհանրապէս զուրկ գաղափարական ենթահողէ, նորաստեղծ այս կազմակերպութիւնները պղտորեցին քաղաքական կեանքը եւ զայն վերածեցին իշխանութեան տիրացման համար կրկէսի:
Հայաստանի մէջ վերակազմակերպուելով, Դաշնակցութիւնը նախկինէն եօթանասուն տարի ետք կրկին դարձաւ պետականութեան մէջ գործող կուսակցութիւն: Իր աշխատանքի ոճը պատշաճեցուած էր արտերկրի պայմաններուն մէջ գործունէութեան, գաղութներու կազմակերպութեան, հայապահպանումի եւ մասնաւորաբար Հայ դատի հետապնդման առաջադրանքներուն հետեւողութեամբ: Դաշնակցութիւնը անշեղօրէն պահպանած էր անկախութեան, ազատութեան, Հայաստանի ամբողջականութեան, հողահաւաքի ու հայահաւաքի գաղափարներուն նկատմամբ հաւատքն ու հաւատարմութիւնը: Սփիւռքի մէջ շարունակելով հանդերձ գործել նոյն տեսլականով, առաւել Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու հրամայականով, Դաշնակցութիւնը պարտաւոր էր գործունէութեան նոր ուղի մշակել իբրեւ պետականութեան պայմաններուն մէջ գործող կուսակցութիւն: Իբրեւ իշխանութեան մասնակից կամ ընդդիմադիր ճակատի կուսակցութիւն, Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը պիտի միախառնուէր Հայաստանի քաղաքական հիւսուածքին, անկէ բխած բոլոր պարտաւորութիւններով եւ երբեմն ալ` կաշկանդումներով:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը այժմէականութեան մէջ գոյատեւող կուսակցութիւն է: Անոր գործունէութեան խարիսխը, կրկնենք, իր ծրագիրն է: Ժամանակները, պայմանները եւ վայրերը կը պայմանաւորեն իր գործնական աշխատանքը: Հինի ու նորի, դուրսի եւ ներսի գործերու պարզամիտ բաղդատութիւնները խաբուսիկ են, չըսելու համար` անլուրջ: Դաշնակցութեան գործը պէտք է համահունչ ըլլայ ժամանակի ու պայմաններու հրամայականներուն:
135-րդ տարեդարձի այս հանգրուանին, Դաշնակցութիւնը` զինուած մեծ փորձառութեամբ, կը շարունակէ երիտասարդական աւիւնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ