կարևոր
2134 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2023-07-25 14:29
Հասարակություն

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Ազգային-յեղափոխական երգերու մեծատաղանդ մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան 1985-ին լոյս ընծայած է «Լիզպոն 5» խորագիրը կրող ձայներիզ եւ ձայնապնակ. երգացանկին մաս կը կազմէր «Լիզպոնի նահատակներուն» վերնագիրով երգը, որ աւելի ծանօթ է հանրութեան` «Ահա այսպէ՛ս արշաւեցիք Լիզպոն զոհուած քաջ ընկերներ» երգին առաջին տողով: Լիզպոնի հինգին գերագոյն զոհաբերութեան այս ոգեշնչող խորհուրդով է, որ 1983 թուականի յուլիս 27-ը անմոռանալի թուական մը դարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան մէջ:

Մեր ուսումնասիրութիւնը աւելի ամբողջական ըլլալու համար դիմած ենք Գառնիկ Սարգիսեանին:

Ձայներիզ-ձայնապնակին մէջ, երգեցողութենէ առաջ, կան երգին շաղկապուող խօսքեր, որոնք իբրեւ մուտք-նախաբան, Գառնիկի արտասանական կատարողութեամբ, ընթացք կու տան երգին, որ անմիջապէս կը յաջորդէ այդ տողերուն:

«Լիզպոնի նահատակներուն» երգի խօսքերուն հեղինակն է Վիգէն Յովսէփեանը, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի Կրեկ (Կրեկուար) Տումանեանին եւ Գառնիկ Սարգիսեանին:

Գառնիկ Սարգիսեանին հետ մեր յաճախակի հանդիպումներէն եզրակացուցած ենք, որ անոր համար յեղափոխական եւ ազգայնաշունչ երգերը հայութեան դէմ գործուած անարդարութեանց հանդէպ իր ներքին պոռթկումը արտայայտելու միջոց ծառայած են:

«Լիզպոնի նահատակներուն» երաժշտութիւնը հանդարտահոս է, մեղեդիին մէջ կը զգանք գաղափարա-յուզական բովանդակութեան նշանակալիութիւնը, սակայն տեղ-տեղ աստիճանաբար պոռթկումի ելեւէջներ կան:

Գառնիկի մեկնաբանութիւնը կը լսենք ջինջ հնչողութեամբ, մաքրամաքուր եւ անմրցելի, քանդակագործեալ առոգանութեամբ, որոնցմով ան կը յաջողի խօսք եւ երաժշտութիւն ներարկել մեր էութեան մէջ: Ան, ինչպէս միշտ, հոս եւս վերացած, հինգին հետ խօսող, պատգամ ունեցող քերթող-երգողն է:

Պէտք է ըսել, որ Վիգէն Յովսէփեանի երգին բառերը այդ օրուան ազատագրական պայքար մղող ու այդ գաղափարին հաւատացող երիտասարդութեան համար ոգեւորիչ, պատգամաբերի դեր կատարող էր: Օգտագործուած են պարզ բառեր, եւ գաղափարական բնոյթ ունեցող արտայայտութիւններ կը ներշնչեն ունկնդիրը: Այս բոլորին կը միանայ երաժշտութիւնը եւ Գառնիկի իւրայատուկ ձայնը, այսպիսով երգին երեք բաղադրիչները միաձուլուելով, երգը թռիչք կ’առնէ` հասնելու իւրաքանչիւր հայու սիրտ, որոնք կը հաւատան Լիզպոնի տղոց գործողութեան, գաղափարին ու Հայ դատի պայքարին:

Վերջապէս, Գառնիկ Սարգիսեան իր խորհրդաւոր ու բարձրորակ մեկնաբանութեամբ իր ժողովրդականացած «Ահա այսպէս արշաւեցիք, Լիզպոն զոհուած լաւ ընկերներ» երգով անմահացուց Լիզպոնի մարտիրոսացման խորհուրդը:

Դուք ծնունդ էիք արիւնի, ողբի ու տառապանքի
Դուք ծնունդ էիք նաեւ կամքի եւ յաղթանակի
Դուք ծնած չէիք դիտելու ցաւելու եւ մեկնելու

Ո՛չ դուք հանդիսատես չէիք, չէիք կրնար ըլլալ,
Չունէիք այդ իրաւունքը
Մեր պայքարի պատմութիւնը դերասաններ չխաղցան
Այդ պատմութիւնը թատերագիր մը չգրեց
Այդ պատմութիւնը գրեցիք դուք
Գրեցիք դուք ձեր ծնունդով ու ապա մահով
Խեղդեցիք ձեր եսը եւ վերածեցիք զոհաբերութեան
Ձեր երդումը արմատացաւ ձեր սրտին մէջ
Ու հասաք զոհաբերութեան բագինին
Իջէ՛ք երկնքէն
Ընկերացէք մեզի
Քալենք հաստատ գետնի վրայ վստահութեամբ
Ու ձեր շունչով զինուինք
Ոչնչացնենք ամէն բան
Որ կ’արդարացնէ մեր հանգիստը, մեր ընթացքը
Դառնանք կայծակ, մահացու դանակ
Դառնանք պատուհասը աշխարհին
Դառնանք փուշը իր աչքին…
Յանուն սուրբ պայքարի ընկերներ
Յանուն ձեր յարգելի յիշատակին

ԼԻԶՊՈՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Խօսք` Վիգէն Յովսէփեանի
Երաժշտ.` Կրեկ Տումանեանի եւ Գառնիկ Սարգիսեանի

Ահա այսպէս արշաւեցիք, Լիզպոն զոհուած լաւ ընկերներ,
Որ աքթովը ձեր կը կոչուիք Դրոյի ժառանգ վեհ խենթեր,
Այս կռուի փայլուն ասպետներ, Ռոստոմեան յոյսի մարտիկներ,
Յանուն ազգի ազատութեան պայթեցուցիք սուրբ հինգ սրտեր:

Ինչ սփոփանք անզօրներուն, մխիթարանք հայ խղճերուն,
Գան զոհերու նոր անդունդէն, պայծառացող տիպարը ձեր,
Դէմքերը ձեր կ’ազնուանան, կը տանջեն սրտեր անպայման,
Բայց միշտ ծանր մեր սրտերուն` յուշն է գերագոյն ձեր կամքերուն:

Ով մահուան յաղթող Դումաններ, երկաթ սրտով նոր Չաւուշներ,
Կ’երդուենք անբիծ պատուովը ձեր, ընդարձակել պայքարը մեր:
Ահա այսպէս արշաւեցիք, Լիզպոն զոհուած լաւ ընկերներ,
Որ աքթովը ձեր կը կոչուիք Դրոյի ժառանգ վեհ խենթեր,
Կ’երդուենք անբիծ պատուովը ձեր, ընդարձակել պայքարը մեր:

Լիզպոնի տղաքը` մեր հինգ «խենթ»-երը, լսեցին այդ հողին կանչը ու յանուն Հայ դատի գոյատեւման` արշաւեցին դէպի Լիզպոն, գիտակցելով, որ այդ ճանապարհը պիտի տանի զիրենք ողջակիզումի բագինին: Անոնց կատարածը յանուն գաղափարի ու յարատեւ պայքարի հերոսական արարք է անկասկած. ապրիլ հայրենիքէն հեռու ու զգալ հայրենի հողի տրոփը, լսել ու անսալ անոր կանչին` գերագոյն նուիրում է անպայման:

Վերոնշեալ երգին մէջն ալ դիպուկ էր, որ անոնք «վեհ խենթեր» են:

Այստեղ խիստ կարեւոր կը նկատենք մէջբերել յատկապէս Սեդրակ Աճէմեանի շատ պարզ ու յստակ նկարագրումը` իր իսկ բառերով. « (…) Մենք բարի խենթեր ենք: Բարի խենթ կայ, չար խենթ կայ: Մենք ազգին սիրով խենթ ենք: Մենք ոճրագործներ չենք, (…) որովհետեւ «ՀՅ Բանակ»-ը ոճրագործ չէ, այլ իր արդար պահանջները կ’ուզէ: (…) Ես կ’ուզեմ երիտասարդութեան ըսել, թէ երբեք թող չխրտչին, ինչքան ալ թուրքը զօրաւոր ըլլայ մեզմէ` աւելի նոր զէնքերով կամ նոր դիւանագիտութեամբ: Երբեք մի՛ խաբուիք: Դո՛ւք ձեր սրտերը զօրաւոր պահեցէք: Դո՛ւք ձեր կամքին տէր եղէք»:

Սեդրակ Աճէմեան ծնած է Պէյրութ, մարտ 1962-ին:

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Հայաշէնի Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը` Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Կը մտնէ արհեստից վարժարան եւ կը մասնագիտանայ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի նորոգութեանց մէջ` ստանալով համապատասխան վկայական: Նախաձեռնելով անձնական գործի` կ’ունենայ իր սեփական արհեստանոցը:

Իր ազգային կրթութեան առաջին օճախը կը հանդիսանայ իր տունը, իսկ հայրը` առաջին դաստիարակը: Հայրը իր զաւակներուն միշտ կը պատմէ հայ-թուրք հակամարտութեանց, Հայոց ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեանց մասին: Սեդրակի մօրը մեծ հայրն ալ զոհը դարձած է թրքական եաթաղանին, իրենց տան պատէն կախուած անոր նկարը աւելիով կը հրահրէ արդէն իսկ ալեկոծ Սեդրակին սիրտը: Յաճախ իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները կը պահէ իր շուրջիններէն: Յատուկ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր երաժշտութեան եւ մասնաւորաբար յեղափոխական երգերու նկատմամբ, որոնց մէջ թերեւս կը տեսնէր իր երազներու իրականացումը:

Ընկերային ու կատակասէր այս տղան իր տան մէջ յաճախ կ’արտայայտուէր Հայ դատի պայքարի մասին եւ կը շեշտէր հայ երիտասարդութեան պարտաւորութիւնները` մեր Դատի իրագործման ի խնդիր: Բայց ոչ մէկ անգամ նուազագոյն կասկածը կ’արթնցնէր, որ կրնայ այսպիսի Սրբազան Գործի մը մէջ դերակատար դառնալ:

Իտէալն էր Հայ դատի մարտիկ դառնալը:

Վերջին անգամ տունը կը ձգէ 17 յուլիս 1983-ին, Լիբանանի գիւղերէն մէկը բանակումի երթալու պատրուակով:

* * *

1985-ին յատուկ Քարէն Չիլինկիրեանի մենակատարութեամբ հրապարակուած ձայներիզի երգացանկին մէջ «Լիզպոնի հինգին» երգէն զատ` կայ «Ծաղիկ էին դեռ չբացուած» խորագրով երգ մը, որ նոյնպէս նուիրուած է Լիզպոնի գործողութեան:

Ձայներիզին գեղարուեստական իրականացումը կատարած են Պարգեւ Մղշեանն ու Ժագ Թիւթիւնճեանը` վերջինիս սթիւտիոյէն ներս արձանագրուած:

«Ծաղիկ էին դեռ չբացուած» երգին մտայղացումը, բառերն ու երաժշտութեան յօրինումը կը պատկանին Պարգեւ Մղշեանի:

Պարգեւը հալէպահայ է, սակայն այժմ հաստատուած է Շուէտ: Եղած է շատ հայրենասէր ու ազգասէր անձնաւորութիւն մը, ինչպէս նաեւ` երաժշտասէր ու արուեստագէտի շնորհներով օժտուած, ունի շատ մը ստեղծագործութիւններ: Ան պատանեկան եւ երիտասարդական տարիքին իր մասնակցութիւնը բերած է միութենական ձեռնարկներուն:

Պարգեւի յեղափոխաշունչ ոգին կ՛արտացոլայ «Ծաղիկ էին դեռ չբացուած» երգին մէջ: Ան ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ վառ զգացումներով կրցած է դրսեւորել այդ օրուան իր ապրումները:

Օրին փոքրիկ Քարէնը «Ծաղիկ էին դեռ չբացուած» երգը երգած է նոյնպէս ինքնավստահ ու գեղեցիկ հնչողութեամբ: Երգը սկիզբ կ՛առնէ Քարէնի նախ արտասանած «Ծաղիկ էի դեռ չբացուած» տողով: Այնուհետեւ երգը ընթացք կ՛առնէ, երգին մէջ կայ 6 տողնոց բաժին մը, ուր Քարէն կրկին կ՛արտասանէ:

«Ծաղիկ էին դեռ չբացուած» երգի երկու տողնոց տուներու երաժշտութիւնը դանդաղ կշռոյթով եւ հանդարտահոս ընթացքով կ՛երգուի, սակայն կրկներգները աշխուժ, աւելի ցատկռտուն մեղեդիով յառաջ կը տանին երգը:

ԾԱՂԻԿ ԷԻՆ ԴԵՌ ՉԲԱՑՈՒԱԾ

 

Խօսք եւ երաժշտ.` Պարգեւ Մղշեանի

Ծաղիկ էին դեռ չբացուած,
Ամբողջ սրտով զէնքի նուիրուած:

Կրկներգ.

Գէորգի շունչով օժտուածներ,
Կուսակցական վեհ քաջեր,
Գէորգի շունչով օժտուածներ,
Բաբգէն Սիւնիի պէս քաջեր:

Հայրենիքի սիրոյն համար,
Դարձան մեզի կամքի յիշատակ:

Կրկներգ.

Լիզպոնի վեհ նահատակներ,
Պայքարի օրինակներ,
Լիզպոնի հայ նահատակներ
Նժդեհի կամքի նշաններ:

Լիզպոն քաղաք անգութ անաստուած,
Անմոռանալի մեզի դաւաճան:

Կրկներգ.

Դաշնակցութեան սուրբ դրօշին տակ
Աննահանջ միշտ գործողներ,
Զաւարեանի արդարութեան,
Կամքին համաձայն գործողներ:

Արտասանել (6 տողերը)

Ազատութեան համար ապրողներ,
Միայն զէնքով կ՛առնենք մեր հողեր,
Դաշնակցութեան քաջ զինուորներ,
Վրիժառու որդիներ,
Աշխատանքով, զէնքի բռնով,
Կ՛ազատագրենք մեր հողեր:

Ազատութեան համար ապրողներ,
Միայն զէնքով կ՛առնենք մեր հողեր:

Կրկներգ.

Դաշնակցութեան քաջ զինուորներ,
Վրիժառու որդիներ,
Աշխատանքով, զէնքի բռնով,
Կ՛ազատագրենք մեր հողեր:

***

Լիզպոնեան սխրագործութեան գովքը այլ ոճով ու բնութագրումով այս անգամ կը լսենք «Անմահներին» ստեղծագործութեան մէջ: Շատ մը երգարաններու մէջ նաեւ «Ձօներգ անմահներին» խորագրով այս երգը աւելի ծանօթ է «Դուք հինգ արեւ, հինգ երկինք» տողով:

«Անմահներին» երգի խօսքերուն հեղինակն է Իտիլ Պախթարի, իսկ երաժշտութիւնը` Հրաչ Տէր Սարգիսեանի եւ Պ. Կարապետեանի:

Երգին մեկնաբանն է նոյնինքն երգի երաժշտութիւնը յօրինողներէն Հրաչ Տէր Սարգիսեանը: Հրաչ 11 տարեկանէն երգ-երաժշտութեան սիրահար մըն է եղած: Լիզպոնի հինգ երիտասարդներուն ազնուագոյն մօտեցումը, հայրենասիրութեան անգերազանցելի օրինակը եւ նուիրաբերուելու կամքի տարողութեան աննախադէպութեան մասին ան պարտք զգալով, 7 յուլիս 1985-ին Աւստրալիոյ Սիտնէյ քաղաքին մէջ իր տուած երգահանդէսի ընթացքին կ’երգէ «Անմահներին» խորագրով երգը: Ան նախ ժողովուրդին կը կարդայ առաջին անգամ երգուելիք «Անմահներին» երգին բառերը, ապա ջինջ ու բարձրաճաշակ ոճով մը կը մեկնաբանէ:

Այդ երգահանդէսին Հրաչին կ՛ընկերակցէին Ժագ Տեմիրճեան` կիթառ, Փիեր Իշխանեան` պաս կիթառ, Արա Բաբգէնեան` հարուածային գործիքներ, Մարթին Թոմաս` շեփոր եւ Սարմէն Արիսեան` դաշնամուր:

Հրաչ Տէր Սարգիսեան ծնած է 10 սեպտեմբեր 1941-ին, Գահիրէ: Դեռ մանուկ` ընտանիքին հետ կը հաստատուի Աղեքսանդրիա, ուր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Մխիթարեան եւ Ազգային Պօղոսեան վարժարաններուն մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը կ՛աւարտէ 1956-ին:

Փոքր տարիքէն ան կ’անդամակցի Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ-«Կամք»-ին` իբրեւ գայլիկ, պասքեթպոլիստ եւ աթլեթ:

1960-ին ան արուեստից պաքալորէայի վկայականով կը վկայուի Օքսֆորտի համալսարանէն:

1960-1964 Հրաչ կը յաճախէ Փորթուգալի Լիզպոն մայրաքաղաքի մարմնակրթական մեծագոյն հիմնարկը, զոր կ’աւարտէ բացառիկ յաջողութեամբ:

1976-ին Հրաչ մագիստրոսի աստիճանով կը վկայուի Մոնրէալի ՄըքԿիլ համալսարանէն, յաջողութեամբ ներկայացնելով իր թեզը` «Մարմնակրթանքի վարք ու բարքի հոգեբանութիւնը» նիւթով:

1997-2009, իբրեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, Հրաչ մաս կը կազմէ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին: 2009-էն ետք ան կ’անդամակցի Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին:

Հրաչ 1980-1982 եւ 1999-2000 կ’ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, իսկ 1999-2007, երկու քառամեակ, ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան:

Հրաչ ունի քանի մը ձայնապնակներ, տուած է բազմաթիւ ելոյթներ, ուր, սիրայինի կողքին, երգած է նաեւ ազգային ու հայրենասիրական երգեր: Կարգ մը երգերու հեղինակը ինքն է եղած:

Ազգային եւ միութենական կեանքին նուիրուած Հրաչ Տէր Սարգիսեան կը մահանայ 29 դեկտեմբեր 2018-ին:

«Անմահներին» երգը Հրաչ ձայնագրած է իր հրապարակած «Երազի պէս» խորագիրը կրող ձայնապնակին մէջ, ուր երգացանկի առաջին երգն է:

«Անմահներին» երգի մեղեդին ընդհանրապէս հանդարտահոս է, սակայն միախառնուած ձեւով տեղ-տեղ կը բարձրանայ: Երգին մէջ վեր կ’առնուի յոյսի ու փառքի գաղափարը, եւ մեկնաբանութեան ընթացքին կը բնորոշուի պոռթկումի ոճը:

Երգին բառերը իսկապէս արդարացի է, որ անոնք եղան հինգ արեւ ու հինգ երկինք, անոնց ձայնը` Հայ դատի պահանջատիրութիւնը լսուեցաւ հեռաւոր Լիզպոնէն:

ԱՆՄԱՀՆԵՐԻՆ

Խօսք` Իտիլ Պախթարի
Երաժշտ.` Հրաչ Տէր Սարգիսեանի եւ Պ. Կարապետեանի

Դուք հինգ արեւ, հինգ երկինք,
Հինգ հրթիռներ հրաշունչ,
Փառքի աստղեր մեր գալիք,
Դուք վրէժի հինգ դաշոյն:

Էլ չի հանգչի ձեր վառուած
Բորբ կրակը մեր հոգում,
Մատաղ կեանքեր դուք զոհուած,
Նոր շունչ կ’առնէք մեր սրտում:

Կ’ուզեմ շարել հնգաշարք,
Ես մի մանեակ մարգարտեայ,
Պարանոցիս կախել հաստ,
Անունները ձեր անմահ:

Զաւակներին նորօրեայ,
Ձեր անունով թող կոչեն:
Հինգ բերդերով հրածին
Թող մեզ կրկին ճանաչեն:

Դուք հինգ արեւ, հինգ երկինք,
Հինգ հրթիռներ հրաշունչ,
Յոյսի ծովի հինգ ալիք,
Հինգ առիւծներ անմռունչ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com

(Շար. 7)

Նախորդ՝ առաջին, երկրորդ, երրորդչորրորդ, հինգերորդ, վեցերորդ հոդվածները