Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայոց պատմութեան ընթացքին, յատկապէս 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն, կը հանդիպինք Խան մակդիրով շատ մը ֆետայիներու, որոնցմէ է նաեւ Բարսեղ Թիրեաքեան կամ Խան-Պետրոսը:
Բարսեղ Թիրեաքեան` հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի: Ծնած է 1863-ին, Թուրքիոյ Կեսարիոյ թրքախօս շրջանի Տերեվանք կամ Տիրէվանք գիւղը: Փոքր տարիքէն ըմբոստ Բարսեղը յաճախ կռուի կը բռնուէր հայերը անարգող կամ հարստահարող թուրքերուն հետ: Ի վերջոյ, ստիպուած կ՛ըլլայ լքել ծննդավայրը ու մեկնիլ Կոստանդնուպոլիս, ուր նախ կը յարի Հնչակեան կուսակցութեան ու կը մասնակցի Գում-Գափուի (15 յուլիս 1890-ին) եւ Պապ ալ-Ալիի (18 սեպտեմբեր 1895-ին) ցոյցերուն, որոնց ընթացքին ի յայտ կու գայ անվախ ու համարձակ մարտիկի իր բնաւորութիւնը:
Սակայն Կոստանդնուպոլիսը չի գոհացներ զինք: Երկրէն հասնող լուրերը զինք կը քաշեն դէպի Հայաստանի լեռներն ու ձորերը:
Շուտով Բարսեղը, լքելով Կոստանդնուպոլիսը, կ՛անցնի Կովկաս` մարտական խումբերու մէջ ընդգրկուելու նպատակով: Այստեղ` մտնելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը, կ՛անցնի Պարսկաստան, ուր կը պատրաստուէր Խանասորի արշաւանքը: Խանասորի արշաւանքին (25 յուլիսի 1897) Բարսեղը կը մասնակցի իբրեւ տասնապետ եւ աչքի կը զարնէ իբրեւ անվախ եւ քաջ կռուող: Խանասորի արշաւանքէն ետք կը ճանչցուի իբրեւ Խան եւ կը դառնայ նշանաւոր հայդուկ ու խմբապետ:
Խան բառը մոնկոլերէն է, կը նշանակէ` արքայ, կայսր, թագաւոր: Խանը, չինական, քորէական, ճափոնական, պենկալական, թրքական եւ մոնկոլական արքայական կայսերական կոչում եւ արքայական աստիճանի պաշտօն է: Տարածուած է Չինաստան, Ճափոն, Քորէա, Մոնկոլիա, Արեւելեան Սիպերիա: Սկզբնապէս Խան անուանած են ցեղերու առաջնորդներուն, բայց նաեւ նշանակած է գերագոյն կառավարիչ, արքայ, թագաւոր: Հիմնականին մէջ սկիզբը Խան տիտղոսը տարածուած էր Չինաստանի, Ճափոնի, Քորէական թերակղզիներու մէջ` չինացիներուն, ճափոնցիներուն, ֆիլիփինցիներուն եւ քորէացիներուն մօտ: Նաեւ Մոնկոլական պետութեան, թրքախօս ու թրքալեզու, թրքամոնկոլախօս, թրքամոնկոլալեզու պենկալական եւ թրքական եւ մոնկոլական ցեղերու մօտ եւ անոնց պետութիւններու մէջ: Այստեղէն ալ Խան բառը մուտք գործած է հայերու անուններու կողքին` միացնելով կամ օգտագործել զայն իբրեւ ծածկանուն: Ինչպէս` Եփրեմ Խան, Խան (Բարսեղ Թիրեաքեան), Սաղաթէլ Խան Զօհրապեան եւ ուրիշներ:
Նշանաւոր են Խանի (Բարսեղ Թիրեաքեան) վարած երկու կռիւները (զէնքի փոխադրութեան ժամանակ, Երկրի ճամբուն վրայ), մէկը` 1899-ին, Ալաշկերտի Խաստուր գիւղին մէջ, միւսը 1903-ին` Բասէնի մէջ, «Կայծակ» ձիաւոր խումբին գլխաւորութեամբ:
Խաստուրի Կռիւը
Բարսեղ Թիրաքեանը, այլեւս իբրեւ Խան, կը դառնայ նշանաւոր հայդուկ ու խմբապետ եւ կը մասնակցի հայդուկային բազմաթիւ կռիւներու: Խանին յատկապէս մեծ համբաւ կը բերէ 26 հոկտեմբեր 1899 թուականին տեղի ունեցած Խաստուրի հերոսամարտը, երբ անոր գլխաւորած 83 հոգիէ բաղկացած զինատար խումբը Կարսէն Տարօն մեկնելու ճամբուն վրայ, ռուս-թրքական սահմանը անցնելէ ետք, Ալաշկերտի Խաստուր գիւղին մէջ կը շրջապատուի քրտական «Համիտիէ» եւ թրքական կանոնաւոր զօրքերու կողմէ, սակայն հերոսական կռիւ մղելով` հայդուկները կը յաջողին քանի մը զոհերու գնով դուրս գալ շրջապատումէն եւ անհետանալ գիշերուան մթութեան մէջ` ծանր կորուստներ պատճառելով թշնամիին: Այս կռուին մէջ հայդուկապետ Խանը լաւագոյնս կիրարկած է իր հրամանատարական հմտութիւնը:
Խաստուրի կռուին «Շանթ» խումբը ունեցած է 15 զոհ (5 տասնապետ եւ 10 զինուոր): Թշնամիին կորուստներու թիւը հասած է 350-400-ի: Թէեւ յաղթանակը կատարեալ էր, բայց խումբը այլեւս չէր կրնար ճամբան շարունակել: Խաստուրի կռիւէն ետք յառաջացած աղմուկին պատճառով մարտախումբը հարկադրուած կ՛ըլլայ իրեն հետ վերցնել նաեւ Խաստուրի բնակիչներու մաս մը եւ վերադառնալ Կարս:
Բասէնի Մէջ «Կայծակ» Հեծեալ Խումբը
1902 թուականին Խանը, դարձեալ որպէս Կարսի մէջ կազմաւորուած ՀՅԴ «Շանթ» նոր խումբի ղեկավար, կրկին կը փորձէ անցնիլ Երկիր, բայց առատ ձիւնին եւ ձիւնամրրիկին պատճառով մարտախումբը կը կորսնցնէ ճամբան եւ կը վերադառնայ Կարս:
Շուտով Խանը` ռուսական իշխանութիւններու հարկադրանքով, կը մեկնի Պարսկաստան: Սակայն, 1903 թուականին Սասուն անցնելու նպատակով Կարսի մէջ նոր խումբ կը կազմաւորուի եւ Խանը, այդ խումբին անդամագրուելու նպատակով, կը վերադառնայ Կարս` նշանակուելով նոր կազմաւորուող արշաւախումբի ղեկավար: Անոր օգնական կը նշանակուի Հմայակ Չմշկեանը: Միաժամանակ կ՛որոշուի խումբը բաժնել երկու մասի` հեծեալ «Կայծակ» խումբը, որ բաղկացած էր 53 հոգիէ, ղեկավար ունենալով Խանը, իսկ հետեւակ «Շանթ» խումբը` թեքիրտաղցի Օնիկ Նեւրուզը:
Խանի հեծեալ խումբը պէտք էր անցնէր Պայպուրտ-Քեջաջ գիւղերու մօտէն, ապա Սարիղամիշի արեւմտեան փէշերով պէտք է կտրէր անցնէր դէպի սուրբ Խաչ լերան ստորոտները, այնուհետեւ` Մժնկերտի եւ Ղարաուրկանի մէջէն խումբը պէտք է շարժէր դէպի թրքական Բասէն` Բոցիկները: Իսկ Նեւրուզի խումբը պէտք է անցնէր Շատեւան, Արմուտլու, Պաշգիւղ, այնտեղէն ալ դէպի Թուրխոճայ թրքական գիւղի սահմանները: Երկու խումբերը թրքական Բասէնի մէջ պէտք է միանային, ապա Խնուսի վրայով անցնէին Մուշ եւ Սասուն:
10 սեպտեմբեր 1903-ին, Կարսի Տէօլպենքլի գիւղին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Կայծակ» եւ «Շանթ» մարտախումբերու ռազմական խորհուրդներու միացեալ խորհրդաժողով, ուր վերջնականապէս կը ճշդուի Սասուն մեկնելու ստոյգ օրն ու ուղիները:
17 սեպտեմբեր 1903-ին «Կայծակ» եւ «Շանթ» զինախումբերը առանց որեւէ միջադէպի կ՛անցնին սահմանը: Խանի հեծելախումբը ապահով կը հասնի Գոմաձոր գիւղը, ուր մէկ օր դադար առնելէ ետք գիշերով դուրս կու գայ գիւղէն եւ կ՛ուղեւորուի Բոցիկի լեռները, ուր պէտք է միանար Նեւրուզի զինախումբը: Սակայն, արեւածագին հեծելախումբը կը նկատեն ամէնուրէք յայտնուող քիւրտերը: Կը սկսի կռիւը: Մոսիններով եւ ձեռնառումբերով զինուած քաջավարժ հեծեալներուն համար առանձնակի դժուարութիւն չէր յաղթահարել քիւրտերու յարուցած արգելապատնէշն ու յառաջ շարժիլ:
Բոցիկի առաջին կռիւէն ետք Խանը` տեղեկանալով, որ Նեւրուզի զինախումբը Բասէնի Թուրխոճայ գիւղի մօտակայքը դժուարին եւ անհաւասար մարտի բռնուած է թրքական կանոնաւոր զօրքի եւ քրտական աշիրեթներու դէմ, կը փոխէ շարժման ուղղութիւնը եւ կը շտապէ օգնութեան, սակայն չի յաջողիր օգնութեան հասնիլ Նեւրուզի զինախումբին: Հեծելախումբը, օգնութեան շտապելով, Թուրխոճայէն 20 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Գոմաձոր գիւղի մօտակայքը կը հանդիպի թրքական զօրքին եւ հարկադրուած` կռուի կը բռնուի: Մինչեւ երեկոյ տեւած կռուի ընթացքին հայդուկներու հարուածներէն կը սպաննուին աւելի քան 200 քիւրտեր, 150 թուրք զինուորներ, հազարապետ մը, գայմագամ (շրջանի կուսակալ) մը, 3 հարիւրապետ եւ 5 ղարապեյ: Իսկ Խանի հեծելախումբը, ազատելով շրջապատումէն, կը հասնի Ըղըր-Պըղըր կոչուած քարաժայռերը, որովհետեւ լուր ստացած էին Նեւրուզի խումբի կոտորուելուն մասին, իսկ դէպի Խնուս երթալն ալ կապուած էր անյաղթահարելի դժուարութիւններու հետ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սասուն մեկնիլը ոչ միայն անհնար էր, այլ նաեւ` կործանարար: Այդ պատճառով ալ Խանը կ՛որոշէ վերադառնալ Կովկաս: Ան հեծելախումբը կ՛առաջնորդէ դէպի ռուս-թրքական սահման եւ կռիւներու երրորդ օրը կը յայտնուի աւելի ծանր ու անելանելի իրավիճակի մէջ:
Երբ Խանի հեծելազօրը կ՛անցնի Տելի Պապայի կիրճով, տարբեր կողմերէ խումբին վրայ կը տեղան փոթորկալի համազարկեր: Կիրճի նեղուածքն ու տեղաշարժելու սահմանափակութիւնը, երեք կողմէ տեղացող կրակը ծայրահեղ դժուարին կռիւ կը պարտադրեն հայդուկներուն: Թշնամիի արձակած գնդակներէն կը զոհուին Խանը, անոր օգնական Հմայեակը եւ բազմաթիւ հայդուկներ: Հակառակ այս ամէնուն` խումբի 12 անդամները կը յաջողին ճեղքել պաշարման օղակը, անցնիլ Սրթհան գիւղ եւ յանձնուիլ ռուսական սահմանապահ զօրքին:
Թէեւ թշնամիին կորուստները մեծ էին` շուրջ 800 մեռեալ, բայց գլխովին ջախջախուած էր նաեւ Սասունին օգնութեան շտապող մեծագոյն զինատար խումբը, ինչ որ մեծ կորուստ էր հայոց ազատագրական զինեալ պայքարին համար:
Այս բուռն ճակատամարտին ընթացքին է, որ Բարսեղ Թիրեաքեան` Խան, վերջին փամփուշտը կրակելով, հերոսաբար կը նահատակուի կռուի դաշտին վրայ:
Վերոնշեալ դէպքին մասին պատմական կարեւորութեան համար ստորեւ կը ներկայացնենք երկու արխիւային նիւթ, որ օրին հրապարակուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան «Դրօշակ»-ի մէջ: Առաջինը` «ՀԵՌԱԳԻՐ» խորագիրի տակ, ուր կը հաղորդուի, որ «Պարսկաստանում ստացուած մի նամակից մեզ հեռագրում են հետեւեալ կտորը.
««Դաշնակցութեան» զինակիր խմբերը, հետեւակ եւ ձիաւոր, մօտ հարիւր հոգի, մի քանի մասերի բաժանուած, Սեպտեմբերի 17-ին (հ.տ.) յաջողութեամբ անցան ռուս-տաճկական սահմանը: Հետեւեալ օրը, ճանապարհին, սահմանից 6-8 վերստ հեռու, խմբերից երկուսը նկատւում են հովիւներից եւ շուտով շրջապատւում են զօրքերով, թուրք խուժանով եւ քիւրտ աշիրաթներով: Սկսւում է սոսկալի կռիւ, որը ահա երրորդ օրն է դեռ շարունակւում է: Կանչուած են զօրքեր Կարինից, Դալի-Բաբայից եւ Ղարաֆիլիսայից. բերուած են նաեւ թնդանօթներ: Մեր ընկերները կռւում են քաջաբար: Թշնամուց ընկել են հարիւրաւոր մարդիկ, որոնց թւում` մի հազարապետ, մի գայմագամ, երեք սպայ, հինգ դարաբաշի (դարաբէյ) եւ սահմանագլխի յայտնի Ռաշիտ փաշայի մեծ որդին: Խլել են զօրքերից բազմաթիւ հրացաններ եւ ձիաներ: Դժբաղդաբար` անհաւասար կռւում մաս-մաս եղած խմբերը իրենք եւս տուել են բազմաթիւ նահատակներ եւ գտնւում են ամէնաքրիտիկական դրութեան մէջ: Նոր խմբեր գնացին օգնութեան: Մանրամասները նամակով»[1]:
Իսկ երկրորդ արխիւային վկայութիւնը խորագրուած է «ԲԱՍԷՆԻ ԸՆԴՀԱՐՈՒՄՆԵՐԸ»[2] անունով եւ թուագրուած «Նամակ Բասէնէն, 25 Հոկտեմբեր»: Հոն կը կարդանք, «Հայ յեղափոխական դրօշակը ծածանուեց Բասենի բարձրունքների վրայ եւս:
«Ձիաւոր ու հետեւակ հայդուկային խմբերը խրոխտ առաջ էին ընթանում` ամէն մի արգելք ոտքի տակ առած, երբ թշնամուց նկատուելով` ստիպուեցին կռուի բռնուել:
«Մեր կորուստը փոքր չէ, բայց տաճիկն ու զինուորը, քիւրտն ու համիդիէն, չէրքէզն ու մուհաջիր` տեսան հայ յեղափոխականի կրակը… Այսօր Բասէնում օր ու գիշեր վիրաւոր զօրքերին սայլերով քաշքշում են Դալի-Բաբայից Հասան-Ղալա ու Հասան-Ղալայից դէպի Կարին: Սպաննուել են բազմաթիւ զինուորներ եւ 150-ից աւելի քիւրտ, չէրքէզ եւլն: Վիրաւորեալների թիւը նոյնպէս չափազանց մեծ է: Իսկ հայդուկներից զոհուել են 34 եւ ձերբակալուել են 11 հոգի: Զօրքերից մեր խմբերը խլել են բազմաթիւ ձիաներ եւ բեռներով ռազմամթերք: Ձերբակալուած ընկերներից մի քանիսը գտնւում էին Հասան-Ղալայի բանտում, բայց այժմ փոխադրուել են Կարին: Լուր առանք, որ նրանցից մէկը` իր ստացած վէրքերից վախճանուել է եւ թաղուել Կարինում շուք ու հանդիսով:
«Ամէն տեղ մահմետականների մէջ այժմ խօսում են այդ ընդհարման մասին եւ երբեմն` մեծ երկիւղով: «Չլինի՞ թէ էլի հաւար լսուի` թէ ֆետային անցաւ» լսում ես մէկից. «Հեռո՜ւ, հեռու թող լինի մեզանից այդ աւերիչ կրակը», ասում է թիւրք պաշտօնեան եւ աչքը փակում. «թող կործանուի այսպիսի կառավարութիւն. Ո՛չ հանգիստ ունենք, ո՛չ դադար», զայրացմամբ բացագանչում է խաղաղ միւսիւլմանը…»[3]:
Խանը եղած է հայ յեղափոխական ամէնէն ժողովրդական հերոսներէն, որուն անուան շուրջ առասպելական պատմութիւններ հիւսուած են: Միւս կողմէ, Խանի հերոսական կերպարին մասին աշուղ Ֆարհատ անոր նուիրած է «Լուսին չկար, մութ գիշեր էր…» երգը, որ մինչեւ այսօր ոգեւորութեամբ կ՛երգուի:
Երգի երաժշտութիւնը կշռութաւոր քայլերգային է, աշխուժ եւ ոգեւորիչ: Իսկ բառերը պատմողական բնոյթ ունի:
ԽԱՆԻ ԵՐԳԸ
Լուսին չկար, մութ գիշեր էր,
Մի խումբ կ՛երթար արագ արագ,
Տեսանք, որ քաջ Խանի խումբն էր,
Զինուած էին մոսիններով:
Կեանքերը ազգին նուիրած,
Կտրիճ Խանը առաջ ինկած,
Գնում էին տաճկաց սահման,
Թռչում էին կրակի նման:
Հրացանները ուսերին,
Դրօշակը պարզել էին,
Գնում էին ուրախ զուարթ,
Ազատութիւն երգում էին:
Մութ անտառից անցնում էին,
Ամէն մէկը առիւծ էին,
Նժոյգ ձիաց վրայ նստած`
Մերկ սուրերը քաշել էին:
Երբ քաջ Խանը ելաւ Բասէն,
Թնդանօթներ արձակեցին,
Հայ քաջերի մոսիններից,
Գնդակները գոռգոռացին:
Երբ քաջ խանը հրահանգ կու տար,
Արի՛ք առիւծներս իմ քաջ,
Մտան թշնամու խիտ շարքեր,
Կոտորեցին ձախն ու աջ:
Կեցցէ՛ Խանը իր խմբովը,
Սարսափ թողեց Բասէնումը,
Երեք օր ու գիշեր կռուեց,
Աչերիցը կտրեց քունը:
Հայաստանի հողին վրայ,
Քաջը թափեց իր արիւնը,
Յիշենք հայեր չմոռանանք,
Կտիճ Խանի սուրբ անունը[4]:
Աշուղ Ֆահրատ (կարգ մը տեղեր յիշատակուած է «Ֆարհատ»): Ֆահրատ նաեւ Ֆէյրատի, բուն անուն-ազգանունը` Խաչատուր Գէորգեան, ծնած է 1867 թուականին, Տիրաքլար (ներկայիս` Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրեանի տարածաշրջանին մէջ) գիւղը, մահացած է 1921 թուականին, Գիւմրի: Հայ աշուղ, երեք տարեկան հասակին կուրցած է:
Մանուկ հասակին ծնողները Խաչատուր Գէորգեանը յանձնած են աշուղ Ֆիզահիի խնամքին, որ անոր սորվեցուցած է սազ եւ ջութակ նուագել: 1884 թուականին նշանաւոր աշուղներ Ջիւանին, Զահրին եւ Ճամալին անոր շնորհած են վարպետի կոչում` տալով Ֆէյրատի մականունը:
Ֆահրատ, Ֆարհատ անունը առաջացած է պարսկական Farhat անունէն, կը նշանակէ «խելամիտ», «ըմբռնող»: Հայերու մէջ գործածական է 15-րդ դարէն: Տարածման նպաստած է «Ֆահրատ եւ Շիրին» արեւելեան սիրավէպը: Կան նաեւ ասոր փոխուած ու աղաւաղուած ձեւերը` Ֆայրատ, Ֆայրօ, Վահրադ, Ֆահրադ:
Ֆահրատ «Լուսին չկար, մութ գիշեր էր…» երգին մէջ հանգամանօրէն նկարագրած է Բասէնի մէջ Խանի «Կայծակ» հեծեալ խումբին առնչուած բոլոր իրադարձութիւնները մանրամասնօրէն, հոն ներկայացուցած է հայ ֆետայիներու կարողականութիւնը, անկոտրում կամքը վասն հայրենեաց, ազգի ու ազատութեան համար, ֆետայիներու անբաժան սիրելի եարը` Մոսին հրացանը եւ այլ դէպքեր:
Վերոնշեալ երգը թէ՛ բառերու եւ թէ՛ երաժշտական կառուցուածքով մեր ֆետայական-մարտական երգերու լաւագոյններէն կը յամարուի, այդ իսկ պատճառով ալ երգը արժանացած է հայ ժողովուրդի բուռն գնահատանքին, որ երեք դարերէ ի վեր կ՛երգուի նոյն ժողովրդականութեամբ եւ խանդավառութեամբ, որպէսզի Ֆահրատի պատգամը, որ նշուած է երգին վերջաւորութեան` «Յիշենք հայեր չմոռանանք, կտրիճ Խանի սուրբ անունը», կատարուի:
Իբրեւ եզրակացութիւն կարելի է ըսել, թէ 1904-ի ապստամբութեան պատրաստուող Սասնոյ հայութեան զէնք եւ զինամթերք հասցնելու համար, 1903-ի աշնան, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, երբ կը ձեռնարկէր իր պատմութեան մեծագոյն զինատար խումբին կազմութեան, ձեւաւոր եւ հետեւակ գունդերով կը նպատակադրէր հետեւեալ երկու հանգամանք.-
ա. Պարէնաւորել երկու խումբերը առատ պաշարով (անոնց միացեալ թիւը կը հասնէր 150-ի) եւ այդ պաշարը հասցնել Սասուն:
բ. Խումբերը օժտել անձերով, որոնք Երկիր հասնելով կրնան դառնալ տեղական գործիչներ եւ ֆետայական խմբապետներ:
Հետեւաբար, պատմական այս իրադարձութիւնը տասնեակ տարիներ շարունակ դաստիարակիչ եւ ուսուցանելիք կողմեր ունեցաւ եւ տակաւին կ՛ունենայ:
Խանի երգը («Լուսին չկար, մութ գիշեր էր…») յաճախ երգուած է երգչախումբերու կողմէ, մասնաւորապէս միութենական խրախճանքներու, բանակումներու եւ այլ խմբային հաւաքոյթներու ընթացքին:
Վերջապէս կը հաստատենք, որ Խանին նուիրուած երգին արծարծումը, գեղարուեստական օգտագործումն ու դերակատարութիւնը իր մեծ ներդրումը ունեցաւ թէ՛ իբրեւ յիշողութիւն ու ազդեցութիւն` հայ նոր սերունդին վրայ, թէ՛ իբրեւ դաստիարակիչ բնոյթ:
[1] «Դրօշակ», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրկան, XIII տարի, Սեպտեմբեր 1903, Թիւ 8 (139), էջ 305:
[2] «Դրօշակ», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրկան, XIII տարի, Սեպտեմբեր 1903, Թիւ 9 (140), էջ 324:
[3] «Դրօշակ», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» օրկան, XIII տարի, սեպտեմբեր 1903, թիւ 9 (140), էջ 326:
[4] «Պուլկարահայ նոր երգարան», տպագր. «Հայ գիր», 1926, Սոֆիա, էջ 5 եւ 6:
_________________________________
Օգտագործուած աղբիւրներ
– «Խաստուրի կռիւը», «Դրօշակ», օրկան ՀՅ դաշնակցութեան, Ժընեւ, 1900, թիւ 1, էջ 8-11:
– «Բասէնի ընդհարումները», «Դրօշակ», օրկան ՀՅ Դաշնակցութեան, Ժընեւ, 1903, թիւ 9:
– «Արամայիս Ազնաւուրեանի յուշերը», գրի առաւ` Ե. Հայրապետեան, «Հայրենիք ամսագիր», Պոսթըն, 1938, թիւ 8, էջ 154-157:
– «Նոր քնար» (ձայնագրուած եւ պատկերազարդ ընդարձակ երգարան, հրատարակութիւն եւ տպագրութիւն «Հորիզոն» հրատարակչականի, Թեսաղոնիկէ (Սելանիկ), 1937, էջ 152:
– «Պուլկարահայ նոր երգարան», տպագր. «Հայ գիր», 1926, Սոֆիա, էջ 5 եւ 6:
– Սեպուհ, «Խան-Պետրոսը (Բարսեղ Թիրաքեան)», «Հայրենիք ամսագիր», Պոսթըն, 1949, թիւ 2, էջ 11-20, թիւ 3, էջ 23-33:
– Լազեան Գաբրիէլ, «Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն», Գահիրէ, 1949, 397 էջ:
– Վրացեան Սիմոն, «Խան (Բարսեղ Թիրաքեան)», «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան. 1890-1950», Պոսթըն, 1950, էջ 414-416:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի Հայ դատի դասախօս