Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Նախորդ յօդուածով յիշատակուած եւ յաջորդական գրութիւններով լուսարձակի տակ բերուելիք երգերուն հիմքը կը մնան` Հայ դատի պահանջատիրական նկարագիրը, ցեղասպան թուրք պետութեան դէմ կատարուած անոնց խիզախ սխրագործութիւնը, հայ մարտիկի նկարագիրը, հայ երիտասարդին կամքն ու պատգամը եւ անոնց հերոսական նահատակութիւնը, մէկ խօսքով` հայկական պահանջատիրութեան ուղիին կատարուած դիւցազնապատումի արտացոլացումն է:
Այս ուսումնասիրութիւնը թէեւ Լիզպոնի հինգ անձնազոհներուն կատարած գործողութեան առիթով հիւսուած երգերը լուսարձակի տակ առնել է, բայց եւ այնպէս խիստ կարեւոր է ներկայացնել նաեւ անոնց համառօտ կենսագրականներն ալ, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ երգերը պարզաբանելու ընթացքին դէպքերու եւ իրադարձութիւններու պատմական հենքը պահել, թէկուզ իւրաքանչիւր երգի ներկայացման ընթացքին մանրամասն վերլուծումներ կամ պարզաբանումներ տրուած ըլլան:
Վերոնշեալ մեկնակէտով ծնունդ առին Լիզպոնի հինգ արիներուն նուիրուած երգերը: Իւրաքանչիւր հեղինակ, յօրինող, ստեղծագործող, ըստ իր գեղարուեստական կարողականութեան, կրցաւ ծնունդ տալ երգի մը: Բայց մէկ բան հաստատօրէն կարելի է ըսել, որ բոլորն ալ վառ զգացումներով եւ հայու տագնապալի ու պահանջատիրական ոգիէ մղուած ստեղծագործած են:
***
«Հայ յեղափոխական բանակ»-ի հինգ անձնազոհներուն նուիրուած երգերու մեկնաբանութեան ու վերլուծումներու շարքը կը սկսինք անոնց նուիրուած առաջին երգով:
Արդարեւ, Լիզպոնի գործողութեան յաջորդող ամսուան` 21-31 օգոստոս 1983-ին Աթէնքի (Յունաստան) մօտակայ գիւղաքաղաքներէն` Քալամոսի մէջ տեղի կ՛ունենար ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու համագաղութային (Հայաստանի անկախութենէն ետք` համահայկական) առաջին բանակումը: Մասնակից 350 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ եւ պատանի-պարմանուհիներ եկած էին հայկական բոլոր գաղութներէն (բացի Իրանի գաղութը), հոն ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան (ՍԵՄ) շուրջ 35 անդամներ ալ:
Այդ բանակումի ընթացքին երկու ՍԵՄ-ականներու կողմէ ծնունդ պիտի առնէր «Լիզպոնի հինգին» նուիրուած հոգեհարազատ երգը:
Երգի խօսքերուն հեղինակն էր Հալէպէն բանակող Արփի Սանոսեանը, իսկ երաժշտութիւնը` գամիշլիցի Համօ Երէցեանը:
Արփին` երիտասարդ բանակող, ազգային եւ գաղափարական զգացումներով տոգորուած, պատասխանատուներու քաջալերանքով կը գրէ երգին բառերը: Ան, արեւելահայ գրականութենէ ազդուած, հեղինակած է արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն խառնուրդ երգին բառերը: Արփին աւարտած է Պէյրութի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկը, այժմ կը դասաւանդէ Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկին մէջ:
Երաժշտութիւնը, ինչպէս ըսինք, կը պատկանի Համոյին: Համոյին հետ մեր զրոյցին ընթացքին մանրամասն տեղեկացանք երգի ծնունդին մասին: Օրին այս երգը 24 ժամուան ընթացքին ստեղծագործուած է: Երբ այսպիսի միտք մը առաջարկուած է, Համոն խնդրած է որեւէ մէկ նուագարան յատկացնեն իրեն, յատկապէս` երգեհոն (ստեղնաշարային գործիք) մը, որպէսզի կարենայ անոր վրայ երաժշտութիւնը յօրինել: Իսկ ժամեր ետք, երբ երգը ծնունդ առած է, առաջին անգամ գիշերը, բանակումի խրախճանքին երգած է:
Այս կարեւոր իրադարձութեան մասին դժբախտաբար ոչ մէկ նշում կատարուած է «Կայծեր», հրատարակութիւն ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու պաշտօնաթերթի Ա. տարի, մարտ 1984, թիւ 2-ի, էջ 20-65-ի մէջ, որ ընդարձակ տեղ յատկացուած է վերոնշեալ բանակումին:
Համոն ծնած է 1965-ին, երաժշտական եւ երաժշտասէր ընտանիքի մէջ, հայրը գեղեցիկ ձայն ունեցած է, եղբայրները երաժիտներ են: 8 տարեկանէն սկսած է երգել: Ան ապրած է Գամիշլի, ապա հաստատուած` Շուէտ, ուր շարունակած է իր մշակութային գործունէութիւնը: Համոն տաղանդաւոր արուեստագէտ է եղած, փոքր տարիքէն իր մասնակցութիւնը բերած է միութենական երգահանդէսներուն, ճաշկերոյթներուն, խրախճանքներուն եւ պարահանդէսներուն:
Ան ելոյթներ ունեցած է Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ: Երգած է շուրջ 10 լեզուներով, երգի կողքին, կը նուագէ հարուածային գործիքներ, դաշնամուր եւ երգեհոն: Համոն սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ շատ մը բարեսիրական նախաձեռնութիւններու:
«Լիզպոնի հինգին» երգը մեծ ընդունելութիւն գտաւ, յատկապէս երբ հալէպահայ փոքրիկ աղջիկ մը` Քարէն Չիլինկիրեան, իր անուշ ու քաղցր ձայնով 1984-ի ամրան «Լիբանանի հայկական ձայն» ձայնասփիւռի սթիւտիոյին մէջ, երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ, արձանագրեց այս երգը, որ օրին սփռուեցաւ նշեալ կայանէն:
Յաջորդ տարին` 1985-ին, Քարէն Չիլինկիրեանի մենակատարութեամբ հրապարակուած է ձայներիզ մը, որուն գեղարուեստական իրականացումը կատարած են Պարգեւ Մղշեանն ու Ժագ Թիւթիւնճեանը, վերջինիս սթիւտիոյէն ներս արձանագրուած:
Քարէնի երգացանկին մէջ կ՛ընդգրկուէր «Լիզպոնի հինգին» երգը: Սոյն երգը այդ օրէն ի վեր մեծ ժողովրդականութիւն վայելած է, մինչեւ օրս կ՛երգուի, նոյնիսկ հայոց բանակի զինուորներ կ՛երգեն:
Փոքրիկ Քարէնը «Լիզպոնի հինգին» երգը երգած է մաքուր, հմայիչ հնչողութեամբ: Ձայնի որակը բնական է, հայկական երանգով հարուստ: Կշռոյթի առումով, երգեցողութիւնը ճկուն է եւ ճշգրիտ: Այդ իսկ պատճառով կրնանք ըսել, որ Լիզպոնի երգը փոքրիկի ձայնով մեկնաբանուած, խօսքի եւ երաժշտութեան համապատասխան եւ միաձուլուած` տարբեր ձեւաչափով ներկայացուած է, որուն համար հազարաւոր ունկնդիրներու սիրտերը կը գրաւէ:
Լիզպոնի Հինգին
Արփի Սանոսեան Աւօ Գաթրճեանի հետ Համօ Երէցեան
Խօսք` ԱՐՓԻ ՍԱՆՈՍԵԱՆԻ
Երաժշտ.` ՀԱՄՕ ԵՐԷՑԵԱՆԻ
Անոնք գացին անվերադարձ,
Գիտակցելով ճամբայ ելան:
Անոնք գացին անվերադարձ,
Հինգ ընկերներ գացին Լիզպոն.
Նոր գարուններ էին նրանք`
Հայրենիքի փայլուն տղաք:
Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն,
Խօսում էին փրկութիւն,
Հպարտ էին հայ ըլլալնուն,
Ուխտած էին զոհուելու:
Ձգտում էին այս իտէալին,
Ասում էին պահանջ ունին:
Ազատ խորանին վրայ
Մատաղ ըրին իրենց կեանքը:
Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն…
Սիրայօժար Լիզպոն գացին,
Արան, Սագոն` կայտառօրէն,
Սեդրակ, Սիմոն` խիզախ կամքով,
Իսկ Վաչէն ալ` վեհ իտէալով:
Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն…
Ե՛կ ընկերներ ուխտենք այստեղ,
Շարունակենք նրանց ճամբան,
Ազատութեան բագնին վրայ
Մենք ալ ըլլանք նահատակներ:
Կրկներգ.
Երգում էին ազատութիւն…
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com
(Շար. 2)
Առաջին մասն՝ այստեղ