կարևոր
2593 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-14 11:49
Հասարակություն

ՀՅԴ Երիտասարդականը միշտ պատնէշի վրայ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 90-ամեակ

ՀՅԴ Երիտասարդականը միշտ պատնէշի վրայ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 90-ամեակ

«Հիմնականը հայ երիտասարդութեան ազգայնացումն ու հայրենացումն է, անոր ազգային, քաղաքական, յեղափոխական եւ ընկերային մտածողութեան զարգացումը ու հաւաքական կամքի դարբնումը».   Սարգիս Զէյթլեան

90 տարի առաջ, Յուլիս 16-ին, Պոսթընի մէջ կը կայանար Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) առաջին խորհրդակցական պատմական ժողովը, որ պիտի հանդիսանար սկիզբը Դաշնակցութեան երիտասարդական կառոյցի սաղմնաւորման ու հետագայ զարգացման։ Միացեալ Նահանգներ գործուղուած Գարեգին Նժդեհի ղեկավարութեամբ արագընթաց թափ կը ստանան ՀԵԴ ուխտերը Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի բազմաթիւ քաղաքաներու մէջ։ ՀԵԴ-ի ստեղծման հիմնական նպատակն էր պահպանել ամերիկահայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութիւնը, պայքարիլ ուծացման դէմ եւ սերունդներու մէջ վառ պահել Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարն ու տեսլականը։

Տասնամեակներու ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդական կառոյցը պիտի ծաւալէր իր գործունէութիւնը եւ իր ծիլերը պիտի արձակեր Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ովկիանիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեամբ տոգորուած երիտասարդներու ամբողջ սերունդ մը պիտի դառնար Լիբանանի եւ Սուրիոյ պատերազմներու ընթացքին հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան պաահակագունդը եւ պիտի ստանձնէր գաղութներու ազգային կառոյցներուն ու ժողովուրդին պաշտպանութիւնը։ Արցախեան ազատամարտի օրերուն, նոյն սերունդի երիտասարդները պիտի չվարանէին իրենց անձնուիրութեամբ նետուելու պայքարի դաշտ եւ ինքնազոհաբերուէին յանուն հայրենի հողի ազատագրման։

2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին, գաղափարապաշտ եւ հայրենապաշտ նոյն սերունդը ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ կատարեց իր առաքելութիւնը եւ ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամ զինուորագրեալներ արժանացան նահատակութեան փառաց պսակին։

Հայ ժողովուրդի գերագոյն իղձերը իրականացնելու յանձնառութեամբ, ՀՅԴ Երիտասարդականը Հայ Դատի ու հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր թեւակոխած է 90-ամեայ ճանապարհ եւ այդ ընթացքին դարձած է հայութեան նորահաս սերունդի ազգային գաղափարախօսութիւն հաղորդող կազմակերպութիւնը։

Այսօր, երբ շրջափակուած է Արցախը, երբ թշնամին բռնագրաւած է հայրենի տարածքները, երբ վտագնուած է ու ամենօրեայ սպառնալիքի տակ կը գտնուի Սիւնիքը, ՀՅԴ Երիտասարդկան կառոյցները պատնէշի վրայ գտնուելու եւ երկարաշունչ պայքարին կուռ շարքերով մասնակցելու պարտաւորութիւնը ունին։

Սերունդներու ազգային դաստիարակութիւնը ազգի մը գոյատեւման ապագայի հիմնաքարն է։ ՀՅԴ երիտասարդականը իր կարգին սերունդներ դաստիարակած է, եւ կը շարունակէ դաստիրակել Դաշնակցական գաղափարախօսութեամբ՝ կեանքի կոչելով մարտունակ ու հայրենատիրութեան գիտակցութեամբ սերունդներ։ Ազգային արժանապատուութիւն, Ինքնաճանաչողութիւն, առաքինութիւն, արիութիւն, հայրենասիրութիւն, արդարամտութիւն, կարգապահութիւն. Այս արժէքներու ինքնատիրապետման ճանապարհով ՀՅԴ Երիտասարդականը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան բնազդի հաղորդիչ ու կենարար ուժը հանդիսացող ՀՅԴ Երիտասարդական կառոյցը անհաւասար ազատամարտի մէջ է այսօր։ Կորուստէն ետք յուսաբեկութեան ու բարոյալքման թմբիրը թօթափելու եւ պայքարի դաշտ նետուելու պահն է։ Կորուստէն ետք մաքառումի աննկուն կամքով տոգորուելու ժամանակն է եւ ապագայ յաղթանակները կերտելու գրաւականը՝ կազմակուռ շարքերով հայրենի Արցախին անմնացորդ նուիրումն է։ Դաշնակցութեան անդամագրուած երիտասարդը պարտական է Արցախեան ճակատագծին վրայ նահատակուած բոլոր անձուրաց հերոսներուն եւ ճակատագրուած է կրելու անոնց կտակած պայքարի խաչվառ վահանը։

Նժդեհէն ժառանգ մնացած հայրենապաշտութեան հոգեկերտուածքով Դաշնակցական երիտասարդութեան դաւանանքը՝ եղած է ու կը մնայ Միացեալ եւ անկախ հայրենիքի կերտումն ու վերընձիւղումը։

«Հորիզոն»ի Խմբագրական