կարևոր
3031 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2023-07-24 15:14
Հասարակություն

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Յաջորդ երգը` «Դէպի Լիզպոն գնացին», որուն մտայղացումը, վերը ըսինք, Վաչէին է: Խօսք, երաժշտութիւն եւ մեկնաբանութիւն` նոյնպէս Վարդան Եսայեանին կը պատկանի:

Վարդան այս երգն ալ հրապարակած է 1984-ին:

«Դէպի Լիզպոն գնացին» երգին երաժշտութեան մեղեդին քնարական է` որպէս ժողովրդական ոճ, կը զատորոշուի ինքնուրոյն յուզական արտայայտչութեան մեղեդիով: Սակայն Վարդանի իւրայատուկ ձայնը իր բոլոր երգերուն մէջ յուզականութենէ քիչ մըն ալ անդին գացած է դէպի լալկան ոճի:

Այստեղ անմիջապէս նշենք, որ կարգ մը երգարաններու մէջ սոյն երգի խօսքերու հեղինակ Արփի Սանոսեան արձանագրուած է, որ բնականաբար սխալ է:

Երգին կրկներգին առաջին տողը, որ Լիզպոնի հինգի մայրերուն համար կ՛ըսուի` «Մարտիկներն են, ասէ՛ք, մայրեր չմահացան», հոս յարմար նկատելով` կը մէջբերենք Լիզպոնի հինգէն` Սագօ Աբրահամեանին վերջին պատգամ-երկտողը, գրած իր մօրը. «Սիրելի մայրս, ես նորէն կ՛երթամ, ետեւէս մէկուն մի՛ հարցնէք, որովհետեւ չեն գիտեր: Ես կապ կը պահեմ»:

Նորութիւն չէր այս մէկը, ամէն անգամ որ Սագօ կ՛անհետանար շաբաթներով եւ երբեմն ամիսներով, նոյնպիսի երկտողներ կը ձգէր իր մօրը, որ միշտ մտահոգ էր անոր ապագայով:

Սագօ ծնած է 23 փետրուար 1962-ին, Պէյրութ: Իր նախակրթութիւնը կը ստանայ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք միջնակարգ ուսման համար կը մտնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը: Ուսման շրջանը կէս կը ձգէ, երբ հայրը կը մահանայ 1974-ին, եւ երբ տան ապրուստի հոգը կը մնայ իր վրայ: Կը դիմէ արհեստի, որուն մէջ շատ արագ կը յառաջդիմէ եւ քանի մը տարի ետք արդէն կը մտածէ անհատական գործի ձեռնարկելու մասին: Կը կատարէ կարգ մը նախապատրաստական աշխատանքներ:

1980-ին կը սկսի փախուստ տալու գործէն եւ յաճախակի բացակայութիւններ արձանագրելու: Կարճ շրջանէ մը ետք, վերջնականապէս կը ձգէ գործը, որմէ ետք երբեք երկար ժամանակով նոյն տեղը չ՛աշխատիր: Երբ ծանօթները կ՛ուզեն գործ մը ապահովել իրեն, չի մերժեր, սակայն միշտ փախուստ կու տայ:

Յաճախ արկածի կը հանդիպէր եւ ոտքին կամ թեւին ոսկորները յաճախ կը վնասուէին: Վերջին օրերուն եւս ան ինկած էր մոթորսայքըլէն եւ կոտրած էր աջ ոտքին ոսկորը: Ստիպուած` երկար ատեն ոտքը գաճի մէջ պահած էր: Սակայն ապաքինման շրջանը տակաւին չաւարտած` կը դիմէ բժիշկին, որպէսզի քակէ գաճը: Բժիշկը կը մերժէ: Բժիշկին խօսքին կարեւորութիւն չի տար եւ ինք անձամբ կը քակէ գաճը: Երկու օր մարձումի կ՛երթայ եւ երրորդ օրը` 22 յուլիս 1983-ի առաւօտուն նոյն պատճառով կը մեկնի տունէն եւ այլեւս չի վերադառնար: Քանի մը օր ետք եղբայրը Սագոյին երկտողը կը գտնէ գրադարանին մէջ:

Այս անգամ, սակայն, Սագօ այլեւս բնաւ պիտի չվերադառնար:

«Մաման թող չլայ, այլ թող աղօթէ մեզի համար», քրոջը կ՛ըսէր Սարգիս: Ամէն մարդ իր սիրածին հետ կը պսակուի, ան իր գաղափարին հետ պսակուեցաւ», ըսած էր Սարգիսին մայրը` Մարիամ Աբրահամեան:

Եւ ահա որքան դիպուկ է ստորեւ տրուած երգին առաջին տողը, որ կ՛ըսէր. «Քաջեր անցան, մնաք բարով չասացին»: Այս եղաւ Սագոյին, Վաչէին, Սիմոնին, Արային եւ Սեդրակին որդեգրած ուղին:

Դէպի Լիզպոն Գնացին
Խօսք եւ երաժշտութիւն` Վարդան Եսայեանի

Քաջեր անցան, մնաք բարով չասացին
Սիրտերն ուրախ դէպի Լիզպոն գնացին,
Մեր կեանքն այս է, բոլոր հայեր իմանան,
Քաջ մարտիկի ետից մայրեր չլացին:

Կրկ.-

Մարտիկներն են, ասէ՛ք, մայրեր, չմահացան,
Ուխտենք, հայրեր, էնպէս քաջեր շատանան:

Ուխտն էր նրան` զոհուել հայոց սուրբ հողուն,
Մէկ նպատակ հինգ քաջն առին որոշում,
Գարուն կեանքը մատաղեցին հայ արեան,
Որ հայրենի դրօշն արի ազատուի:

Կրկ.-

Մարտիկներն են, ասէ՛ք, մայրեր, չմահացան…

Քաջն համբուրեց ընկերներին հետ հասած,
Հայ որդիներ, մեր կտակը ձեզ մնաց,
Երբ որ հասնենք հայրենիք ազատ հողուդ
Վառենք ջահը, խմենք գաւաթ ձեր կենաց,
Պիտի հասնենք հայրենիք ազատ հողուդ,
Վառենք ջահը, խմենք գաւաթ ձեր կենաց:

Կրկ.-

Մարտիկներն են, ասէ՛ք, մայրեր, չմահացան…

* * *

Յարութիւն Քէօշէեանի հեղինակութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ հրապարակուած է «Մատաղ ազատութեան խորանին» խորագրեալ ձայնապնակը, որուն երգացանկին մէջ կայ ձայներիզին համանուն խորագիրը` «Մատաղ ազատութեան խորանին» կրող երգ մը նուիրուած Լիզպոնի տղոց:

1984-ին մեկնաբանուած «Մատաղ ազատութեան խորանին» երգի խօսքերուն եւ երաժշտութեան հեղինակն է Յարութիւն Քէօշէեանը:

Յարութիւն Քէօշէեան ծնած է 1952-ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս: Նախնական ուսումը Աղեքսանդրիոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ եւ յետոյ օտար վարժարանի մը մէջ ստանալէ ետք, 1967-ին Վենետիկ մեկնած եւ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը յաճախած է` զայն աւարտելով 1970-ին: Եռամեայ այս դպրոցական շրջանին խոր ազդեցութիւնը կրած է վարժարանին տեսուչ Սերովբէ վրդ. Ագըլեանին, որ Յարութիւնին մէջ սերմանած է ազգային զգացումներ:

Այնուհետեւ կրթութիւնը շարունակած է Փատովայի բժշկական համալսարանին մէջ եւ մասնագիտացած` ընդհանուր բժշկութեան բնագաւառէն ներս: Աւելի ուշ մասնագիտացած սրտաբանութեան մէջ:

Յարութիւն Քէօշէեան կանուխէն ազգային կեանքին նուիրուած է` նախ Եւրոպայի Հայ ուսանողական միութեան ու յետոյ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամակցելով ու անկէ ետք երկար տարիներ իտալահայ «Հայկական Ձայն» պարբերաթերթին խմբագրութեան մասնակցելով:

Եղած է Իտալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի հիմնադիրներէն ու երկար տարիներ գլխաւոր սիւներէն մէկը եղած է Վենետիկի շրջանին մէջ տարուած Հայ դատի աշխատանքներուն: Հիմնադիրը եղած է նաեւ ՀՕՄ-ի Իտալիոյ մասնաճիւղին:

Բժշկական ու ազգային գործունէութեան կողքին, Յարութիւն Քէօշէեան մեծ սէր ունեցած է երգ ու երաժշտութեան հանդէպ: Միջոց մը, իր ազատ ժամերուն, Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին աշակերտներուն հայերէն երգերու ուսուցիչ եղած է: Կը սիրէր տուտուկ նուագել եւ զանազան առիթներով, հայկական ձեռնարկներու ընթացքին հաւաքոյթը ծաղկեցուցած է իր նուագով:

Գեղեցիկ ձայնով օժտուած` կը սիրէր ոչ միայն երգել, այլ նաեւ` երգեր յօրինել: Ան բազմաթիւ երգերու` բառերու եւ երաժշտութեան հեղինակ է եղած: Թէեւ երաժշտական յատուկ ուսման չէր հետեւած, սակայն բնատուր երաժշտական ձիրքով օժտուած է:

«Մատաղ ազատութեան խորանին» ձայնապնակի երգերը, որոնք ազգային, յեղափոխական բովանդակութիւն ունին, ձայնանուագային բաժինին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են Պետիկ եւ Գօգօ Պետիրեաններ եղբայրները:

Վաստակաւոր բժիշկ Յարութիւն Քէօշէեան 2018-ին, ծանր արկածի մը պատճառով, 66 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է:

Բժիշկ Յարութիւնին վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած է Լիզպոնի գործողութիւնը ու մանաւանդ` Սեդրակը, Սիմոնը, Սարգիսը, Արան ու Վաչէն. հինգին սխրագործութիւնը պատճառ հանդիսացած է, որ ան ստեղծագործէ ու մեկնաբանէ «Մատաղ ազատութեան խորանին» երգը: Երգը արեւելահայերէնով գրուած է, ունի շատ պարզ ու յստակ բառեր եւ` գեղեցիկ շարահիւսութիւն:

Երաժշտութիւնը դանդաղ, քանի մը հայկական ժողովրդային նուագարաններով երգուած քնարերգական ոճ ունի: Ասոնց կը միանայ Յարութիւնի ազգային եւ հայրենասիրութեամբ լեցուն զգացական, տպաւորիչ եւ խորունկ արտայայտչական մեկնաբանութիւնը, որ երգը շատ դիւրահաղորդ կերպով կը հասցնէ ունկնդիրին:

Մատաղ Ազատութեան Խորանին
Խօսք եւ երաժշտ.` Յարութիւն Քէօշէեանի

Ձեր անունը պիտի յիշուի դարէ դար,
Իմ հոգու մէջ ձեզ կը տանեմ սարէ սար:

Ես երգում եմ հայու սիրտը վիրաւոր,
Եւ ապրում եմ հայու կեանքս ամէն օր:

Հաղորդւում եմ ազգիս ցաւով դարաւոր,
Եւ տանջւում եմ պանդուխտի պէս հեռաւոր:

Հերոս լինենք, նահատակուենք ազգիս համար,
Նոր զէնքերով կտրենք մեր նոր ճանապարհ:

Ազատութեան մարտիկները մեզ համար,
Ռումբեր ձեռին մտնում են տաճկի բանակ:

Եւ զոհւում են ընկերները միասին,
Իբրեւ մատաղ ազատութեան խորանին:

Սեդրակ, Սիմոն, Սարգիս, Արան ու Վաչէն,
Դաշնակցութեան պանթէոնում թող հանգչեն:

Ամէն հայ մարդ նրանց դէմքը թող յիշէ,
Բաժակներն էլ միշտ կենացնուն թող խմէ:

Ազգին մատաղ թափուած արիւնը մեզ համար,
Սուրբ պատարագ է ազգիս յարութեան համար:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com

(Շար. 6)

Նախորդ՝ առաջին եւ երկրորդ, երրորդչորրորդ, հինգերորդ հոդվածները