Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ 12-18 սեպտեմբերին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով` գրական-մշակութային, կը նշուի միութեան 95 տարիներու բեղուն գործունէութեան ամեակը:
Համազգայինի
Վերջին Հրատարակութիւններու Շնորհահանդէս
13 սեպտեմբերին Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ կայացաւ Համազգայինի վերջին հրատարակութիւններուն շնորհահանդէսը եւ ընթերցողի դատին յանձնուեցան չորս ժողովածուներ:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ «Soaring words» ժողովածուն, որ կը ներկայացնէ արցախցի ութ արձակագիրներու պատմուածքները` անգլերէն թարգմանութեամբ (խմբագիր-թարգմանիչ` Արեւիկ Գաբրիէլեան): «Ձայն արցախական», «Ձայն հիւսիսային», «Ձայն քերթողական» գիրքերը հրատարակուեցան Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի եւ դոկտոր-փրոֆեսէօր, բեմադրիչ-թատերագիր Հրանդ Մարգարեանի անմիջական նախաձեռնութեամբ, իսկ գիրքերը լոյս տեսան «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ:
Այս առիթով կայացած ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան, իսկ հրատարակուած գիրքերուն մասին արտայայտուեցաւ եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակին ողջոյնի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, այնուհետեւ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան, գրականագէտ, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Արմէն Աւանեսեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի եւ երիտասարդ գրող Հայկ Սիրունեան:
Շնորհահանդէսին տեսաուղերձով ներկաները ողջունեցին դոկտոր Հրանդ Մարգարեանը, Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Նորեկ Գասպարեանը եւ արցախցի գրականագէտ, «Ձայն արցախական» գիրքի կազմութեան խորհուրդի անդամ Ամալիա Գրիգորեանը: Դոկտոր Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հրատարակութիւններու լոյս ընծայման եւ տեղեկացուց, որ շարքը շարունակական պիտի ըլլայ:
Իր հայրենաշունչ երգերով արցախցի երգիչ Արթուր Խաչենց ներկաները երգի թեւերով հասցուց շրջափակուած Արցախ, ուր 120 հազար արցախցի հայրենակիցներ ամիսներէ ի վեր գոյապայքարի մէջ են:
Վերոնշեալ գիրքերէն հատուածներ ընթերցեց ասմունքող Հռիփսիմէ Սարգսեան, իսկ միջոցառման աւարտին Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հ. Աւագեան «Soaring words» գիրքին մէջ ընդգրկուած արցախցի արձակագիրներու անունով շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի թարգմանիչ ու խմբագիր Արեւիկ Գաբրիէլեանի եւ իբրեւ խորհրդանշական նուէր` անոր նուիրեց մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը Շուշիի գորգագործարանին մէջ գործուած «Մենք ենք մեր սարերը» յուշագորգը:
«Արցախ. Անաւարտ Պատերազմ»
Պատկերագիրքի Շնորհահանդէս
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Երեւանի մէջ լոյս ընծայուեցաւ արցախցի լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ» եռալեզու պատկերագիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր 12-ին ժողովրդական արուեստներու թանգարանի սրահին մէջ:
Լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեան Արցախի 120 հազար մեր հայրենակիցներուն հետ գտնուելով ձեռնարկին մէջ, ներկայ չկրցաւ գտնուիլ ձեռնարկին, ուստի իր կատարած կարեւոր գործին մասին պատմեցին հեղինակած լուսանկարները եւ անոնց վերաբերող տեսանիւթը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան, որ պատմեց, թէ` ինչպէ՛ս ծագեցաւ պատկերագիրքի ստեղծման գաղափարը, եւ, թէ ի՛նչ առաքելութիւն պիտի ունենայ անիկա` մերօրեայ իրականութիւնը աշխարհին ներկայացնելու առումով: Աւագեան նշեց, որ պատկերագիրքը արդէն հասած է Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Քուէյթ, Լիբանան, Կիպրոս եւ այլ երկիրներ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակուի տարածուիլ Համազգայինի աշխարհասփիւռ գրասենեակներու միջոցով: «Այս պատկերագիրքին մէջ ցաւը շատ է, բայց չկայ լալկանութիւն, գիրքին համար գրուած ներածական խօսքիս մէջ ըսած եմ եւ կ՛ուզեմ նորէն շեշտել, որ այս գիրքը ապրելու մասին է, որովհետեւ մահուան հականիշը ապրիլն է, որովհետեւ անոնք նպատակադրած են սեփական հողի վրայ ազատ եւ արժանապատիւ ապրիլ, թէկուզ` գերութեան մէջ: Գերութիւնը յաւերժ չէ, եթէ կայ ազատութեան ձգտում», նշեց Հերմինէ Աւագեան: Ան աւելցուց, որ պատկերագիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` «Անաւարտ պատերազմ», «Վերադարձ» եւ «Կեանքի ճանապարհ», ինչպէս նաեւ ներկայացուած է եռալեզու` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն:
Օրհնութեան խօսք արտասանեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, որ անհրաժեշտ նկատեց պատկերագիրքին ծնունդը իբրեւ վաւերագրութիւն եւ կարեւոր ըսելիք աշխարհին, օտարներուն:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ համոզմունք յայտնեց, որ պատկերագիրքը սթափութեան ազդակ պիտի դառնայ նախ մեզի` հայերուս, ապա աշխարհին համար:
Խօսքեր արտասանեցին նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, պատկերագիրքի ձեւաւորող, լուսանկարիչ Զարեհ Շիրվանեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, լուսանկարիչ Նարեկ Ալեքսանեանը, երգչուհի Շուշան Պետրոսեանը, լուսանկարիչ Իննա Մխիթարեանը:
«Դիզակ արտ» կեդրոնի ուսուցչուհի Անուշ Ստեփանեանի կատարումով հնչեցին Արցախի «Հորովել»-ը եւ արցախեան օրօրոցայինը` երգի թեւով ներկաները տանելով Արցախ:
Հաղորդենք, որ շնորհահանդէսը ընթացաւ անմիջական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Դաւիթին վերջին լուսանկարներէն, որոնք պատմեցին Արցախի շրջափակման մասին: Հ. Աւագեան այդ լուսանկարները բնորոշեց ու վերնագրեց իբրեւ «Իրականութիւն», «Պայքար» եւ «Երազանք»: Արցախցի փոքրիկ տղուն ժպտացող աչքերով լուսանկարը կը խորհրդանշէ ամբողջ ժողովուրդին ապրելու երազանքը, հաւատքը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը:
«Արցախ. անաւարտ պատերազմ» պատկերագիրքին շնորհահանդէսը աւարտեցաւ Շուշան Պետրոսեանի եւ Անուշ Ստեփանեանի «Աղէ արկանք» արցախեան երգի կատարումով:
aztagdaily.com