կարևոր
2368 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2023-07-22 15:30
Հասարակություն

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Իրերայաջորդ երգերու մտայղացումը կը պատկանի Լիզպոնի գործողութեան նահատակներէն Վաչէին:

Արդ, երկու երգերու մասին նախ խիստ կարեւոր է նկարագրել, թէ այս երգերը ինչպէ՛ս ծնունդ առած են, ի՛նչ էին անոնց դրդապատճառները: Այս մասին դիմեցինք Վաչէ Տաղլեանի եղբօր` Ժագ Տաղլեանին:

Ժագին հետ մեր ունեցած զրոյցին ընթացքին երեւան կու գայ, որ Մասիսին ծնրադրած հինգ հայրենապաշտներէն Վաչէն իր գործատեղիին մօտ Վարդան Եսայեան անունով երգիչ-յօրինող դրացի մը ունէր, որ սիրային երգեր կ՛երգէր, ինչպէս նաեւ յօրինումներ ալ կը կատարէր: Երկու դրացի լաւ խօսակիցներ էին, Վաչէն տեւական զրոյցներու եւ քննարկումներու լոյսին տակ նոր ստեղծագործուելիք երգերու մասին իր խորհուրդներն ու մտայղացումները կը փոխանցէր Վարդանին:

Վաչէի այդ միտքերը Վարդանը կ՛արձանագրէր իր յուշատետրին մէջ: Հոն, Վաչէն հանգամանօրէն խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն նահատակներու մասին, թուրքերու կատարած անմարդկային արարքին մասին, յանցագործին` պատիժ չստանալու իրողութիւնը, արդար հատուցումի պարագան, հայ ազգի ու յատկապէս սփիւռքի հայապահպանման ու գոյատեւման մասին, ինչպէս նաեւ` հայ յեղափոխական պայքարի հերոսներուն մասին եւ այլ նիւթեր: Վաչէն բացատրելով անոնց հետ կապուած դէպքերու պատմութիւնը` թերեւս անոնց մէջ կը տեսնէր իր երազներու իրականացումը եւ ձեւով մը արդէն նոր երգերու ենթահող կը պատրաստէր: Բան մը, որ Վարդանի նման երգ յօրինողի եւ երգիչի մը միտքը կը նախապատրաստէր:

Հետագային, Լիզպոնի գործողութենէն ետք Վարդան արդէն հասկցած էր, թէ ի՛նչ էր տեղի ունեցածը:

Ուստի, այս նախաբանէն ետք պէտք է ընդգծել նաեւ, որ Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգերու շարքին մէջ միակ երգը, որուն մէջ առանձնայատուկ թեման Վաչէն է, այդ ալ ստորեւ տրուած «Երգ` Տաղլեան Վաչէի» խորագրով երգն է: Անոր ծնունդն ալ, բնականաբար, Վաչէին եւ Վարդանին սերտ կապի արդիւնքն էր:

«Երգ` Տաղլեան Վաչէի» երգի խօսքերուն ու երաժշտութեան հեղինակը Վարդան Եսայեանն է: Վարդան այս երգը ինքն ալ երգած է եւ հրապարակած` 1984-ին:

«Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ. զոհը պիտի չըլլամ ճակատագիրի խաղերուն: Ես Հայ դատի զինուոր եմ, կեանքս պիտի զոհեմ այդ ճամբուն վրայ»:

Այս էր Վաչէին յաճախ կրկնած խօսքը, որ, սակայն, նկատի չէր առնուեր իր շրջապատին կողմէ` իբրեւ անմիջական որոշում կամ յանձնառութիւն:

Վաչէ Տաղլեան ծնած է 8 հոկտեմբեր 1964-ին, Պէյրութ, հայաշունչ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը կ՛ըլլայ իր առաջին դաստիարակը, որ Վաչէին մէջ կ՛արթնցնէ ազգին սէրը եւ Հայ դատի համար պայքարելու ոգին:

Կը յաճախէ թաղին ազգային վարժարանը, ուր իր մէջ աւելի եւս կը թրծուի ազգային նկարագիրը: Նախակրթութիւնը աւարտելէ ետք կը մտնէ արհեստի ասպարէզ եւ կը դառնայ ինքնաշարժ նորոգող:

Տակաւին` պատանի, արդէն իսկ ծայր կ՛առնէ Լիբանանի երկարամեայ պատերազմը: Պատերազմի ընթացքին Վաչէ իր կարգին կ՛ուզէ տէր կանգնիլ հայկական թաղերու պաշտպանութեան, սակայն փոքր նկատուելով` սկիզբը չի կրնար մասնակցիլ պահակութեան: Հետագային ան կը մասնակցի պահակութեան գործին:

Հայութեան ծառայելու իր բաղձանքը, որ պատանի տարիքին կը դրսեւորուէր պահակութեան ճամբով, գոհացում չի տար անոր, եւ ան գաղափարական կազմաւորման ճամբով կ՛ուզէ անցնիլ ուղղակի գործօն պայքարի: Ոչ ոք կը մտածէր Վաչէին խօսքերուն մասին եւ ոչ ոք կ՛անդրադառնար անոր երազներուն լրջութեան: Բոլոր ընկերներն ալ Վաչէին մէջ կը տեսնէին զուարթ, կատակասէր, խանդավառութիւն ստեղծող ընկերային այն տղան, որ միշտ հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէր իր շուրջ:

Արձակուրդի մը համար տունէն կը մեկնի 18 յուլիսին` ըսելով, թէ 15 օր կ՛ուզէ Յունաստան անցընել: Այդ կ՛ըլլայ իր վերջին մեկնումը:

Երկու խօսք` Վարդան Եսայեանի մասին: Ան ծնած է 1954-ին, Հալէպ: 1967-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Լիբանան: Վարդանի ընտանիքը եղած է երաժշտասէր, եղբայրները` Գէորգը, հանրայայտ քանոնահար էր, իսկ Յովսէփը` Յովհաննէս Պատալեանի աշակերտած, լաւ ձայնի տէր էր, երգած է բազմաթիւ երգեր: Վարդան Եսայեան դժբախտ պատահարի մը պատճառով հրաժարած էր բեմ բարձրանալէ: Անոր միակ մխիթարութիւնը երգեր յօրինել եւ այդ երգերը իր ձայնով արձանագրել էր: Անոր հեղինակած երգերէն է «Անգութ հոգուով», «Սիրտս քեզմով» եւ այլ երգեր:

Վարդան Եսայեան սրտի կաթուածի պատճառով կը մահանայ 14 փետրուար 2005-ին:

Վարդան Եսայեանի հեղինակած «Երգ Տաղլեան Վաչէի»-ն երգը արեւելահայերէն է, պատմողական բնոյթ ունի: Խօսքերու եղերերգութիւնը կը համապատասխանէ եղանակի պատմողական հանդարտ ընթացքին, որ ունի ողբերգական տրամա: Երաժշտութիւնը հանդարտ է, մելամաղձոտ, եւ նրբազգաց շեշտաւորում կայ հոն: Հոս, հայրենասիրական շունչն ու ոգին համարկուած են աշուղականին: Այստեղ ի յայտ կու գայ նուագախումբին կողմէ առաջարկուած աշուղա-գուսանական նուագին ընկերակցութիւնը, որ մասամբ մեղմած է խօսքերուն պոռթկումային խոյանքը:

Մեր տրամադրութեան տակ գտնուած երգեցողութիւնը, յատկապէս` հայկական երաժշտական նուագարաններու գործածութեամբ, լուրջ զգացական ու յուզումնալից պահեր կ՛ապրեցնէ:

Երգ Տաղլեան Վաչէի
Խօսք եւ երաժշտութիւն` Վարդան Եսայեանի

Ծնուած մի վեհ հայ օճախի սնարէն,
Պայքար քաղաք կոտորածի սպիէն,
Հայոց սէրը երակների արեան հետ,
Մահն իմացեալ անխնայ ուղղուեց ՎԱՉԷՆ:

Տխուր էր նա, հպարտ սրտով,
Արեան պարտքի ժամ կ՛ապրէր.
Մի հուր էր նա հայկեան սուրով,
Երբ թշնամուն դէմ կանգնէր:

Նա պատմում էր հերոսների մարտերէն,
Անձայն ցաւում` ապրիլեան խոր վերքերէն,
Համոզուած էր` համ չունէր ողջ աշխարհը,
Ո՜վ հայրենիք, մի ափ հողիդ փոխարէն:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com

(Շար. 5)

Նախորդ՝ առաջին եւ երկրորդ, երրորդչորրորդ հոդվածները