կարևոր
2737 դիտում, 9 ամիս առաջ - 2023-07-19 15:04
Հասարակություն

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները

Յաջորդ երգը կը կրէ «Ռմբակէզներ» խորագիրը: Այս երգը առաջին անգամ հնչած է ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, 15, 16 եւ 17 յունիս 1984-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Յեղափոխական մշակոյթի օր» խորագիրով քաղաքական բանտարկեալներուն նուիրուած իրերայաջորդ ձեռնարկներուն ընթացքին:

«Ռմբակէզներ» երգին խօսքերու հեղինակն է Մհեր (Մեհրէ) Գարագաշեանը, իսկ երաժշտութիւնը` Վարդան Աշգարեանի (այժմ` Մաշտոց Ա. քհնյ. Աշգարեան): Ներդաշնակութիւնը ձայնի եւ դաշնամուրի` Ստեփան Վ. Էմմիեանի:

Արդարեւ, երգին մասին յաւելեալ ստոյգ տեղեկութիւններ քաղելու համար դիմեցինք երգի հեղինակներէն Մհեր Գարագաշեանին: Ան ծնած է 1965 թուականին, Այնճար, Լիբանան: Ուսանած է Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան», ապա շարունակած` Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին մէջ: «Նոր գրականութիւն» շարժումի հիմնադիրներէն, 1984: 1995 թուականին աւարտած է Քոնքորտիա համալսարանի շարժապատկերի բաժանմունքը` ֆիլմարտադրութեան մասնագիտութեամբ: 1991-2006 թուականներուն ստանձնած է Մոնրէալի «Հորիզոն» հեռատեսիլի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը: Նոյն տարիներուն աշխատակցած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, ստանձնած է միութենական, կուսակցական եւ ազգային պատասխանատու պաշտօններ:


Մհեր-Գարագաշեան

Մհեր Գարագաշեան «Ռմբակէզներ» երգին մէջ շատ ծանր գրական ոճ ընտրած է, բառերու ընտրութիւնը բաւական խորիմաստ են եղած: Լիզպոնի գործողութեան միտքը, խորհուրդն ու պատգամը` հասկնալի:

Վարդան Աշգարեանի երաժշտութիւնը քայլերգային է: Ունկնդիրը խրախուսող եւ պայքարի ու պահանջատիրական ոգին արթնցնող, այլ խօսքով` սգաւոր սիրտին լարերուն մխիթարութիւն եւ ուժ ներշնչող:

«Ռմբակէզներ» երգը մեկնաբանած է Ծովիկ Պօղոսեանը` դաշնակահար Ստեփան Վ. Էմմիեանի ընկերակցութեամբ:

Ծովիկին գեղեցիկ եւ հրաշալի ձայնով երգը կեանք առած է եւ իրերայաջորդ երեք օրերուն ալ` հանդիսատեսներուն մեծ ընդունելութեան արժանացած: Այդ օրերուն, բոլոր ձեռնարկներու ընթացքին, ան` նախ իբրեւ պատանի, ապա ԼԵՄ-ական, իր գեղեցիկ ձայնին եւ լաւ կատարողութեան համար գեղարուեստական յայտագիրներուն ընդհանրապէս իր մասնակցութիւնը բերած է իբրեւ մենակատար: Ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու երգչախումբին (խմբավար ունենալով` Ալեքսան Մնակեանին: Երգահանդէսը 1980-ին):

Երգի բառերուն, երաժշտութեան եւ մեկնաբանութեան միաձուլումով «Ռմբակէզներ» երգը իր արժանի տեղը գտած է: Այդ իսկ պատճառով ալ իրերայաջորդ ելոյթներու հանդիսականներու բարձր գնահատանքին արժանացած է:

Ռմբակէզներ

Խօսք` Մհեր Գարագաշեանի
Երաժշտ.` Վարդան Աշգարեանի

Ինչպէ՜ս չմխալ բոցով ձեր արեան,
Շանթ աչքերը ձեր Վահագնի մեհեան,
Լոյսի փոթորիկ, ցաւաժայթք ական,
Օ՜, դուք արեգնածիններ անձնասպան:

Կրկներգ.
Արտաւազդ նստաւ ձեր մէջ,
Պայթեցաւ որպէս ճաճանչ վայրի,
Շղթաները մխեց մեր սրտին,
Հրաբխմամբ ձեր կ՛այրի:

Ռումբերը դարձան բոսոր բազէներ,
Թռցուցին ճիչն Եղեռնի կարեվէր,
Լիզպոնի մոխրացած երկինքն ի վեր,
Օ՜, դուք Երկրէն ատրուշանի ճենճեր:

Կրկներգ.
Արտաւազդ նստաւ ձեր մէջ…

Լուռ տրոփը ձեր վերջին թէժ ղօղանջ,
Հրասոյր երիվարի խօլ շառաչ:
Սօսիի հրկիզեալ խշշոց կանաչ,
Դուք յեղափոխ ահազանգի սուր կանչ:

Կրկներգ.
Արտաւազդ նստաւ ձեր մէջ…

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com

(Շար. 3)

Նախորդ՝ առաջին եւ երկրորդ հոդվածները