Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հալէպահայ համայնքապետները, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսն ու Մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Ազգ. Իշխանութեան ներկայացուցիչներն ու Սուրիոյ խորհրդարանի հալէպահայ երեսփոխանը համախմբուած էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, ապա նաեւ ներքնասրահին մէջ տօնախմբելու Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 102-ամեակը։
Ձեռարկը, որ կազմակերպուած էր Հայ Երիտասարդաց Միութեան կողմէ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Մայիս 2020-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին։
Նախքան հանդիսութիւնը, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ մայիսեան յաղթանակներու նահատակներուն:
Ապա ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ սրահին մէջ, սուրիական եւ հայկական զոյգ քայլերգներով, որոնցմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան։ Ան իր խօսքին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ մայիսեան յաղթանակներուն դերն ու կարեւորութիւնը մեր գերագոյն նպատակին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ նման ձեռնարկներ կարեւոր համարեց անկախութեան սերունդի աւանդներով ներշնչելու հայ երիտասարդութիւնը: Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» բանաստեղծութեան Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի տպաւորիչ ասմունքով:
Ասմունքին յաջորդեց Մարիա Չիթչեանի «Ե՛լ, Գէո՛րգ», «Հայ Քաջեր» եւ «Հայոց Բանակ» յեղափոխական երգերու չինչ կատարումը:
Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան անդամ Յուշիկ Ղազարեան, որ անդրադառնալով յատկապէս պատմութեան իւրացման կարեւորութեան, Արամ Մանուկեանի հսկայական դերին ՀՀ Անկախութեան կերտման մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակաշրջանին իր նմաններուն անհրաժեշտութեան, դիտել տուաւ, որ «Մենք ազգովին տակաւին բնաջնջման անդունդին եզրին կը քալենք եւ մեր պարտաւորութիւնն է ըլլալ աչալուրջ եւ զգօն»:
Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ «Զուարթնոց» երգչախումբի «Հողին Երգը» եւ «Սասուն» երգերով, գեղ. ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, ապա սրբազան հայրը ներկայացուց օրուան եզրափակիչ պատգամը՝ յիշելով, թէ ինչպէ՛ս դարեր շարունակ որբ ու անտէր մնացած ժողովուրդը, իր ղեկավարութեան շնորհիւ, տիրացաւ իր անկախութեան ու քայլ առ քայլ պետականաշինութեան լծուեցաւ։ Սրբազան հայրը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեան կարեւորութիւնը:
Աւարտին «Զուարթնոց» երգչախումբը ներկայացուց «Սարդարապատ» երգը, որմէ ետք որմէ ետք սրբազան հայրը «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը: