կարևոր
2431 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-07-21 17:02
Քաղաքական

«Շահումեանի Արծիւ» Խորագրեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-Ամեակին Եւ «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղի 20-Ամեակին

«Շահումեանի Արծիւ» Խորագրեալ Ձեռնարկը` Նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-Ամեակին Եւ «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղի 20-Ամեակին

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 10 յուլիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Շահումեանի արծիւ» ձեռնարկը` նուիրուած ԼԵՄ-ի 50-ամեակին եւ մասնաճիւղի 20-ամեակին:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ քայլերգներէն ետք, բացման խօսքը կատարեց Յարութ Մավեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց հիմնադրութեան յաջորդած տասնամեակներու աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ շեշտեց դաշնակցական երիտասարդին կարեւորութիւնը մեր իրականութեան մէջ: Ըստ անոր, հակառակ անոր որ այսօր երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ, բայց եւ այնպէս կրցաւ իր վրայ դրուած յոյսը, երազն ու ակնկալութիւնը բացարձակ յանձնառութեամբ կատարել ու հայութեան ներկայանալ բաց ճակատով եւ արժանապատիւ: Ապա ան յիշեց, որ Արցախը աւելի քան 200 օրերէ ի վեր կը մնայ շրջափակուած, եւ մեր հայրենակիցները կը գտնուին ծանր ու դաժան պայմաններու մէջ, բնականաբար ԼԵՄ-ականները չեն կրնար ձեռնածալ նստիլ եւ սպասել հրաշքի: Նաեւ փոփոխութիւնը ինքնիրեն չի կատարուիր, աշխատանք է պէտք, հաւատք եւ ձգտում: Այս բոլորին միացումն է, որ պէտք է զարգացնենք յանուն մեր Արցախի ազատագրման, յանուն մեր հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, որուն մէջ իրենց սրտի խօսքերը արտայայտեցին մասնաճիւղի նախկին ԼԵՄ-ականները` շնորհաւորելով միութեան 50-ամեակը եւ հպարտութեամբ լուսարձակի տակ առնելով ԼԵՄ-ի եւ «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղին դերը իրենց հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Նաեւ կարդացուեցաւ Շ. Մեղրեանի կենսագրութիւնը` Կարօ Մավեանի կողմէ, որ յայտնեց, թէ Շահումեանի արծիւը մեծ կորուստ էր ամբողջ հայութեան: Կենսագրութեան յաջորդեց Գէորգ Էմինի «Մենք»-ը, զոր ասմունքեց Արման Տէր Պետրոսեան, ապա մենապար` կատարողութեամբ Ցոլեր Ստեփանեանի:

Օրուան բանախօս Շանթ Յարութիւնեան իր խօսքը սկսաւ` հաստատելով, որ Մեղրեանի նուիրական գործն ու օրինակելի կերպարը կը շարունակեն դաստիարակ ըլլալ յաջորդական երիտասարդ սերունդներուն: «Շահէն Մեղրեան սովորական համակերպող անձնաւորութիւն մը չէր, այլ պայքարի ու կռիւի մարդ էր: Կարողութիւն ունէր շարժում ստեղծել իր շուրջ եւ լաւ կը հասկնար հասարակական ու քաղաքական ընկալումները: Ան կը վայելէր լեռնաշխարհի ժողովուրդին անվերապահ զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը: Նպատակը մէկն էր` պահել դարպաս հանդիսացող Շահումեանը եւ պաշտպանել ամբողջ Արցախը: Իր նահատակութեամբ Շահէն Մեղրեան միացաւ հերոսներու փաղանգին` հաւատալով ազգային գաղափարախօսութեան, Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին, հողի ուժին ու զօրութեան: Դաշնակցութեան գործի ընդմէջէն ան տեսաւ իր նպատակներու եւ իղձերու հասնելու ճանապարհը», ըսաւ բանախօսը:

Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ ԼԵՄ-ի ստեղծումն ու առաքելութիւնը` նշելով. «Առաքինի, վեհ իտէալներու եւ վսեմ գաղափարներու մարմաւորումն է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը նաեւ, որ 50-ամեայ փորձ ունի արդէն, յիսնամեակ մը` սերունդներու դաստիարակութեան, նուիրումի ու զոհաբերութեան, յիսնամեակ մը` նահատակներով ու հերոսներով լեցուն, հայրենասիրութեան, անձնուրացութեան եւ պահանջատէր նկարագիրով ու պայքարի ոգիով տոգորուած»:

Շանթ Յարութիւնեան հաստատեց, որ 50 տարիներ շարունակ ԼԵՄ-ի մէջ գործեցին ազատ ու անկախ հայրենիքի տեսլականով ներշնչուած սերունդներ` մնայուն կերպով ծառայութեան ու նուիրումի առաջին գիծերուն վրայ ըլլալով, իսկ միութիւնը միշտ ալ գտնուեցաւ լիբանանահայութեան ազգային քաղաքական ճակատներուն վրայ` գործելով հոն, ուր կարիք կար, անկախ վայրէն ու ժամանակներէն: Ան աւելցուց, որ ասոր կողքին, ԼԵՄ-ի յառաջ տարաւ «Կը մերժենք թրքականը» պայքար, կատարեց քարոզչական աքթեր, ունեցաւ զանազան հրատարակութիւններ եւ «Ռազմիկ» պարբերաթերթ, քարոզչական ձեռնարկներ ու յիշատակի նշումներ, բանակումներ սեմինարներ ու դպրոցներ:

«ԼԵՄ-ը` իբրեւ դաստիարակչական միաւոր, իր շարունակական աշխատանքով ու գործունէութեամբ կայացած կառոյց մըն է առհասարակ` իր տարբեր բաժիններով: Հոն կը շարունակեն կազմաւորուիլ ապագայի դաշնակցական մարդը, քաղաքականացած երիտասարդն ու քննական մտածողութիւնը: Անոր գործելակերպը եւ սերունդներու անցնող շարասիւները զինք արդարօրէն կ՛արժանացնեն յարատեւ պայքարի ջատագովն ու ջահակիրը ըլլալու կոչումին», նշեց բանախօսը:

Ապա ան անդրադարձաւ մերօրեայ կացութեան` շեշտելով, որ այսօր իրավիճակ փոխուած է, նահատակներու արեամբ կերտուած Արցախի կարեւոր մէկ մասը յանձնուած է թշնամիին, իսկ մնացեալը ամէնօրեայ վտանգի ենթակայ է , փակ է Հայաստանը Արցախին կապող Բերձորի միջանցքը: «Բնական է, որ իւրաքանչիւր հայ տագնապի այս կացութեան պատճառով եւ իր հարցադրումներուն պատասխաններ որոնէ: Երիտասարդի մը համար պարագան կրնայ առաւել եւս դժուար ըլլալ` անտարբերութեան ու յուսալքութեան նոր ալիքներու ընթացք տալով, աւելնալով արդէն իսկ օտարամոլութեան եւ այլասերման գոյութիւն ունեցող վտանգին վրայ: Սակայն կարեւորը այն է, թէ մենք ի՛նչ պիտի ընենք այս վիճակին ի պատասխան, ի՛նչ պիտի ընէ հայ երիտասարդը, ԼԵՄ-ը»:

Խօսքը ԼԵՄ-ականներուն ուղղելով` Շ. Յարութիւնեան ըսաւ. «Դուք կառչած պիտի մնաք սկզբունքներուն, ՀՅԴ ծրագիրին ու նպատակներուն` Հայաստանի ու Արցախի ազատութիւնը եւ հայութեան իրաւունքները դասելով բարձրագոյն արժէքներ: Կառչած պիտի մնաք սկզբունքներուն, որպէսզի տեղի չտաք համակերպումին եւ ժամանակի պարտադրած փորձութիւններուն: Կառչած պիտի մնաք սկզբունքներուն, որպէսզի աշխատանքով նոր իրավիճակ պարտադրէք թէ՛ արտաքին թշնամիին եւ թէ՛ ներքին հակառակորդներուն: Կառչած պիտի մնաք սկզբունքներուն, որովհետեւ պատմութեան փորձով անոնք եղան յաջողութեան հասնելու մեր կռուանները` Հայաստանի անկախութենէն մինչեւ Հայ դատի քաղաքականացում եւ Արցախի ազատագրում»:

Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ երիտասարդութիւնը հիմնական դերակատարը եղած է կուսակցութեան յարատեւ վերանորոգման ճիգին մէջ: Ուրեմն քայլ պահելու համար այսօրուան արագ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ու երիտասարդականի միջոցով անոնց արձագանգելու, անհրաժեշտ է նաեւ զարգացնել ԼԵՄ-ի կազմակերպական դրութիւնը, որոշումներու յանգելու ու զանոնք գործադրելու եղանակը: Քարոզչական գետնի վրայ առաջնահերթ սեպել Արցախի ամբողջականութիւնը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը ապահովող ձեռնարկներու նախաձեռնելը, հայութեան հարցերով մտահոգ, սակայն մեզմէ քայլ մը անդին եղող լիբանանահայ երիտասարդի ազգային դաստիարակութիւն ջամբելը, ինքնադրսեւորման միջավայրի ստեղծումը:

«Այս ձեռնարկին ընդմէջէն կը նշենք նաեւ «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղի 20-ամեակը: Տեւաբար ընդարձակուող եւ հայութեամբ լեցուն այս տարածքին մէջ խստօրէն անհրաժեշտ է ունենալ ԼԵՄ-ի կազմակերպ եւ մշտապէս աշխուժ գործունէութիւն ծաւալող կորիզ, որ իր մէջ պիտի ներառէ երիտասարդութեան տարբեր տեսակի խաւեր եւ զանոնք համախմբէ մերօրեայ ազգային հարցերու շուրջ:

«Հարկ է հաստատել, որ այս կազմակերպ մասնաճիւղը միշտ ալ ծաւալած է ընդարձակ գործունէութիւն ու մնայուն օժանդակ եղած շրջանի աշխատանքներուն: ԼԵՄ-ը յանձնառու կերպով կ՛ուղղուի դէպի նոր տասնամեակներ: Թող անոր 50-ամեակը իւրաքանչիւր երիտասարդի համար ըլլայ հաւատքի ու կամքի վերահաստատման առիթ», իր խօսքը եզրափակեց Շանթ Յարութիւնեան:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ յեղափոխական երգերով` կատարողութեամբ Լոռի Կիւլիւմեանի եւ խումբ մը ԼԵՄ-ականներու: