կարևոր
3949 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-09 23:57
Աշխարհ

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն ու Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը հանդիպել են

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն ու Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը հանդիպել են

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն ու Բեյրութի Հայոց Թեմի առաջնորդը հանդիպել են: Այս մասին տեղեկանում են Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսի ֆեյսբուքյան էջից:

«Երկուշաբթի, 8 Մայիս 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը:

Առաջնորդ սրբազանը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց թեմին կատարած աշխատանքներուն մասին, յատկապէս երկրաշարժին պատճառով ստեղծուած դժուար պայմաններուն մէջ: Նորին Ս. Օծութիւնը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ, Ազգային Իշխանութիւնը եւ քոյր կազմակերպութիւններու մարմինները հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանք կը կատարեն օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի կարիքներուն: Հայրապետը միաժամանակ յիշեցուց, որ յատուկ կարեւորութիւն անհրաժեշտ է տալ Քէսապի, Լաթաքիոյ, Ճէզիրէի եւ այլ շրջաններու մեր ժողովուրդի կարիքներուն, միշտ նկատի ունենալով առաջնահերթութիւնները:

Այս առիթով Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն դարմանման ծիրէն ներս Սուրիոյ հայութեան կատարուող օժանդակութիւններուն՝ թեմերու, կազմակերպութիւններու ու ազգայիններու կողմէ եւ յիշեցուց, որ երբ մեր ազգին մէկ մասը կարիքը ունի օգնութեան, անհրաժեշտ է համազգային ճիգով օգտակար հանդիսանալ անոր»: