կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-02-28 11:16
Հասարակություն

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի այցը Ֆրանսիա

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի այցը Ֆրանսիա

ՀՅԴ Ֆրանսայի Կեդրոնական Կոմիտէի հրաւէրով, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան,ընկերակցութեամբ համայնքի պատասխանատուներէն ընկ. Կարօ Եուզպաշեանի, 7-22 փետրուարին այցելեց Ֆրանսա, ուր ունեցաւ քաղաքական, հասարակական եւ ժողովրդային բազմաթիւ տեսակցութիւններ, հանդիպումներ եւ ելոյթներ: 

Աւելի քան երկու շաբաթ տեւողութեամբ կեցութեան ընթացքին, Փարիզի, Ալֆորվիլի, Իսի լէ մուլինոյի, Լիոնի, Տեսինի, Վալանսի եւ Մարսէյլի մէջ կազմակերպուեցան ժողովրդային հանդիպումներ, եկեղեցական արարողութիւններ, հայկական տարբեր միութիւններու եւ պատասխանատուներու հետ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին զոյգ ներկայացուցիչները իրենց համոզիչ ելոյթներով թէ քարոզներով ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն, մանրամասնօրէն լոյս սփռելով Հալէպի եւ ընդհանրապէս սուրիահայ գաղութի իրավիճակին վրայ: Կազմակերպուած եւ նախապատրաստուած նուիրահաւաքի եւ օժանդակութեան զօրաշարժը  եղաւ նկատառելի, թէ՛ Այբ Էֆ. Էմ.-ի յաջող ու գնահատելի ռատիոթոնին եւ թէ՛ տարբեր հաւաքներու ընթացքին:

Արդիւնաւէտ էին քաղաքական հանդիպումները` իշխող ընկերվարական թէ ընդդիմադիր աջակողմեան նախարարներու, ծերակուտականներու, երեսփոխաններու եւ քաղաքապետներու հետ, ինչպէս նաեւ` Կարտինալներու, հոգեւորականներու եւ միջինարեւելեան քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուհետ, որոնց ընթացքին Սրբազանը եւ ընկ. Եուզպաշեան հանգամանօրէն պարզեցին ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի մասին իրենց մօտեցումները եւ յատկապէս հայութեան իրավիճակը, որոնք հետաքրքրութեամբ եւ լրջութեամբ ընկալուեցան յիշուած շրջանակներուն եւ անձնաւորութիւններուն կողմէ:

Անշուշտ քաղաքական ամէնէն ընդգծելի իրադարձութիւնը Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ հանդիպումն էր` ՖԿՀԽ-ի տարեկան ընթրիքի ընթացքին ու նոյն երեկոյի քուլիսներու ետին, այլ պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու շարքին: