Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
14 յուլիսին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան եւ իր պատուիրակութիւնը ժամանեցին Դամասկոս: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` շրջանի ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանը, Ազգային քաղաքական ժողովի, տնտեսական, կրթական ներկայացուցիչները եւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի ներկայացուցիչը:
Սրբազան հայրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Դամասկոսի ՀՅԴ կոմիտէի անդամներուն եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանին, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ կրթական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, սկաուտներուն, պատանիներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: Անոնք նախ այցելեցին Ազգային Միացեալ վարժարանի վերանորոգուող կառոյց-համալիրը, ուր սրբազանը մօտէն ծանօթացաւ եւ իրազեկ դարձաւ վերաշինութեան աշխատանքներուն` բարձրօրէն գնահատելով կատարուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթելով կրթական հաստատութեան: Ապա սրբազան հայրը «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցաւ ժողովուրդին հետ:
Ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արմէն Ուրֆալեանը, որ շնորհաւորեց սրբազան հայրը` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն եւ Դամասկոս այցելութեան ուրախալի առիթներով, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին գաղութին մէջ եւ յոյս ներշնչեցին ապագայի նկատմամբ: Ապա ան սրբազան հօր մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց միութիւններուն եւ Ազգային Միացեալ վարժարանին իրավիճակը եւ գործունէութիւնը:
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանը իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ դամասկահայերը անգամ մը եւս ցնծութեան եւ բերկրանքի պահեր կ՛ապրին` ընդունելով նորընտիր առաջնորդը, որուն Դամասկոս այցելութիւնը մեծ պատիւ է: Դոկտ. Արիսեանը բարի երթ մաղթեց սրբազան հօր:
Շնորհաւորական խօսքեր արտասանեցին միութիւններու ներկայացուցիչները եւ Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնը:
Աւարտին սրբազան հայրը ուղղեց իր պատգամը: Ան յայտնեց, որ Դամասկոս մայրաքաղաք այցելելը էական է, եւ բոլորին համար կարեւոր է, որ այս երկիրը վերադառնայ նախկին իր փառքին եւ վերածուի կարեւոր խաչմերուկի մը, որպէսզի հոսկէ նաեւ լուծուին տարածաշրջանի բոլոր հարցերը: Ան նկատել տուաւ, որ որպէս սուրիահայեր, մեր ղեկավարներուն ճկունութեան շնորհիւ, կարողացանք ընտրել ճիշդ ուղին, որ վայել է այս երկրին, վայել է մեր անցեալին, վայել է մեր պատուին, աւելցնելով, որ այդ ուղին Սուրիոյ Հանրապետութեան, անոր պետական շահերուն, նախագահին եւ սուրիական բանակին կողքին կանգնիլն էր: Մենք արդարութեան, ճշմարտութեան եւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու ժողովուրդին միասնութեան, համընդհանուր շահերուն հետ եղանք, եւ այս է մեր հաւաքական անշեղ կեցուածքը, ամբողջ հայութեան կեցուածքը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, ապա սրբազան հօր ի պատիւ` ընթրիք:
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ, Գամիշլի