Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն ետք, սուրիահայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, գոյատեւման ու վերականգնումի կարիքներուն եւ ցարդ տարուող աշխատանքներուն իրազեկ դառնալու համար, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Ուրբաթ, 14 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Սրբազան հայրը թեմին ու ժողովականութեան բարի գալուստ մաղթեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ պատուիրակութեան, գնահատեց Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերուն ծառայող կուսակցութեան ուղին եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի շրջափակման ու Հայաստանի սահնաններուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւննեդուն գծով։
Տէր Մակար դիտել տուաւ, որ Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը վերջին 12 տարիներուն տագնապալի օրեր ապրեցան, նախ պատերազմի արհաւիրքներուն եւ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական տագնապներուն դէմ դնելով, ապա երկրաշարժի բնական աղէտի յաղթահարման աշխատանքին լծուելով։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը գօտեպնդէ մեր ժողովուրդը ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի ու խաղաղ, ապահով եւ բարգաւաճ օրերու առաջնորդէ բոլորս։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ շնորհաւորեց սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով, գնահատելով թեմի ազգային մարմիններուն եւ կազմակերպութեան ուղեկից միութիւններուն հետ աշխոյժ գործակցութեամբ տարուող աշխատանքները։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ սուրիահայ համայնքն ու Բերիոյ Թեմը տոկուն են ու տարիներու տագնապները յաղթահարեցին ու պիտի շարունակեն յաղթահարել։
«Մենք հաւատալով թեմի առաքելութեան այսօր ներկայ ենք այստեղ՝ ծանօթանալու համայնքի գոյատեւման կարիքներուն եւ համադրելով մեր ջանքերը միասնաբար նեցուկ կանգնելու տարուող աշխատանքներուն»։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Բիւրօն իր աշխարհասփիւռ կառոյցները զօրաշարժի ենթարկեց եւ ՀՕՄ-ի ճամբով հանգանակութիւններ կազմակերպեց տարբեր շրջաններու մէջ՝ ի նպաստ սուրիահայութեան։
Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը լուսաբանութիւն խնդրեց երկրաշարժի աղէտէն ետք տարուող վերականգնումի եւ ժողովուրդին օգնութեան համար տարուող աշխատանքներուն շուրջ։
Սրբազան հայրը ներկայացուց տարուող աշխատանքներն ու բարեսիրական տարբեր կողմերու հետ գործակցութեան արդիւնքները։
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ծանօթացաւ աւելի քան 500 տարուան պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ պատերազմի ընթացքին կրած վնասներուն եւ վերանորոգումէն ետք պարզած վիճակին, ինչպէս նաեւ երկրաշարժի հետեւանքով եկեղեցւոյ զանգակատան կրած մասնակի վնասին ու նորոգութեան։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Սումպուլ Սումպուլեան եւ թեմի Նւաստից Յանձնախումբի պատասխանատու Յարութ Հայրապետեան։