Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կիրակի, 2 Յունիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Հալէպ ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Օրուան պատարագիչն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Տէր Յովակիմ Աբեղայ Բանճարճեան։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայոց Բերիոյ Թեմի ազգային մարմիններու, Պատկան Մարմինի անդամներ, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ ներկայ ազգային ու միութենական ներկայացուցիչներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին, յանուն Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան, դոկտ. Հուրի Ազէզեան բարի գալուստ մաղթեց ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, ըսելով․ «Հալէպահայութիւնը արդէն թեւակոխած է վերականգնումի ու վերաշինութեան երկրորդ փուլը։ Հալէպի հայ համայնքը վճռած է իր բարի եւ արդիւնաւէտ երթը շարունակել նաեւ զօրակցութեամբ տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի նման ազգայիններու, որոնք ո՛ւր ալ երթան, հոգեկան ամուր կապերով կապուած կը մնան Հալէպին եւ միշտ իրենց այցելութիւններով մեզ կը գօտեպնդեն»։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, յատկապէս դոկտ. Հուրի Ազէզեանին, բարի գալուստի ջերմ արտայայտութիւններուն համար, ապա հաստատեց. «Նախ կ՚ուզեմ շնորհաւորել այս հոյակապ համայնքը, որ Սփիւռքի ճառագայթող համայնքներէն մէկը կը նկատուի. Մայր գաղթօճախը, ուր ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացը (ինչպէս կ՚ըսէր Յակոբ Օշական) տքնաջան աշխատանքով կերտեց Սփիւռքը, ցեղասպանութեան սուգը վերածեց պահանջատիրութեան, ապա դարձաւ մշակութային հնոց ու ծաղկեցուց այլ գաղութներ եւս։ Փաստօրէն, սուրիական տագնապի վերջին տարիներու արտագաղթը Հալէպէն, թէեւ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ այս համայնքին վրայ, սակայն դրական մեծ ներդրում բերաւ այլ գաղութներու վերածաղկումին, յատկապէս Քանատայի, Շուէտի, Աւստրալիոյ մէջ ու այլուր»։
Ապա ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ Հալէպի մանկութեան իր յուշերէն պատառիկներ։
Աւարտին, ներկաները յիշատակի լուսանկարներով անմահացուցին պահը։
ԳԱՆՁԱՍԱՐ