կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-12 13:56
Հասարակություն

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը մօտէն կը հետեւի Գամիշլիի հայ համայնքի իրավիճակին

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը մօտէն կը հետեւի Գամիշլիի հայ համայնքի իրավիճակին

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան մօտէն կը հետեւի Գամիշլիի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական դէպքին հետեւանքով հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս տեղւոյն բնակչութեան կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։

Արդարեւ, ժամեր առաջ, սրբազան հայրն ու թեմիս Ազգ. Վարչութիւնը կապ հաստատեցին Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեանին հետ, իրազեկ դառնալու տիրող իրավիճակին։ Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեան սրբազան հօր պարզեց իրավիճակը, յայտնելով որ տեղւոյն ազգային կառոյցները նիւթական թեթեւակի վնասներ կրած են, սակայն զոհեր չեն արձանագրուած։

Սրբազան հայրը, իր զօրակցութիւնը յայտնելով տեղւոյն քաղաքացիներուն, խաղաղութիւն մաղթեց շրջանին, թելադրելով զգուշութիւն ցուցաբերել։