կարևոր
2047 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-22 11:31
Քաղաքական

Վրաստանի իսկական խնդիրը

Վրաստանի իսկական խնդիրը

7 Մարտի երեկոյեան վրացական յատուկ ջոկատայինները ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ կիրարկեցին Վրաստանի խորհրդարանին դիմաց առաւօտէն ի վեր տեղի ունեցող ցոյցը ցրելու համար։ Երկու կողմերէն ալ արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ բազմաթիւ անձեր ձերբակալուեցան։

Ցուցարարները կը բողոքէին որդեգրմանը դէմ օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծի մը, որ կը վայելէր խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն եղող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան ու անոր կարգ մը դաշնակիցներուն զօրակցութիւնը։ Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը կը քննադատէին օրինագիծը, որովհետեւ ըստ իրենց, անոր որդեգրումը արգելք պիտի հանդիսանար Վրաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան։

Օրինագիծին համաձայն, օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալներ կը նկատուին իրաւաբանական այն անձերը, որոնց տարեկան եկամուտներուն քսան առ հարիւրէն աւելին կը ստացուի արտասահմանէն։

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Խոսեփ Պորել յայտարարեց. «Օրէնքը երբեք չի համապատասխաներ Եւրոպական Միութեան արժէքներուն եւ չափանիշերուն եւ կը հակասէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Վրաստանի յայտարարած նպատակին», եւ զգուշացուց, որ օրէնքի կիրարկումը «կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն վրայ»։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը ուշադիր կը հետեւի Վրաստանի իրադարձութիւններու զարգացման։

Մինչ այդ՝ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի, որ այդ օր կը գտնուէր Նիւ Եորք յայտնեց, որ անոնք, որոնք Ռուսթավելի պողոտային մէջ կանգնած են «օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքին դէմ, կը ներկայացնեն ազատ Վրաստանը» , եւ ինք անոնց կողքին կը կանգնի։ «Վրաստանը, որ իր ապագան կը տեսնէ Եւրոպայի մէջ, ոչ ոքի պիտի արտօնէ խլել այս ապագան։ Այս ապագան կը պատկանի մեր յաջորդ սերունդին» , ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Այս օրէնքը ոչ ոքի պէտք էր, անիկա ոչ մէկ տեղէ վերցուած էր, բացի Մոսկուայի թելադրանքէն։ Ասիկա պէտք է ջնջուի»։ Հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնպիսի օրէնք մը գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուրկէ այդ յայտարարութիւնը կը հնչեցնէր։

Բողոքի զանգուածային ցոյցերէն ետք եւ երկրի նախագահին կողմէ տրուած «Մոսկուայի թելադրանք» եւ «ռուսական օրէնք» պիտակներու քաղաքական ու քարոզչական ծանր ազդեցութեան տակ՝ Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը 9 Մարտին խորհրդարանէն ետ վերցուց աղմկայարոյց օրինագիծը, իսկ խոհրդարանը մէկ օր ետք մերժեց զայն։ Վրացական ընդդիմութիւնը յայտարարեց, որ իրենք չեն վստահիր «ռուսական» երազանքին՝ այսինքն իշխող կուսակցութեան, եւ պիտի չդադրեցնեն ցոյցերը։

Այդ օրինագիծն ու անոր առնչուած թատրոնը, սակայն, բուն խնդիրը չեն։ Ցոյցերուն ու անկարգութիւններուն աղմուկը, ինչպէս նաեւ հրկիզուող աղբանոցներուն ծուխն ու ոստիկանութեան կողմէ օգտագործուող արցունքաբեր կազը չեն կրնար ծածկել հարցին էութիւնը։ Իսկական հարցը Ուքրայինայի հակամարտութեան նկատմամբ Վրաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած դիրքորոշումն է։

Ռուսիոյ ներխուժումէն ետք, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 7 Մարտ 2022-ին՝ ակնարկելով ռուսական գործողութեան յայտարարեց. «Պիտի պահպանենք մեր երկիրին մէջ խաղաղութիւնը եւ մեր քաղաքացիներուն համար երաշխաւորենք անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Մեր ժողովուրդը պէտք չէ մտահոգուի, մենք որեւէ վտանգի ենթակայ չենք»։ Վրացական կառավարութիւնը այդպիսով հեռու մնաց այդ հակամարտութենէն։

Ուքրայինայի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով Մարտ 2022-ի վերջաւորութեան՝ ողջունելով Ատրպէյճանի կողմէ Փառուխի մէջ ձեռնարկուած գործողութիւնները Մոլտովային եւ Վրաստանին եւս կոչ ուղղեց` զբաղելու «սեփական տարածքներուն վերատիրանալու գործով»՝ աւելցնելով. «Ատիկա հաստատ պիտի օգնէր մեզի, որովհետեւ պիտի շեղէր ռուսերուն ուշադրութիւնը մեր քաղաքներուն եւ գիւղերուն ոչնչացումէն»։

Վրաստանի վարչապետը, սակայն, 11 Ապրիլ 2022-ին կառավարութեան նիստի ընթացքին` մեկնաբանելով Քիեւէն հնչող այդպիսի շարք մը յայտարարութիւնները ընդգծեց. «Ուքրայինայի մէջ տեղի ունեցողը դժբախտութիւն է, ողբերգութիւն, պատերազմ։ Մենք, սակայն, պէտք է պահպանենք խաղաղութիւնը, նպաստենք կայունութեան պահպանման ու զարգացման։ Վրաստանի մէջ որեւէ երկրորդ ճակատ պիտի չըլլայ։ Մենք ատիկա պիտի չարտօնենք եւ պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր քաղաքացիներն ու մեր պետութիւնը»։

Աւելին, Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի՝ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին Մայիս 2022-ի վերջաւորութեան ռուսական լրատուամիջոցներու յայտնեց, թէ Մոսկուան եւ Թիֆլիսը քննարկած են Հարաւային Օսեթիոյ Հանրապետութեան՝ Ռուսիոյ միանալու հանրաքուէի հարցը։

Արեւմուտքը մեծ ջանք կը թափէ Ուքրայինայի մէջ իր նպատակին՝ Ռուսիոյ բանակի պարտութեան հասնելու համար, եւ Ռուսիոյ դէմ 2-րդ ճակատի մը բացումը մեծապէս կը նպաստէ այդ նպատակի իրագործման՝ մանաւանդ նկատի ունենալով այն դժուար կացութիւնը, որուն պատերազմի դաշտին մէջ մատնուած է ռուսական բանակը։ Սակայն, Վրաստանի ներկայ իշխանութիւնները կտրուկ կերպով մերժեցին այդ ծառայութիւնը մատուցել եւ շարունակեցին միջազգային պոյքոթի ու պատժամիջոցներու ենթարկուած ռուսական կողմի հետ բնականոն ու սովորական հաղորդակցութիւնները։

Արեւմուտքի հակազդեցութիւն չուշացաւ։ 17 Յունիս 2022-ին, Եւրոպական յանձնաժողովը խորհուրդ տուաւ Ուքրայինայի տրամադրել Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ, սակայն Վրաստանին՝ ոչ։ Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լեյէնի, «Ուքրայինան յստակօրէն ցոյց տուած է եւրոպական արժէքներուն եւ չափանիշերուն համապատասխան ապրելու իր ցանկութիւնն ու վճռականութիւնը»։ Ըստ երեւոյթի, հակառուսութիւնը այդ բոլորը իր մէջ կ’ամփոփէ։

Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, «Էխոքաւքազա» կայքը գրեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովը ըսած է, թէ այդ երկիրը, ի տարբերութիւն Ուքրայինայի եւ Մոլտովայի, կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստանալ միայն շարք մը պայմաններու կատարման պարագային։

Իրապէս ալ, Եւրոպական խորհուրդը 23 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Ուքրայինայի եւ Մոլտովայի շնորհեց Եւրոպական Միութեան անդամակցելու թեկնածուի կարգավիճակ։ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները յայտնեցին, որ Վրաստան պաշտօնապէս անդամակցութեան թեկնածուի պետութիւն կրնայ ըլլալ միայն առկախ առաջնահերթութիւններու լուծումէն ետք։ Ըստ երեւոյթի, այդ առկախ առաջնահերթութիւնն ու վերոնշեալ պայմանը Ռուսիոյ դէմ երկրորդ ճակատ բանալն է։

12 Սեպտեմբեր 2022-ին, հաղորդուեցաւ, որ Վրաստանի վարչապետը Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան բանակցութիւններու եւ Ժընեւի միջազգային քննարկումներու գծով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքարի հետ։ Վրաստանի կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը այլ հարցերու կողքին քննարկած են Ուքրայինայի մէջ Ռուսիոյ յատուկ գործողութիւնը։ Կը թուի, թէ ամերիկացի պաշտօնատարը Թիֆլիս եկած էր ստուգելու, թէ Արեւմուտքի կողմէ Վրաստանին հասցուած գաւազանի առաջին հարուածը, այդ երկիրի իշխանութիւններուն «խելքը գլուխը բերա՞ծ է», թէ՞ ոչ։

Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրինագիծի դէմ զանգուածային ցոյցերն ու անկարգութիւնները կու գան յուշելու, որ վերոնշեալ հարցումին պատասխանը ժխտական եղած է։ Վրացական իշխանութիւնները հաստատ մնացած են իրենց նախնական դիրքորոշման վրայ, ուստի, Արեւմուտքի տեսանկիւնէն, պէտք է զանոնք իշխանութենէն հեռացնել՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ Մոսկուայի թելադրանքը կատարող եւ երկիրը դէպի Եւրոպական Միութիւն առաջնորդող հունէն շեղող։

Յստակ է, որ այստեղ կիրարկուողը «եթէ մեզի հետ չես, մեզի դէմ ես» սկզբունքն է, եւ Վրաստանի իսկութեան մէջ արեւմտամետ եղող իշխանութիւններուն իրենց տիրոջ՝ Արեւմուտքի թելադրանքը չկատարելը Ռուսիոյ թելադրանքը կատարելու համազօր կը նկատուի։

«Առաջինը լաւ, երկրորդը բաւ, երրորդը ցաւ» կ’ըսէ հայկական ասացուածքը։ Վրացական իշխանութիւնները արդէն գաւազանի երկու հարուած ստացան։ Կը մնայ սպասել ու տեսնել, եթէ անոնք «ուշքի պիտի գա՞ն», թէ՞ գաւազանի երրորդ հարուածը պիտի չուշանայ․․․եւ Վրաստանի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի պիտի ունենայ։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Հայրենիք»