Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Զանգեզուրի մէկ մասը միայն միացած է Հայաստանին, անոր մօտ կէսը բաժնուած է Հայաստանէն ոչ այնքան ազգագրական պատճառներով, այլ քաղաքական դիտումներով. Հայաստանը բաժնել Ղարաբաղէն, ճամբայ բանալ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւան-Թուրքիոյ միջեւ, կրճատելով Զանգեզուրը հարաւէն Արաքսի հովիտով դէպի Մեղրի: Այս բոլորը կը նշանակէ Զանգեզուրի մահը պատրաստել»:
Ռուբէն
«Դրօշակ», 1925
2020 թուականի Արցախեան պատերազմէն ետք, Պաքուն նպատակաուղղուած ձեւով քարոզչութիւն ծաւալած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային դարպասը հանդիսացող Սիւնիքը պատմականօրէն ատրպէյճանական տարածք հռչակելու։ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած տեղեկատուական այս սադրանքը լուրջ սպառնալիք է մեր պետականութեան եւ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ մինչ օրս Հայաստանի ապիկար իշխանութիւնները նման հակահայ քարոզչութեան դէմ տեղեկատուական անվտանգութեան համակարգ չեն յառաջացուցած եւ չեն հակադարձած։
Արցախեան երրորդ պատերազմէն ետք, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտարարեցին «ազգային պայքարի նոր փուլ», որ կը թիրախաւորէր Հայաստանի պետական տարածքը։ Սիւնիքը ատրպէյճանական տարածք ու օրրան հռչակած «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կազմակերպութեան միջոցով, Պաքուի իշխանութիւններու կողմէ տեղեկատուական հարթակներու վրայ լայնածաւալ թափ առին Սիւնիքը Ատրպէյճանի տարածք նկատող յայտարարութիւնները, պատմութիւնը նենգափոխելու ճիգերն ու նորելուկ քարտէսները։
2022 Դեկտեմբերի 24-ին «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Իլհամ Ալիեւ յանձնարարեց Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձի հայեցակարգի մշակելու անհրաժեշտութիւնը, յայտարարելով. «Արեւմտեան Ատրպէյճանը մեր պատմական հողն է, այդ կը հաստատեն բազմաթիւ պատմական փաստաթուղթեր, պատմական քարտէսներ եւ մեր պատմութիւնը»։ 2023-ի յունուարին, վերոնշեալ կազմակերպութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն, ուր իմիջի այլոց կը շեշտուի. «Հայաստանի կառավարութենէն կը պահանջենք միջազգային գործընթացի շրջանակներուն մէջ պայմաններ ստեղծել իր տարածքը համարուող աշխարհագրական վայրերէն վտարուած ատրպէյճանցիներուն իրենց տուները անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձի համար եւ ապահովել անոնց անհատական եւ հաւաքական իրաւունքները այնտեղ վերադառնալէ ետք»։
1918-ին ստեղծուած արհեստածին Ատրպէյճանի հանրապետութիւնը, առաջին իսկ օրէն պետական քաղաքականութիւն դարձուց հայոց պատմական հողերու բռնագրաւումը եւ հայ բնակչութեան ու պատմական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։
100 տարի առաջ, Սիւնիքի ռազմավարական նշանակութիւնը շատ լաւ ըմբռնած էին թուրքերն ու ատրպէյճանցիները։ 1919-ին Պաքու նորանկախ Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէր Ջրականը (Ճեպրայիլ), Գանձակի լեռնամասը, Շարուրն ու Նախիջեւանը, Մարտակերտը, Շահումեանը, Շուշին եւ Զանգեզուրը։ Հայաստանի տարածքը այդ ժամանակահատուածին կը կազմէր 63,500 քառ. քլմ. եւ վերոնշեալ տարածքներու հաամագումարով, Ատրպէյճանի պահանջին ի դիմաց, Հայաստանի կը մնար միայն 15.900 քառ. քլմ. տարածք՝ Երեւան, էջմիածին, Դիլիջան, Սեւան, Իջեւան եռանկիւնին մէջ։
Ռուբէն կը վկայէ. «Այս հսկայական ծրագիրը ոչ ցնորք էր եւ ոչ ալ զառանցանք, դա մատչելի եւ բնական ծրագիր էր համարւում թուրք թաթարների համար…»։
Սիւնիքը ոչ միայն Հայաստանի ռազմավարական ողնաշարն է, այլեւ՝ հանքարդիւնաբերութեան տնտեսական բազկերակը, ուր կը գտնուին Հանրապետութեան հարաւային Քաջարանի, Կապանի, Ագարակի եւ Լիճքի հանքավայրերը։ Սիւնիքի տարածքին գտնուող 9 ջրամբարները, ներառեալ երկրի երկրորդ մեծագոյն ջրային պահեստը հանդիսացող Սպանդարեանի ջրամաբարը՝ կենսատու աղբիւր են գիւղատնտեսութեան եւ ուժանիւթի հայթաթման համար։ Սիւնիքով կ՚անցնի 2007 թուականին կառուցուած Իրան-Հայաստան կազամուղը։ Մէ՛կ խօսքով, առանց Սիւնիքի՝ Մայր Հայաստանը կը դառնայ շնչահեղձ պետութիւն։ Հայաստանի հարաւային մատոյց Սիւնիքը՝ Արցախի հետ աշխարհագրականօրէն անմիջական հաղորդակցական կապն է, Գորիս-Բերձոր ճանապարհով, Լիսագորի լեռնանցքով ու Աղաւնոյի հովիտով։ Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող գործօն է նաեւ Հարաւային Կովկաս-Պարսից Ծոց տարածաշրջանի համաշխարհային քաղաքական զարգացումներու բովէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան զուգահեռ, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգը պետական ու ռազմավարական ուղեցուցային փաստաթուղթ է եւ այդ փաստաթուղթին մէջ տեղեկատուական անվտանգութիւնը կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է։ Պաքուի ծաւալած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի քարոզարշաւը ծանրակշիռ հետեւանքներ կրնայ ունենալ հեռակայ քաղաքական զարգացումներու գծով։ Նման քարոզչութեան դէմ հակազդելու ՀՀ իշխանութիւններու կամազուրկ ու անվճռական կեցուածքը ո՛չ միայն անթոյլատրելի է, այլեւ՝ Սիւնիքի դէմ ուղղուած ատրպէյճանական քարոզարշաւը դիմակայելու իշխանութեանց ձեռնթափութիւնը մեղսակցութեան համազօր է։ Տեղեկատուական պատերազմի այս մարտահրաւէրի սեմին, երբ կը պակսի պետական քարոզչական համարժէք ու ծրագրաւորուած հակահարուածը, երբ տեղեկատուական համակարգը քայքայուած ու անզօր է, ամենօրեայ խոցելի կը դառնայ Սիւնիքը։
ՀՀ Իշխանութիւններու կողմէ յառաջ մղուող «Խաղաղութեան պայմանագիր»ը ինքին սպառնալիք է Սիւնիքի եւ Հայրենիքի տարածքային ամբողջականութեան համար եւ նման ստրկամիտ դիւանագիտութեան եւ անընդմէջ զիջումներու վախճանակէտը՝ Հայաստանի ի սպառ անէացումն է։
«Հորիզոն»ի Խմբագրական