Փոխարժեքներ
11 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 394.35 |
EUR | ⚊ | € 413.87 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8 |
GBP | ⚊ | £ 501.73 |
GEL | ⚊ | ₾ 139.79 |
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) շարքերուն անունով խստիւ կը դատապարտենք Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու ընթացքը, որուն դէմ ժողովրդային բողոքի արդար ելոյթներ տեղի ունեցան երէկ Երեւանի մէջ: Մարզերու եւ Երեւանի դաշնակցական ընկերներ՝ պատասխանատու, գործիչ թէ շարքային պարզ անդամ «կը հրաւիրուին» քննչական կոմիտէ, տարբեր պատրուակներով, որ սակայն ունի մէկ հասարակ յայտարար՝ քաղաքական հետապնդում:
Այսպէս կոչուած իշխանութիւնները, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, յայտնապէս կը շարունակեն ընդդիմութեան նկատմամբ խօլ ու թշնամական իրենց կատաղած մոլուցքը դրսեւորել, այս անգամ իբրեւ թէ խօսելով քրէական գործերու լեզուով:
Այսու կը յայտարարենք, որ չակերտեալ «իշխանութիւններուն» ողորմելի այս պահուածքը դատապարտելի է ըստ ամենայնի: Անիկա ժողովրդավարութեան ոտնահարում է, խօսքի ազատութեան բռնի զսպանակում, յատկապէս, երբ երկիրը մտած է արտահերթ ընտրութիւններու փուլ: Անտեղի ու անօրինական այս հետապնդումը ոչ միայն կը միտի բարոյահոգեբանական ճնշում բանեցնել ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու վրայ, այլեւ բացասական ազդել ընտրապայքարի քարոզարշաւի հոլովոյթին վրայ:
Քրէական գործի քողի տակ իրականացուող քաղաքական այս հալածանքը, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կրնայ խափանել հեղինակազրկուած, պարտուած դաւադիր վարչախումբը հեռացնելու մեր որոշումը:
Ընդհակառակն, նմանօրինակ սին փորձեր առաւել կը խթանեն մեզ եւ մեր վճռականութիւնը կը բազմապատկուի ամէն անգամ, որ դաւադիր ու դարանակալ արգելքներով փորձեն կասեցնել մեր արշաւը:
Մեր անվերապահ զօրակցութինը կը յայտնենք Հայաստանի մեր բոլոր շարքերուն անխտիր եւ կը պահանջենք իրաւապահ մարմիններէն անմիջապէս կասեցնել իրենց անհեռանկար այս պահուածքը, որ կ՛արատաւորէ մեր պետութեան ժողորդավար դիմագիծը ու կը վտանգէ անոր ապագան:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
30 Ապրիլ 2021
Փարիզ