Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Արդէն երկու շաբաթներէ ի վեր, Հայաստանի սահմանակից Տաւուշ շրջանի մեր քոյրերը եւ եղբայրները խուճապի մատնուած են, սահմանային չորս գիւղեր Ատրպէյճանին յանձնելու` Հայաստանի կառավարութեան կամայական որոշումին պատճառով, որ տրուած է Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման
նախաձեռնութեան ծիրին մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Տաւուշի բնակիչները փոխանցած են համոզիչ մտահոգութիւններ, թէ Երեւանի որոշումը զիրենք եւ շրջանի քաղաքացիական կառոյցները ատրպէյճանցի զինուորներուն թիրախ պիտի դարձնեն, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է ոչ միայն սահմանազատման, այլ նաեւ
սահմանագծման գործընթացը սկսիլ:
Ներկայիս, Տաւուշի եւ սահմանային այլ շրջաններու բնակիչները իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն ցոյցերով եւ ճամբաներ փակելով` կանխարգիլելու համար իրենց տարածքներուն բռնագրաւումը:
Յատկանշական է, որ սահմանազատման որոշումը տուած Հայաստան-Ատրպէյճան յանձնաժողովի հանդիպման ընթացքին, Պաքու Հայաստանէն գրաւած իր տարածքները վերադարձնելու պատրաստակամութիւն չյայտնեց եւ չյայտարարուեցաւ, թէ ինչ պիտի ըլլան յանձնաժողովին յաջորդ քայլերը:
Ընդհակառակը, նշեալ որոշումին յայտարարութենէն միայն քանի մը օր ետք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հայաստանէն պահանջեց «վերադարձնել» Գեղարքունիէն, Սիւնիքէն եւ Վայոց Ձորէն այլ տարածքներ:
Գիւղեր յանձնելու` Հայաստանի իշխանութիւններուն այս միակողմանի քայլը վտանգաւոր նախադէպ մը կը ստեղծէ եւ կը սպառնայ Հայաստանի տարածքային եւ ազգային ապահովութեան: Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք ունի ինքնակամ կերպով հողեր յանձնելու: Այսպիսի որոշումներու մէջ իրենց ըսելիքը պէտք է ունենան նաեւ երկրին օրէնսդիր եւ արդարադատական մարմինները, յատկապէս` Սահմանադրական ատեանը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի սահմանակից շրջաններու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն` իրենց հողերը եւ կեանքերը, նաեւ մեր հայրենիքը պաշտպանելու` անոնց արդար պայքարին: Նաեւ կը շեշտենք, թէ ոչ մէկ մատնաչափ հող պէտք է յանձնուի` առանց նկատի ունենալու Հայաստանի օրինական ընթացակարգը եւ միջազգային օրէնքներն ու սկզբունքները:
Կոչ կ՛ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքներու անձեռնմխելիութիւնը չվտանգեն, որովհետեւ մեր թշնամիները միշտ պատրաստ են շահագործելու որեւէ սայթաքում եւ իրենց կարելին պիտի ընեն Հայաստանէն յաւելեալ հողեր խլելու, այսպէս կոչուած «միջանցք»ով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապելու նպատակով:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ