Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած ծանր մթնոլորտին, Արցախի վրայ շղթայազերծուած վերջին պատերազմին եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին արտայայտուեցաւ Յունաստանի մէջ ազերի դեսպան Անար Հիւսէյնով, հարցազրոյց մը տալով յունական ազդեցիկ «Թօ Վիմա» թերթին։
Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանի սպառազինութեան մասին, դեսպանը յայտնեց, թէ Ատրպէյճան տասնեակ տարիներէ ի վեր կը պատրաստուէր պատերազմին համար, ստանալով բարձր արհեստագիտութեան զէնքեր եւ հետեւողականօրէն մարզելով իր բանակը։ Ան յայտնեց, որ այլ երկիրներ եւս ռազմական օժանդակութիւն տրամադրեցին իր երկրին։
Ըստ դեսպանին, Ատրպէյճանի անկախութեան առաջին օրերէն, Թուրքիան ոչ միայն Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» ջատագովն էր, այլ նաեւ այս հարցի միջազգայնականացման գլխաւոր դերակատարը հանդիսացաւ։ «Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւննները կը գտնուին իրենց ամէնէն բարձր մակարդակին եւ առաւել պիտի զարգանան՝ հասարակաց շահերու հիման վրայ», ըսաւ ան։ Ազերի դեսպանը շեշտեց, որ իր երկիրը կը պատրաստուէր «արդար պատերազմի» մը համար, այն պարագային որ բանակցութիւնները ձախողութեան պիտի մատնուէին։
Ան նշում ըրաւ հայկական Սփիւռքի մասին, ըսելով, որ Երեւանը ուժ առնելով Սփիւռքէն տպաւորութիւնը կու տար, թէ պատերազմի մը հաւանականութիւնը զգալի է։ Հայաստան հողային պահանջներ ունէր Ատրպէյճանէն ու այդ կերպով ինքզինք մեկուսացումի առաջնորդեց։
Լրագրողին կողմէ եղած հարցումին՝ Ազերի նախագահի անպատշաճ վերաբերմունքին համար Յունաստանի դեսպանին, ինչպէս նաեւ յոյն-ազերիական վատթարացած յարաբերութիւններուն առնչութեամբ, Հիւսէյնով փորձեց իրադարձութիւնները պատճառաբել ըսելով, թէ երկու երկիրներուն միջեւ ստեղծուած կացութիւնը արդիւնք է տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն։ Ազերի նախագահի ու յոյն դեսպանի հանդիպման համար ան յայտնեց, թէ լրատուական միջոցները դուրս ձգեցին այդ հանդիպումէն երկու երկիրներու գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով եղած Ալիեւի հրաւէրը։ Ան նաեւ, յայտնեց թէ վերջին տարիներու եւ ամիսներու ընթացքին, Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները յատկանշուած են «ոչ բարեկամական» եղելութիւններով։
Դեսպանը յոյս կը յայտնէ, որ յոյն-ազերի կապերը դարձեալ պիտի սերտանան, նկատի առնելով տարածաշրջանին մէջ TAP խողովակաշարի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ծրագիրը, ատրպէյճանական բնական կազի հայթաթումը Յունաստանին, ինչպէս նաեւ այլ ոլորտներու զարգացումը՝ ինչպիսին են գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան բնագաւառները։
azator.gr