կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-11 12:23
Սփյուռք

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Լիբանանի համար հանգանակեց 50,000 տոլար

ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Լիբանանի համար հանգանակեց 50,000 տոլար

4 Օգոստոս 2020ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատհած աւերիչ պայթումէն ետք, տեղւոյն հայութեան օժանդակելու նպատակով, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը՝ իր մասնաճիւղերու անդամներուն եւ նուիրատուներու միջոցաւ հանգանակեց 50,000 տոլար: Հանգանակութեան այս արշաւը տեղի ունեցաւ ընդառաջելով ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան «Շտապ Օգնութիւն Լիբանանի համար» կոչին:

Հզօր պայթումին զոհ գացին առաւել քան 150 անմեղ քաղաքացիներ, վիրաւորուեցան հազարաւոր ուրիշներ, տասնեակ հազարաւոր բնակարաններ եւ հաստատութւիններ կրեցին հսկայական վնասներ, անտուն դարձնելով հազարաւորներ: Աղէտէն անմասն չմնաց հայ համայնքը, որ նոյնպէս կրեց մարդկային եւ նիւթական ծանր կորսուստներ:

Այս առիթով, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը սրտագին կոչով կը դիմէ իր անդամներուն եւ մեր համայնքին՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն:

Այժմ, աւելի քան երբեք, հաւաքաբար մեր պարտականութիւնը եւ բարոյական պարտաւորութիւնն է աջակցիլ՝ լիբանանի մեր հայրենակիցներուն՝ մեղմելու համար անոնց ցաւը եւ թեթեւացնելու՝ անոնց տառապանքը:

Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել առցանց՝ այցելելով http://arswestusa.org/donate նշելով Լիբանանի աղէտներու օժանդակութիւն, իսկ վճարման գիրերը՝ կարելի է ուղարկել ՀՕՄի Շրջանային կեդրոնատեղին, հասցէ՝ 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202.

Կը խնդրենք ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւններով սատար կանգնիլ Լիբանանի մեր հայրենակիիցներու օժանդակութեան այս գործին՝ վերացնելու համար աղէտալի այս պատահարին յոռի հետեւանքները:

Հայ Օգնութեան Միութեան

Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

asbarez.com