կարևոր
2314 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-18 14:21
Քաղաքական

Սխալ Բան մը Կար․․․

Սխալ Բան մը Կար․․․

Մոլիեռի լեզուով կայ ասացուածք մը՝ «Il y a quelque chose qui cloche» (…սխալ բան մը կայ), որ հարազատօրէն կը ներկայացնէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատուիրակութեան Երեւան այցելութիւնը՝ 12-13 Յունուարին:

Ծանօթ է որ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահ տիկին Եաէլ Պրաուն-Փիվէ Երեւան այցելեց եւ բազմաթիւ հանդիպումներ եւ տեսակցութիւններ ունեցաւ իր պաշտօնակիցին՝ Ալէն Սիմոնեանի եւ իշխանութեան այլ անդամներու հետ, անշուշտ առանց մոռնալու այցելել նաեւ Ծիծեռնակաբերդ: Աւարտին, ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն մէկ քանի կէտերուն կ’արժէ հակիրճ կերպով անդրադառնալ:

Նախ նկատելի էր, որ Հ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան կ’աշխատէր «կարճի կապել» հանդիպումը՝ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ. բացայայտ էր, որ ան ճիգ կ’ընէր միայն ու միայն հպանցիկ՝ փրոթոքոլային բնոյթ մը տալ զրոյցին եւ գործածել փաղաքշական արտայայտութիւններ… Խուսափում մը կար հարցերուն խորերը մտնելէ եւ մատը վէրքին վրայ դնելէ:

Բնականաբար խօսափողը յանձնուած էր տիկին Պրաուն-Փիվէի, որ իր կարգին փորձեց դիւանագիտական ճկունութեամբ ներկայացնել Արցախի ներկայ կացութիւնն ու յատկապէս Բերձորի միջանցքի փակման հարցը: Ահա այս բաժինէն է որ կ’ուզենք առանձնացնել քանի մը կէտ:

Մերթ ինքնավստահութեամբ եւ մերթ տուայտանքով, Պրաուն-Փիվէ ներկայացուց Ֆրանսայի եւ Եւրոմիութեան մօտեցումն ու դիրքորոշումը: Հայորդիին համար բաւական մոլորեցնող էր Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահուհիին գործածած մէկ եզրոյթը, թէ՝ «Ֆրանսա ամէն ճիգ պիտի թափէ, վերստին բանալու համար Հայաստանէն Ատրպէյճան տանող միջանցքը»: Ուշադրութիւն ըրի՞ք: Ան նոյնիսկ չգործածեց Արցախ (կամ Լեռնային Ղարաբաղ) անունը: Այլ խօսքով, ան նոր կնիք մը դրաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն այն «տրամաբանութեան» վրայ, թէ Արցախը ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ Է ԵՒ ՎԵ՛ՐՋ…:

Ան շարունակ շեշտեց, թէ Ֆրանսան կոչ կ՚ընէ վերադառնալու երկխօսութեան՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ճամբով, հակառակ այն իրականութեան, որ Ատրպէյճան, իր նախագահին՝ Իլհամ Ալիեւի բերնով, կը կրկնէ ու կը կրկնէ, թէ Արցախի հարցը լուծուած է եւ հետեւաբար հիմնահարց գոյութիւն չունի: Այսինքն, բաց ականջներով լսեցինք, որ տիկին Պրաուն-Փրիվէն հարազատօրէն կ’արձագանգէ նաեւ Ալիեւի: Իսկ պէ՞տք է զարմանալ, երբ քաղաքական այլ ճկունութեամբ մը՝ ան շեշտեց, թէ կարելի չէ Պաքուի դէմ պատժամիջոցներու դիմել, այնքան ատեն, որ երկխօսութեան յոյսերը չեն փարատած… Բաւական տարօրինակ դիրքորոշում մը, երբ բաց աչքերով կը տեսնենք, որ Ատրպէյճան աւելի քան 35 օրէ ի վեր հեղձամահ կ’ընէ Արցախի մնացեալ տարածքը, իրողական պատանդի վերածած է 120 հազար բնակիչ, անոնց ցոյց կու տայ հեռանալու ճամբան, իսկ նախընթաց փուլին, այսինքն 9 Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր լծուած է հայատեաց եւ հայութեան հետքերը ջնջելու գործին, Արցախէն բռնագրաւած շրջաններուն մէջ կը փճացնէ մեր մշակութային դարաւոր ժառանգութիւնները. եւ ի՜նչ հեգնանք. նոյնինքն տիկին Պրաուն-Փիվէ չի մոռնար մշակութային ժառանգութեանց պաշտպան դառնալ: Ո՞վ պիտի յիշեցնէ անոր, թէ մէկ ըսածը միւսին կը հակասէ:

Ողջունելի կէտեր ալ կան անկասկած: Ան յայտնեց, թէ բռնի ուժով իւրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի յատկապէս 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք: Ցայտուն օրինակ մըն է Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ-Ղազանչեցւոց եկեղեցին, որ պատերազմի ժամանակ բուռն կերպով ռմբակոծուեցաւ, իսկ հիմա գմբէթազուրկ եւ սրբապղծուած է: Եթէ 30 տարի ետ երթանք, կրնանք յիշեցնել մշակութապաշտպան տիկնոջ, որ Արցախի ազատագրումի նախօրեակին ալ, նոյն եկեղեցին քանդուած էր ու զէնքի մթերանոցի վերածուած՝ ազերիներուն կողմէ, սակայն յետոյ վերակառուցուեցաւ եւ վերագտաւ իր փայլուն տեսքն ու տեղը: Իսկ Շուշիի այդ եկեղեցին միակը չէ, շարքը երկար է քանդուած եւ փուլ եկած եկեղեցիներուն, վանքերուն եւ յուշարձաններուն: Ահա թէ ինչպիսի՜ յոյսեր կը կապուին ազերիներուն, երբ Արցախի ապագան կը փորձեն տեսնել Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Եւ իրաւունք ունինք հարց տալու. ներկայի պայմաններուն լոյսին տակ, արդեօք երկխօսութեան յոյսե՞ր գոյութիւն ունին ղեկավարութեան մը մօտ, որ անընդհատ հայատեաց աշխատանք կը տանի:

Հուսկ, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի նախագահուհին յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի Արցախի անկախութեան ճանաչման հարցին, Ֆրանսա չի ճանչնար այդ անկախութիւնը, որովհետեւ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքին, որուն կ՚ենթարկուի»։ Ազնուափայլ տիկինը վստահաբար յիշողութեան լուրջ հարցեր ունի. կ’արժէ իրեն յիշեցնել, որ ֆրանսացի ժողովուրդին զոյգ պալատները՝ Ծերակոյտն ու խորհրդարանը ճանչցած են Արցախի անկախութիւնը: Բայց արդեօք Մինսքի խումբը իրողապէս չէ՞ր ճանչցած Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, մոռցուա՞ծ է, որ նոյն ժողովուրդը հանրաքուէով ամրագրած էր անկախութեան իր կամքը, հիմա ալ կը կրկնէ, թէ չի կրնար մտնել Ատրպէյճանի կազմին մէջ, որովհետեւ ատիկա պիտի տանի Արցախի հայաթափման, նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքին տակ պիտի դնէ շրջանի բնակչութիւնը: Հոս ալ արդեօք կ’արժէ՞ յիշել եւ յիշեցնել, թէ մինչեւ իսկ Նիկոլ Փաշինեան չ’անտեսեր նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքը եւ յետոյ ալ կը վերադառնայ «խաղաղութիւն պիտի բերենք» խանգարուած ձայնապնակին:

Այս բոլորէն ետք, կրնանք ամենայն ինքնավստահութեամբ կրկնել. բան մը սխալ էր, ամբողջական չէր եւ կը կաղար Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատուիրակութեան մօտ:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական