կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-19 19:35
Արցախ

Խմբագրական. Նշաձողի Աստիճանաչափի Ճշդումէն Առաջ

Խմբագրական. Նշաձողի Աստիճանաչափի Ճշդումէն Առաջ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին խօսքը` կառավարութեան ծրագիրին կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին 2021-ի տարեկան զեկուցումի քննարկումին առիթով էր եւ հիմնական երկու ուղղութիւն ունէր: Ձեռքբերումներ` ընտրութիւններ, տնտեսական, պիւտճէի ցուցանիշներ, աշխատատեղերու թուաքանակ, վարչակառավարման արդիւնաւորութիւն եւ երկրորդ` 44-օրեայ պատերազմին հետ կապուած խնդիրներ, արցախեան հակամարտութիւն, խաղաղութեան բանակցութիւններ:

Առաջինը նախաբանային տեսք ունի. հիմնական առանցքը երկրորդ ուղղութիւնն է: Առաջին բաժինին ուղերձը այն է, որ այս կառավարութիւնը տնտեսական ձեռքբերումներ ապահոված է. կը մնայ ընդառաջ երթալ խաղաղութեան ծրագիրին, որպէսզի այդ յաջողութիւնները աւելի զարգանան: Առաջինը ուրեմն երկրորդ բաժինը համոզիչ դարձնելուն կը ծառայէ. խօսքի կառուցուածքային տրամաբանութիւնը այդ կը յուշէ:

Հիմա փորձենք նկատել առանցքայինին ուշագրաւ բաժինը:

Այսօր միջազգային հանրութիւնը մեզի յստակօրէն կ՛ըսէ. ըլլալ միակ երկիրը, որ երկկողմ մակարդակով չի ճանչնար Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, մեծ վտանգ է ո՛չ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի համար:

Միջազգային հանրութիւնը մեզի կ՛ըսէ` փոքր չափով իջեցուցէք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին մէջ ձեր նշաձողը եւ միջազգային մեծ կոնսոլիտացիա կ՛ապահովէք Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ: Հակառակ պարագային, կը խնդրէ իր վրայ յոյս չդնել ոչ թէ այն պատճառով, որ միջազգային ընտանիքը չ՛ուզեր մեզի օգնել, այլ այն պատճառով, որ չի կրնար օգնել:

Անկախ բովանդակային առումով միջազգային ընտանիքի փոխանցած ուղերձներուն ճշմարտացիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնելէն, այստեղ կայ սկզբունքային մեկնարկային կէտի յստակացման խնդիր:

Պաշտօնական յայտարարութիւնները պէտք է պահեն հետեւողականութիւն: Ստեփանակերտի բանակցային սեղան վերադարձի հրամայականը այս իշխանութիւնները վերածած էին բանակցութիններու կայացման նախապայման` անվերջ մեղադրելով Ստեփանակերտին դուրս մղումը նախկին իշխանութիններուն, մասնակիօրէն` երկրորդ նախագահին կողմէ: Աւելի՛ն, կու տային նաեւ իրաւական հիմնաւորում. թէ` Արցախի ժողովուրդը չէ մասնակցած Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրութիւններուն, հետեւաբար ընտրուած իշխանութիւնը իրաւասութիւն չունի Արցախի ժողովուրդին անունով Արցախի ճակատագիրը ճշդելու:

Այս սկզբունքը հիմնովին խախտեցաւ, երբ համահայկական խաղերու փակման հանդիսութեան առիթով վարչապետը Ստեփանակերտի մէջ յայտարարեց` «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Որքան ալ գաղափարախօսականօրէն ըմբռնելի ըլլայ հաստատումը, այդուհանդերձ կը հակասէ սկզբունքային այն մօտեցումին, որուն վրայ կ՛ուզէր հիմնուիլ Երեւանը: Աւելի՛ն. նման յայտարարութիւն մը համազօր էր բանակցային գործընթացի չեղեալ յայտարարուելուն եւ Պաքուին պատրուակի տրամադրումին` պատերազմ սանձազերծելու: Տարբեր խնդիր, որ յատկապէս տաւուշեան դէպքերէն ետք Անգարան պարզ կը դարձնէր, որ Պաքուին կը հրահանգէր պատրաստուիլ պատերազմի:

Հիմա կարգավիճակի պահանջի նշաձողի իջեցման օրակարգ խորհրդարան բերելով Երեւանը հիմնովին կը շրջէր նախկին մօտեցումը եւ ո՛չ միայն Ստեփանակերտը կը շրջանցէր, այլ ուղղակի կը հակադրուէր ինքնորոշուած Արցախի ժողովուրդի կամքին: Այդ կամքը վերաբանաձեւուած էր ամիսներ առաջ ընդունուած ապաբռնագրաւման (տէօկուբացիայի) օրէնքով եւ ի պատասխան վարչապետի ելոյթին Արցախի Ազգային ժողովի հրապարակած յայտարարութեան հիմնադրոյթներով:

Բայց ուղերձին բաժինը հետեւեալն է. եթէ չընդունիք Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ, կը մնանք առանձին եւ ո՛չ միայն կը կորսնցնենք Արցախը, այլ նաեւ կը վտանգենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Այլապէս, ըստ միջազգային ընտանիքին, կ՛ապահովենք միջազգային մեծ կոնսոլիտացիա:

Այս տեսակէտը աւելի համոզիչ դարձնելու համար վարչապետը կը մէջբերէ այլ տեսութիւն մը: Եթէ նախապէս հայկական կողմը Արցախի կարգավիճակի ճշդումը կ՛առաջադրէր եւ անոր կը հետեւցնէր անվտանգութեան երաշխիքներն ու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, այժմ հիմնական ելակէտի կը վերածուին անվտանգութեան երաշխիքներն ու իրաւունքները, եւ անոնցմէ կը բխի կարգավիճակի հարցը: Սկզբունքներու այս տեղափոխումը իբրեւ թէ կը նշանակէ այն, որ կարգավիճակը տուեալ իրադրութեան մէջ ոչ թէ նպատակ է, այլ միջոց` ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնն ու իրաւունքները: Այս ձեւով ալ կը մեկնաբանուի իշխանութիւններու որդեգրած կարգախօսը, որ Արցախի խնդիրը ոչ թէ տարածքի, այլ իրաւունքի հարց է:

Արուեստական է իրաւունք-տարածք այս տարանջատման փորձը: Յայտնաբար կարգավիճակի պահանջի նշաձողի աստիճանաչափի իջեցման նպաստող տեսութիւն է, որ կը զարգացուի:

Նման թոյլ դիրքերէ խաղաղութեան բանակցութիւններու մեկնիլը հայկական կողմին միակողմանիօրէն վնասաբեր կ՛ըլլայ: Սահմանազատման օրակարգը կը մօտենայ, որուն համար կայ համաձայնութիւն մինչեւ այս ամսուան աւարտը միջպետական համատեղ յանձնախումբ նշանակելու:

Հայկական կողմին համար ժամանակ շահիլը կարեւոր է իբրեւ մարտավարական կարեւորագոյն քայլ: Մինչ այդ`

– Աշխատիլ սահմանազատման օրակարգը Արցախի կարգավիճակի ճշդումէն անջատել:

– Կարգավիճակի հարցի իրաւական հիմք ընդունիլ ազգերու ինքնորոշման միջազգային օրէնքը:

– Երեւանի մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն կը մեկնաբանուէր իբրեւ Արցախի անվտանգութեան գլխաւոր երաշխաւորը:

Հիմա Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրողականօրէն կորսնցուցած է այդ հանգամանքը: Ինքնորոշուած կողմն է, որ պիտի բանակցի ճշդելու համար իր կարգավիճակը:

– Աշխարհաքաղաքական պատճառներով անգործութեան մատնուած է միջազգային ընտանիքին լիազօրած միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափը: Բանակցութիւններ կը կայանան Մոսկուայի միջնորդութեամբ, Թուրքիոյ անուղղակի միջնորդութեամբ եւ Պրիւքսելի միջնորդութեամբ: Միջազգային ընտանիքէն ակնկալել ճշդել լիազօրուած նոր ձեւաչափը:

– ԵԱՀԿ-ը լիազօրուած էր արցախեան հակամարտութեան լուծման, հետեւաբար Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատումն ու խաղաղութեան համաձայնագիրի գործընթացը տարանջատել` ինքնորոշուած Արցախի եւ Ազրպէյճանի հակամարտութենէն:

– Մինչեւ նոր պայմանաւորուածութիւններ ընդունիլը, պահանջել մինչեւ հիմա կայացած համաձայնութիւններու իրականացումը` յատկապէս ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ աճիւններու վերադարձի, ինչպէս նաեւ գաղթականներու եւ տուժածներու տունդարձի կէտերը:

Նշաձողի աստիճանաչափի ճշդումի քննարկումէն առաջ նման եւ այլ յարակից կէտեր ճշդելը բանակցային գործընթացի վերադարձի նոր ռազմավարութիւն կ՛ենթադրեն: Իսկ Ստեփանակերտի վերադարձը ամբողջ հակամարտութեան հայկական կողմի փիլիսոփայութեան հիմքն է, որովհետեւ անիկա հիմնուած է ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւադրոյթին վրայ:

aztagdaily.com