կարևոր
4027 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-09-21 14:20
Հասարակություն

Խմբագրական. Ազատ Սիւնիք 2-ի Հրամայականը (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Ազատ Սիւնիք 2-ի Հրամայականը (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնը բաւական բարդ պայմաններու մէջ կը նշուի: Մեր երկրորդ պետութիւնը կորսնցուցած է տարածքներ եւ ըստ էութեան իր անկախութիւնը կամ հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի ապահովման երթը 44-օրեայ պատերազմէն ետք ծանր հարուած ստացած:

Խախտած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Թշնամին ներխուժած է մեր ինքնիշխան տարածքներ եւ կը սպառնայ մեր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան, պարտադրելով նոր պայմաններ:

Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք, այժմ թուրանական կամուրջի պահանջն է առաջադրուածը. պիտի հետեւի սահմանազատման-սահմանագծման գործընթացի մեկնարկը եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի սկզբունքին ներքոյ Ազրպէյճանէն տարածքային պահանջ չներկայացնելու յանձնառութեան ամրագրումի պարտադրանքը:

Մինչ տարածաշրջանը, աւելի կեդրոնացումով` Հարաւային Կովկասը եւ մեր պարագային մասնակիօրէն Հայաստանը հետզհետէ կը դառնան աշխարհաքաղաքական թէժ օրակարգ: Առնչուած են գերտէրութիւններ, եւ իւրաքանչիւրը ազդեցութեան գօտիի պահպանման կամ նուաճման միտումներով մարտադաշտի կը վերածէ շրջանը:

Մուրճի եւ սալի տեսութիւնը այժմէական հնչեղութիւն ստացած է: Ճգնաժամային պայմաններու մէջ իշխանութիւնները չեն յաջողիր համախմբում յառաջացնել եւ այս թոհուբոհէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու ռազմավարութիւն մշակել: Տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքորոշումներ, բեւեռացումներ, արեւելումի կտրուկ փոփոխութեան պահանջներ, ռազմավարական մէկ դաշինքէն միւսը թռչելու յորդորներ` բաժանարարութիւնը կը խորացնեն արտաքին խաղերու համար ներքին ենթահողը աւելի պարարտացնելով:

Առաջին հանրապետութեան օրերու միայն մուրճ-սալի տեսութիւնը չէ, որ այժմէականութիւն ստացած է: Այսօր Սիւնիքը միջազգային հանրութեան լուսարձակին տակ է. թշնամիի ախորժակին առաջին պատառը: Թուրանական կամուրջը Ա. Հանրապետութեան օրերուն Սարդարապատէն ետք յօդս ցնդեցաւ Լեռնահայաստանի գոյամարտով: Սիւնիքի ազատագրումով եւ անքակտելիօրէն Հայաստանի Հանրապետութեան կցումով:

Թուրանական ծրագիրը վերադարձած է: Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին տակ թաքնուած է անիկա` տարածաշրջանի ապաշրջափակման տեսքով: Պատահական չէ, որ Անգարան եւ Պաքուն անդադար կ՛արծարծեն «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի պահանջը: Հայկական կողմը կը պնդէ, որ միջանցքի հարց քննարկման ենթակայ չէ: Սեպտեմբերեան պատերազմը սակայն ա՛յդ կը հետապնդէ: Առաջադրուածը Նախիջեւանի կամրջումն է Ազրպէյճանին: Եւ ինչպէս որ ռազմական գործողութիւններով Պաքուն իրականացուց Բերձորի միջանցքի փակումն ու նոր երթուղիի բացումը, հիմա նոյն միջոցներով կ՛ուզէ իրականացնել թուրանական կամուրջի կառուցումը:

Թուրանական կամուրջի կառուցման ուղղութեամբ տարբեր են տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներու պատկերացումները: Թեհրանը կը շարունակէ պնդել, որ չի հանդուրժեր դարաւոր սահմանի փոփոխութիւն: Ապաշրջափակման համաձայնութեան ճարտարապետը` Մոսկուան եռակողմ համաձայնագիրի կէտերու իրականացումը բացառապէս ի՛ր երաշխաւորութեամբ կ՛ուզէ առարկայացնել: Ուաշինկթընը շահագրգռուած է Իրանը շրջափակելով, եւ Եւրոպան իր քայլերը կը համաձայնեցնէ Միացեալ Նահանգներուն հետ:Անգարան եւ Պաքուն կը յանկերգեն «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի տրամադրումը:

Լեռնահայաստանը դարձեալ վտանգուած է, եւ հին ծրագիրը վերադարձած: Սիւնիքը պէտք է վերաազատագրել: Առաջին հանրապետութեան օրերուն եւս անկարելի կը թուէր անոր ազատագրումը: Նժդեհի զօրքերը կռիւ կը մղէին հաւասարապէս պոլշեւիկեան եւ թրքական բանակներուն դէմ: Լեռնահայաստանի գոյամարտը արդիւնաւորուեցաւ, եւ Ազատ Սիւնիք գործողութիւնը կատարեց իր առջեւ դրուած գերխնդիրը: Սիւնիքը տապալեց համաթուրանական ծրագիրը:

Ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, տեղեկատուական գոյակռիւը կը յաջողի դուրս շպրտել թշնամի զօրքը եւ պահպանել Գորիս-Սոթք-Ջերմուկ գոյաբանական գիծը: Ազատ Սիւնիք 2-ի իրականացումով կը պայմանաւորուի մեր գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ անկախութեան պահպանումը:

aztagdaily.com