կարևոր
3469 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-02-16 14:54
Քաղաքական

Խմբագրական. Վարդանանք-Վահանեանքը Յանգեցան Նուարսակի Արժանապատիւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին

Խմբագրական. Վարդանանք-Վահանեանքը Յանգեցան Նուարսակի Արժանապատիւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին

Վարդանանցի նշումը մեր համազգային դիմադրողականութեան վերարժեւորման առիթ է ամէն բանէ առաջ: Վարդանանցը հաւատքի, ազգային արժէքներու, սկզբունքներու հանդէպ մեր ժողովուրդի արմատացուցած դիմադրողականութիւնն է: Մեր գոյաբանական խնդիրը ըստ ամենայնի, որովհետեւ իբրեւ ինքնուրոյն ազգ ապրելու եւ արարելու իրաւունքէն չէինք ուզած զիջիլ:

Իսկ այստեղ արդէն անտեղիտալիութեան սկզբունքն է: Այն պահն է, երբ դադրած են մարտավարական խուսանաւումները, երբ գոյութեան սպառնալիքը համոզած է իր անխուսափելիութիւնը, երբ սպառած են բոլոր այլընտրանքները:

«Ձեր սուրը` մեր պարանոցը» կարգախօսը սակայն ճակատագիրին յանձնուելու իմաստը չէ պարփակած: Փաստօրէն ուղղուած այդ ուղերձը այլ առարկայացում ունեցած է Աւարայրի դաշտին վրայ, երբ տեղի ունեցած է ճակատային պատերազմը: «Ձեր սուրը, մե՛ր սուրը» պատասխանած են հայկական զինեալ ուժերը:

Վարդանանցը սակայն չէ աւարտած Աւարայրով: Աւարայրի ճակատամարտը ընդհանուր մեր դիմադրութեան մէկ արարն է, որուն յաջորդած է վահանեանքը: Վարդանանք-Վահանեանք ամբողջութեան մէջ պէտք է նկատել հայկական դիմադրութեան շարժումի շղթայակական կապը: Աւարայրի արդիւնքը Նուարսակի պայմանագիրն է, որ դիւանագիտական յաջողութիւն է անպայման, այդ օրերու պայմաններուն նկատառումով:

Այստեղ կայ շատ կարեւոր նուրբ փուլ, որ պէտք չէ շրջանցել: Պատերազմներու հրադադարներուն կամ աւարտին, կը կնքուին պայմանագիրներ` աւելի երկարաշունչ կտրուածքով` խաղաղութեան համաձայնագիրներ: Վարդանանց ճակատամարտին եւ Նուարսակի պայմանագիրին միջեւ կար Վահանեանց շարժումը, կամ` նոր ռազմավարութեամբ պատերազմը շարունակելու վերամշակուած դիմադրութիւնը:

Աւարայրը ռազմական պարտութիւն էր. բայց պահպանած էր դիմադրութիւնը շարունակելու ոգին: Վահանեանք փաստօրէն կը փոխէին ռազմավարութիւնը: Նպատակը կը մնար նոյնը: Ճակատային բախումները կը վերածուէին հրոսակային-հայդուկային կռուելաձեւերու, եւ մեր հայրենիքը գրաւողները կը ներքաշուէին մաշեցնող եւ սողացող պատերազմի:

Հաւանաբար Աւարայրը պէ՛տք էր ազգովին դիմադրութեան ոգին վերաբանաձեւելու, ազգ-բանակի վերածուելու եւ առաջնորդուելու պատերազմի դաշտ` ո՛չ ըսելու հաւատափոխութեան եւ անձնատուութեան: Այդ ոգիի ռազմական իրացումը անհրաժեշտ էր ամբողջ ազգի դիմադրութեան ծինայատկութիւնը վերափաստարկելու եւ մանաւանդ չյանձնուելու: Պարանոց յայտարարելու, բայց սո՛ւր բարձրացնելու:

Համազգային այդ մերժումի ոգին էր, որ պատճառ դարձաւ Աւարայրի պարտութենէն ետք նոյնիսկ, պայքարը արագօրէն վերակազմակերպելու, նոր յաջողութիւններ ձեռք բերելու եւ դիւանագիտական յաղթանակի յանգելու:

Արցախեան 44-օրեայի ծանր արդիւնքները այլ բովանդակութեամբ 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան կրնային վերածուիլ, եթէ իշխանութիւններուն վարած պարտուողական քաղաքականութեան բերումով ազգովին չկորսնցնէինք մեր դիմադրելու ոգին եւ հակառակ պարտութեան շատ արագ դիմէինք համազգային միաւորման, դերերու բաշխման, դիւանագիտական ռազմավարութեան վերամշակման: Իշխանութիւնները մերժեցին երթալ համախմբուելու, միաւորելու եւ պետութեան ողնաշարը շտկելու ուղիով: Վարդանանց մթնոլորտը ի սպառ բացակայեցաւ:

Խաղաղութեան նոր համաձայնութիւններ կը պարտադրուին մեզի հիմա: Արդարացումներ կը կատարուին, թէ հայկական կողմի նշումները, առարկութիւնները նկատի կ՛առնուին: Կենսաճանապարհը փակ է: Հայրենական տարածքները ներխուժուած են: Ընտրովի քարտէսներու հիման վրայ սահմանագծումներ կը նախագծուին: Շրջափակումները կը շարունակուին:

Հեռու ենք նոր Նուարսակի իրաւապայմանագրային փաստաթուղթի ստորագրութենէ: Պատրաստուող փաստաթուղթերը, կամ արդէն իսկ համաձայնուածները, միակողմանի են եւ նկատի չեն ունենար հայկական կողմի շահերը:

Հիմա մեզի Վահանեանք պէտք է: Վահանեան շարժում, որ կը յաջողի վերստին ամրացնել դիմադրութեան ոգին, վերականգնել ազգային արժեհամակարգը, համախմբել ազգը, կիրարկել հաւասարակշիռ եւ փոխլրացուցիչ դիւանագիտութիւն եւ մանաւանդ ստիպել Նուարսակի դաշնագիրին հետեւողութեամբ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրը:

aztagdaily.com