Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան նշումներուն առիթով, իբրեւ հրատապութիւն ներկայանցող հարց, առաջին հերթին լուսարձակ կը խլէ սահմանադրական վիճարկելի փոփոխութիւններու գործընթացը, որուն ձեռնարկեցին իշխանութիւնները: Անկախ իրաւագիտական հարթութեան վրայ ծաւալած վէճերէն, հակոտնեայ մեկնաբանութիւններէն, տնօրինումներուն օրինականութիւնը հաստատող թէ մերժող դիրքորոշումներէն, կան սուր հարցականներ, որոնք տակաւին կը մնան անպատասխան:
Սահմանադրական դատարանին վերաբերող փոփոխութիւններու իրաւասութիւնը հանրաքուէո՞վ, թէ՞ խորհրդարանով կարելի է կատարել: Սակայն պահ մը փորձենք շրջանցել այս անորոշութիւնը:
Եթէ ընդունինք, որ խորհրդարանին կը պատկանի Սահմանադրական դատարանին անդամներու պաշտօնավարման ժամկէտներու ճշդումը, նոր անդամներու նշանակման հարցը եւ նախագահի փոփոխութեան իրաւունքը, ապա կը ծագի հետեւեալ խնդիրը:
Սահմանադրութիւնը նաեւ ունի իր իրաւափիլիսոփայութիւնը: Իսկ գործող Սահմանադրութիւնը ամբողջ կը նպատակադրէ մեր երկրի ժողովրդավարացումը, բազմակուսակցական խորհրդարանով քննարկումներու իբրեւ արդիւնք օրէնսդրութեան որդեգրումը: Այս բոլորը
առաւելագոյն չափերով կը վերաբերին երկրի իրաւական բարձրագոյն փաստաթուղթին, պետականութեան հիմքին` Սահմանադրութեան: Երբ քաղաքական արտակարգ պայմաններու բերումով ձեւաւորուած է իրողապէս միակուսակցական խորհրդարան` սահմանադրութեան ոգիէն մեկնած, իշխող կուսակցութիւնը պիտի ձեռնարկէ համակողմանի քննարկումներու` սահմանադրական որեւէ փոփոխութիւն ներառելու համար: Այլապէս, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը միակուսակցական որոշումով քաղաքական իր առաջադրանքներուն կրնայ համաձայնեցնել երկրի գերագոյն իրաւաթուղթը, որուն ոգիին ու տառին շուրջ ձեւաւորուած է եւ ամրագրուած ամբողջ օրէնսդրութիւնը:
Արագ, քաղաքական հարց լուծող փոփոխութիւնը կրնայ նախադէպ ստեղծել եւ իշխանափոխութեան հետ փոխել նաեւ սահմանադրութիւնը: Սահմանադրութեան փիլիսոփայութեան հիման վրայ ընդունուած ընտրակարգը, հակակշիռ գործողութիւններ իրականացնելու համար ընդդիմութեան յատկացուած չափաբաժինն ու խորհրդարանական յանձնաժողովներուն մէջ ընդդիմութեան ներառման օրէնքով սահմանուած որոշումները կը միտին քարացած չպահել խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ չյաւերժացնել միակուսակցական դրութիւնը: Հիմա արդէն կը հնչեն Սահմանադրութիւնը փոխելու կոչերը:
Սահմանադրական որեւէ փոփոխութիւն համակողմանի քննարկման ենթարկելու անհրաժեշտութենէն զատ կայ այլ հրամայական եւս, որ ունի քաղաքական իմաստ: Գործող Սահմանադրութեամբ մեր երկիրը դարձաւ խորհրդարանական համակարգ: Խորհրդարանական համակարգով կը ղեկավարուին Եւրոմիութեան անդամներու մեծամասնութիւնը: Գործող Սահմանադրութեան իւրաքանչիւր յօդուած համաձայնեցուած է Վենետիկի յանձնաժողովին կողմէ: Այս իրաւակարգը խորքին մէջ համահունչ է մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան` Եւրոպայի հետ համարկման ընդհանուր վարքագիծի առումով:
Պատահական չէ նաեւ, որ Պրիւքսէլը գործակցութեան յատուկ ձեւաչափով պայմանագիր ստորագրեց Երեւանի հետ, հակառակ անոր որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձած էր Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ: Այդ առանձնաշնորհումին մէջ դեր ունէր մեր երկիրը խորհրդարանական համակարգի վերածող սահմանադրական իրաւաչափութիւններուն եւրոպական իրաւաարժէքային համակարգի հետ համապատասխանեցումը:
Սահմանադրական իւրաքանչիւր փոփոխութեան նախաձեռնելէ առաջ պէտք է հաշուի առնել թէ՛ ներքին ժողովրդավարութեան ամրակայման, եւ թէ ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութիւն ներկայացնող հանգամանքները: Այս պարագային, միշտ մտաբերելով Սահմանադրութեան 167-րդ յօդուածի երկրորդ կէտը. «Արդարադատութիւն իրականացնելիս Սահմանադրական դատարանն անկախ է եւ ենթարկւում է միայն Սահմանադրութեանը»:
aztagdaily.com