Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Նոր ու արհեստավարժ միջոցները կրճատեցին հեռաւորութիւնները, ժամանակները եւ ամբողջ աշխարհը դրին ափիդ մէջ։
Հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու հարազատ մը տեսնելու համար, ա՛լ պէտք չունինք ժամերով թռիչք կատարելու, հիմա արդէն կը տեսնենք զինք ու կը լսենք մեր ձեռնահեռաձայնի պատուհանէն։ Ա՛լ պէտք չունինք անոնցմէ օրերով սպասելու լուսանկարի մը, երկվայրկեաններու մէջ ափիդ մէջ կ'ըլլայ այդ։
Սակայն 2019-ին, ծայր առաւ համաճարակ, որ աստիճանաբար իր քօղը երկարեց աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն ու նոր իմաստ տուաւ այս բոլորին։
Խճողուեցաւ մեր ափը։
Սկսանք այնտեղ տեսնել ոչ միայն հազարաւոր, այլ միաւոր քիլոմեթրեր հեռու անձինք։ Դպրոց, դարմանատուն, բեմահարթակ, մատուռ եւ ժողովասրահ դարձաւ մեր սենեակի պզտիկ մէկ անկիւնը։
Համազգայինի ընտանիքը անմասն չմնաց այս բոլորէն։ Ելոյթներ, ձեռնարկներ, ժողովներ ու փորձեր կատարուեցան աշխարհի չորս դին։
Համազգայինի ուսանողական ֆորումի 27-ամեայ անընդհատ ծրագիրը նոյնիսկ անցեալ տարի ընդհատուեցաւ համաճարակի պատճառով, ու վրայ հասաւ Արցախեան պատերազմը։
Վերջերս սակայն կազմուեցաւ ֆորումական առցանց ծրագիր, ու բոլորիս կիսած պատերազմը, համաճարակն ու հայութեան սպառնացող վտանգը դարձան անոր թեմաները։
Տարիքային սահմանումներ չկային այս անգամ, ծրագրին արձանագրուեցան նոյնիսկ տասնեակ տարիներու ֆորումականներ։ Հրաւէրը բոլորին էր։
Երկօրեայ դասախօսութեան շարք մըն էր։ Թիւով չորս էին դասախօսութիւնները, հաւասարապէս բաժնուած Յուլիս 11-ի եւ Յուլիս 18-ի վրայ։
Նիւթերը նուիրուած էին հայութեան ընդհանրապէս, եւ Արցախ աշխարհին մասնաւորապէս։
Առաջին օրը՝ Յուլիս 11-ին, նախքան դասախօսութեան սկսիլը, տեղի ունեցան ծանօթացման խաղ եւ ընդհանուր զարգացման հարցումներ։
Առաջին դասախօսն էր Մոնթրէալէն դոկտ. Կարին Փափազեան-Զոհրապեան, դասախօսութեան նիւթը՝ «Պատերազմ, համաճարակ եւ վերապրում՝ հայ երիտասարդութեան հոգեբանական մարտահրաւէրները»։
Այնտեղ խօսուեցաւ հոգեկան աշխարհի մասին։ Պատերազմն ու համաճարակը ի՛նչ ազդեցութիւններ ձգեցին ժողովուրդի տարբեր խաւերուն վրայ, թէ ինչպէ՛ս անձը կ'ազդուի իր շրջապատէն, եւ շուրջը դարձածը ինչպէ՛ս ու որքանո՛վ կ'ազդէ իր վրայ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յաղթահարել այդ բոլորը ու դէմ դնել անոնց, ինչպէ՛ս պէտք է մօտենալ հարցերուն եւ ի՛նչ դիտանկիւններէ պէտք է դիտել զանոնք։
Մթնոլորտը ջերմ էր ու ընկերային։ Ֆորումականներ, առանց տարիքի խտրականութեան, իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին զրոյցի աւարտին, զրուցեցին ու կարծիք յայտնեցին։
Երկրորդ նիւթի դասախօսներն էին Ամերիկայէն դոկտ. Հեղնար Զէյթլեան Ուաթնփաու եւ անկախ հետազօտող ու դասախօս Սիմոն Մաղաքեան, դասախօսութեան նիւթը՝ «Հայկական յուշակոթողային ժառանգութիւն. պահպանում եւ բնաջնջման քաղաքականութիւն»։
Դասախօսութիւնը կը կեդրոնանար մասնաւորաբար երկար տարիներու թաւալումով հայկական յուշակոթողներու եւ խաչքարերու բնաջնջման փորձերուն վրայ։ Այնտեղ կը ցուցադրուէին թիւեր ու նկարներ, որոնք գիտելիքը կը դարձնէին աւելի տպաւորիչ ու վտանգը աւելի մօտ կը զգացուէր։ Խօսուեցաւ ու զրոյց տեղի ունեցաւ այդ բոլորին դէմ դնելու կարելիութիւններու ու մեթոտներու մասին։
Երկրորդ օր՝ Յուլիս 18-ին, ծրագիրը դարձեալ կ'ընդգրկէր երկու դասախօսութիւն։
Առաջինը՝ «Գրականութիւնը Արցախի պատերազմի ընթացքին», որուն դասախօսն էր արցախցի բանաստեղծ եւ գրող Հերմինէ Աւագեան։
Աւագեան, ականատեսի աչքով անդրադարձաւ պատերազմի ահաւորութեան եւ անորմէ ծնունդ առած գրականութեան։ Հայ գրողը այդ բոլորը տեսնելով ու ապրելով, չէր կրնար իր ներաշխարհը գրիչին չտալ ու հոգին չդնել հոն։ Բանաստեղծը խօսեցաւ այդ օրերու ստեղծագործելու նրբութիւններու մասին, որովհետեւ այդ բոլորը պիտի կարդացուէին ժողովուրդի տարբեր խաւերու կողմէ։
Դասախօսութեան ընթացքին կարդացուեցան եւ բացատրուեցան բանաստեղծութիւններ Սէրկէյ Սաֆարեանէն(Նեմրութ), Վիտալի Պետրոսեանէն, Հայասէր Յովսէփեանէն(նահատակուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին) եւ նոյնինքն դասախօս Հերմինէ Աւագեանէն։
Երկրորդ դասախօսութիւն. «Գորգագործութեան արուեստը՝ Արցախի հայկական ինքնութեան վկայութիւն»
Դասախօսներն էին Շուշիի գորգերու թանգարանի հիմնադիր Վարդան Ասծատրեան (Արցախ) եւ Հայկական Գորգերու Ընկերութեան նախագահ Հրաչ Կէօզիւպէյիւքեան (Ամերիկա)։
Հայկական գորգերը հայ արուեստի իւրայատկութեան օրինակ ու փաստ են։
Գիտակն ու անոնց մասին բաւարար գիտելիք ունեցողը կրնայ ուղղակի ճշդել ո՛ր շրջանի գործ է այդ մէկը։
Ասծատրեան անդրադարձաւ պատերազմի նախօրեակի նախազգուշացման մասին ու նուազագոյն կորուստներու կանխարգիլման իր փորձառութեան մասին։ Ան զգալով պատերազմի վտանգը, յաջողեցաւ գորգերու բաժին մը փոխադրել Հայաստան, սակայն ցաւ ի սիրտ անոնց մեծ բաժինը մնաց Արցախ՝ նեցուկի չգոյութեան եւ կազմակերպուածութեան պակասի պատճառով։ Յատկապէս Նոյեմբերի 9-ը Շուշիի գորգերու փոխադրման աշխատանքը կասեցուց։
Իսկ Կէօզիւպէյիւքեան, տարիներ այս ասպարէզի մէջ ներառուած ըլլալով, շեշտեց գորգերու արժէքը ու զանոնք աղաւաղելու թշնամիի նկրտումներն ու նպատակները։ Յայտնեց, որ բոլորս եւ ի մասնաւորի հայոց պետականութիւնը մեղաւոր ենք մեր մշակոյթի անվտանգութիւնը չապահովելու համար, թէ միշտ սպասած ենք պատուհասին, եւ այդ պատուհասը կանխարգելու միջոցներու չենք ձեռնարկած։ Կէօզիւպէյիւքեան հաստատեց, որ պէտք չէ ակնկալել միջազգային կազմակերպութիւններէ այն, ինչ հայոց պետականութիւնը ձախողեցաւ իրագործելու։
Հակառակ գորգերու իւրայատկութեան ու անոնց հազարամեայ արժէքին, զոյգ դասախօսները շեշտեցին, որ այս աշխատանքը եւ այս բոլորի պահպանումը չի վայելեր Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններու պետական նեցուկը ու կը մնայ սոսկ անհատական ճիգերու աշխատանք, որ կը դառնայ կարելիութիւններով սահմանափակ ու չի կրնար կատարել իրեն վստահուած առաքելութիւնը։
Աւարտին, բոլոր դասախօսութիւններուն աւարտին նման, մասնակիցները կիսեցին իրենց մտահոգութիւնները եւ պարզեցին իրենց հարցերը։
Երկօրեայ այս դասախօսաշարքը նախնական փորձ մըն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Կրցաւ ներառել հայ ժողովուրդէն խաւ մը, եւ անհատը հոնկէ առաւ բան մը ու ձգեց իրմէ բան մը հոն։
Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպողներուն։
Գրութիւնը փակենք դոկտ. Զոհրապեանի մէկ անդրադարձով.
"Relationships are fundamental to resilience"
Յարաբերութիւններրը անհրաժեշտութիւն են վերապրման համար։