Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Համակազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Կեդր. վարչութեան, Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային բողոքի հաւաք՝ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած Արցախի շրջափակման դէմ։ Բողոքի հաւաքը իրագործուեցաւ Եւրոպական խորհուրդի՝ Աթէնքի կեդրոնական գրասենեակին առջեւ, որ կը գտնուի Սինտաղմայի հրապարակի եւ Յունաստանի խորհրդարանի մօտ։
Մեծ թիւով հայրենակիցներու կողքին, ներկայ եղաւ կրօնական դասը՝ գլխաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, որուն կողքին էին Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան եւ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Ազգային վարչութեան կողմէ ներկայ եղան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ կոմիտէութեանց անդամներուն կողքին, զգալի էր Հ.Յ.Դ. Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններու անդամներու ներկայութիւնը, որոնք Արցախի ու Հայաստանի դրօշակներով, մեծադիր եւ փոքր պաստառներով կ՚արտայայտէին իրենց ընդվզումը ընդդէմ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման ու մարդասիրական մեծ աղէտի ստեղծման Արցախի բնիկ ժողովուրդին մօտ։
Որոշեալ ժամուն, Հ.Յ.Դ. Երիտասադական միութեան ներկայացուցիչը բարձրախօսէն իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին բացատրեց բողոքի հաւաքի նպատակը Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակին առջեւ, պահանջելով եւրոպական ատեաններու անմիջական միջամտութիւնը՝ վերաբանալու համար Արցախն ու Հայաստանը իրար կապող Բերձորի (Լաչին) միջանցքը։
Յաջորդական ներկայացումներով, մեր երիտասարդները մանրամասնօրէն անդրադարձան Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի համաձայնագիրի խախտումին, Հայաստանի ու Արցախի վրայ կատարած ռազմական ոտնձգութիւններուն, կազի եւ ելեկտրական հոսանքներու դադրեցման, որոնք Արցախի ժողովուրդը կը տանին դէպի մարդասիրական մեծ աղէտ։ Ցուցարարները նշեցին Արցախի մէջ ապրող 120.000 բնակիչներու ապրած ողբերգութիւնը, հիւանդանոցներու մէջ բժշկական լուրջ խնամքի կարօտ հիւանդներու Երեւան փոխադրութեան անկարողութիւնը, սնունդի պաշարներու ներածումի դադրեցումը, աւելի քան 1100 անձերու եւ 270 փոքրիկներու ձմռան ծանր պայմաններու տակ արգելափակման իրողութիւնը փակուած ճամբուն վրայ։
Կոչ ուղղուեցաւ Եւրոպական խորհուրդի ներկայացուցչութեան անմիջականօրէն միջամտելու եւ պահանջելու ատրպէյճանական վարչակարգէն դադրեցնել Արցախի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ գիրծիքակազմերու ստեղծումը, որոնք նպատակ պիտի ունենան պաշտպանել Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդը ատրպէյճանական ցեղասպանական արարքներէն։
Միաժամանակ, ներկայ ժողովուրդը շարունակական լոզունգներով կը պահանջէր ատրպէյճանական ոտնձգութիւններու դադրեցումը։
Տեղւոյն վրայ յայտարարուեցաւ, թէ յատուկ յուշագիր մը պիտի յանձնուի Եւրոպական խորհուրդի պատուիրակութեան, որուն մէջ արձանագրուած են յունահայութեան պահանջները Եւրոպական միութեան միջամտութեան համար։
Բողոքի հաւաքի աւարտին, բոլոր մասնակիցները իրենց ձեռքի հեռախօսներու լոյսով կատարեցին «SOS» բառի լուսաւորումը, որ կը խորհրդանշէր Արցախի ժողովուրդը փրկելու կոչը ատրպէյճանական արարքներէն։
Բողոքի հաւաքը վերջ գտաւ հայկական եւ յունական ոգերգներու համախումբ երգեցողութեամբ։