Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 3-5, «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճանզ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Շնորհակալութիւն Քոնկրես» խորագրուած հանրային հաւաքը, որուն նպատակն է գնահատել Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին հաստատումը իրականացուցած քոնկրեսականներու տարած աշխատանքը։
Հաւաքը կը համահիւրընկալուի համալսարանին Հայ Ուսանողական միութեան կողմէ։
Հանրային հաւաքին ներկայ պիտի ըլլան բանաձեւի համահեղինակ Էտըմ Շիֆ եւ գլխաւոր հովանաւորներէն Ճուտի Չու, որոնք մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցեն պատմական այս որոշումին վերաբերեալ։
«Հայոց Ցեղսպանութիւնը ճանչցող այս յատկանշական յաղթանակը մեզի քայլ մը եւս մօտեցուցած է արդարութեան», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ Շիֆ գրեթէ երկու տասնամեակներէ ի վեր պայքար տարած է այս նպատակին հասնելու համար, իսկ Չու, որ վերջերս մեծարուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր նուիրումով կը ջատագովէ Հայկական Հարցը։
Յիշեցնենք, որ այժմ աշխատանք կը տարուի նման բանաձեւ մը (թիւ 150) հաստատելու նաեւ Ծերակոյտին մէջ։ Այդ բանաձեւին համահեղինակներն են ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Թետ Քրուզ, իսկ Շիֆի կողքին, թիւ 296 բանաձեւին համահեղինակն էր Կաս Պիլիրաքիս։
asbarez.com