կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-08-09 14:12
Սփյուռք

Հայ Դատի Հաւաքը՝ Ի Նպաստ Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի

Հայ Դատի Հաւաքը՝ Ի Նպաստ Քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարներ, նուիրատուներ եւ համակիրներ 31 Յուլիսին մասնակցեցան հաւաքի մը, որ կազմակերպուած էր ամերիկահայութեան երախտագիտութիւնը փոխանցելու համար քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հայանպաստ նորագոյն քայլերուն համար, միաժամանակ նեցուկ կանգնելու համար անոր վերընտրութիւնը ապահովելու ջանքերուն։

Երկար տարիներէ ի վեր իր հայանպաստ գործունէութեամբ ծանօթ քոնկրեսականը ներկայիս բարձաստիճան անդամներէն մէկն է Ներկայացուցիչներու տան հեղինակաւոր Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին։

Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը տեղի ունեցած հաւաքին հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր Հայ Դատի երկարամեայ համակիրներէն Մայքըլ Մահտէսեանի կողմէ, իսկ անոր ներկայ էին յայտնի իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեան եւ առողջապահութեան մարզի հեղինակաւոր առաջնորդներէն Մայք Սարեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի ազգային, շրջանային եւ տեղական մարմիններու ղեկավարներ։Հաւաքին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան դրուատեց Շըրմընի հայանպաստ քայլերը, յիշեցնելով յատկապէս Արցախին ուղղակի ամերիկեան պետական աջակցութիւն ապահովելու աշխատանքին մէջ անոր ունեցած կենսական դերակատարութիւնը, որուն շնորհիւ 1997էն ի վեր կարելի եղած է Արցախին մօտաւորապէս 40 միլիոն տոլարի ուղղակի աջակցութիւն տրամադրել, ինչ որ նպաստած է յատկապէս ականազերծման գործին։Յիշեցնենք, որ քոնկրեսականներ Շըրմընի եւ Թի. Ճէյ. Քոքսի ջանքերով, այս շաբթուան ընթացքին 89 քոնկրեսականներ ստորագրեցին նամակ մը, որ ամերիկեան վարչակազմէն կը պահանջէ պահպանել Արցախի տրամադրուող այս կենսական նպաստը, զայն կասեցնելու քայլերուն ընդդիմանալով։

Իսկ անցեալ ամիս, Շըրմընի ներկայացուցած առաջարկով կարելի եղաւ կասեցնել Ատրպէյճանին որեւէ ամերիկեան զէնքի վաճառքը, եթէ նկատուի, որ այդ զէնքը կրնայ օգտագործուիլ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերուն վրայ յարձակելու Ատրպէյճանի սպառնալիքը իրականացնելու դատապարտելի նպատակով։