կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-23 15:15
Մշակույթ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

aztagdaily.com - Տարբեր երկիրներէ Հայաստանի մէջ համախմբուած երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Համազգայինի ուսանողական հաւաքի 2019-ի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 15 յուլիս 2019-ին: Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն:

Բացումէն ետք, ֆորումականները խմբային խաղերու ընթացքին աւելի լաւ ծանօթացան իրարու: Անոնք պտոյտ մը կատարեցին Երեւանի մէջ: Ծանօթացան Օփերայի շուրջ գտնուող արձաններուն` Թումանեան, Սպենդիարեան, Խաչատուրեան, Սարեան, Կոմիտաս, Պապաջանեան եւ Թամանեան: Անոնք նաեւ նախաձեռնեցին Երեւանի բնակիչներուն հետ հանդիպումներու եւ անոնց հետ զրուցեցին իւրաքանչիւր դէմքի մասին: Աւելի ուշ, ֆորումականները երգով ու պարով ճոխ երեկոյ մը անցուցին «Ակունք» համոյթին մասնակցութեամբ:

Ֆորումի 2-րդ օրուան շրջապտոյտը սկիզբ առաւ Սաղմոսավանքէն: Ֆորումականներուն կ՛ընկերակցէր փրոֆեսէօր Աշոտ Գրիգորեան, որ ներկայացուց հայ ճարտարապետութեան պատմութենէն եւ ի մասնաւորի այս եկեղեցւոյ պատմութենէն ուշագրաւ տեղեկութիւններ, ապա խումբը ուղղուեցաւ տառերու պուրակ, որմէ ետք  Արագած լեռ: Ֆորումականները վերադարձի ճամբուն վրայ այցելեցին Ամբերդ եւ այնտեղ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր փրոֆեսէօր Աշոտ Գրիգորեան ներկայացուց բերդի ռազմավարական դիրքը, որուն շնորհիւ բերդը կանգուն կը մնայ մինչեւ օրս:

Ֆորումի 3-րդ օրուան այցելութեան առաջին վայրը Երեւանի պետական համալսարանն (ԵՊՀ) էր, ուր ֆորումականները հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ Գեղամ Գէորգեանին հետ: Գէորգեան անդրադարձաւ համալսարանի հիմնադրութեան, պատմութեան եւ բաժանմունքներուն: Ընթացքին, մասնակիցները զիրենք յուզող լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին: Ապա խումբը ուղղուեցաւ ԵՊՀ-ի թանգարան, ուր ուղեցոյցը հակիրճ ձեւով ներկայացում մը կատարեց այնտեղ գտնուող գանձերուն եւ գոյքերուն մասին:

ԵՊՀ-ի շրջապտոյտը աւարտելէ ետք, մասնակիցները ուղղուեցան Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոց, ուր ոգեւորութիւնը մեծ էր թէ՛ մասնակիցներուն եւ թէ՛ ներկայացնողներուն: Փրոֆեսէօր Թովմաս Պօղոսեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ հայ աշուղներու կենսագրականներուն, անոնց տարած աշխատանքին, ինչպէս նաեւ` հայկական նուագարաններուն եւ մեր պատմութեան մէջ անոնց ունեցած արժէքին մասին: Ֆորումականները յաջողեցան ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւել` շնորհիւ իրենց մասնակցութեան եւ ցուցաբերած հետաքրքրութեան:

Մշակութային արժէքներու ծանօթացումը ծաւալեցաւ ամբողջ օրուան ընթացքին, յաջորդ ժամադրավայրը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանն էր: Մասնակիցները ուղեցոյցներու առաջնորդութեամբ շրջեցան մատենադարանի տարբեր բաժինները եւ ծանօթացան այնտեղ գտնուող մատեաններուն ու մագաղաթներուն, բոյսերուն եւ գոյքերուն, որոնք դարերու պատմութիւն ունին:

Ֆորումի խորհրդանիշ` Սասունցի Դաւիթի արձանին քով լուսանկարուելով, վերջ գտաւ 3-րդ օրուան ծրագիրը:

Ֆորումի ծրագիրի 4-րդ օրը հայրենիքի բնութեան նուիրուած էր: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն խումբը ուղղուեցաւ Սեւանայ լիճ, ուր մասնակիցները նաւակներով շրջագայութիւն մը կատարեցին, ինչպէս նաեւ այցելեցին Սեւանայ վանք:

Բնութեան ջրաշխարհէն ետք, խումբը անցաւ լեռնաշխարհ` յաջորդաբար այցելելով Դիլիջան եւ Հաղարծին:

Երեկոյեան, մասնակիցները աշխատանոցի մը ընթացքին վերաթարմացուցին իրենց գիտելիքները նախօրօք այցելած մատենադարանի մասին:

Ֆորումի 5-րդ օրուան այցելութեան առաջին վայրը Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանն էր: Ֆորումականները խումբ-խումբ շրջեցան արդիական շունչով պատրաստուած այդ թանգարանը եւ ծանօթացան Թումանեանի գործերուն ու օգտագործած գոյքերուն: Ապա անոնք ուղղուեցան դէպի Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ուր հանդիպում ունեցան համալսարանի ընդունելութեան բաժինի պատասխանատու Արինա Զոհրապեանի հետ, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց համալսարանին մէջ գտնուող ճիւղերը, դասաւանդութեան դրութիւնը եւ համալսարանի տրամադրած դիւրութիւնները:

Յաջորդ կայարանը ԹՈՒՄՕ կեդրոնն էր, ուր ֆորումականները ունեցան տեսերիզի, թուային խաղերու եւ ռոպոթիքսի պատրաստութեան աշխատանոցներ:

Երեկոյեան ֆորումականները իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» զրոյցին: Զրուցավարն էր ֆորումի դաստիարակչական պատասխանատու Վիգէն Թիւֆէնքճեան: Մասնակիցները կարկինը լայն բանալով քննարկեցին նիւթը: Անոնք ունեցան շինիչ քննարկումներ:

Աւելի ուշ, ֆորումականները իրենց գիշերը անցուցին Երեւանի լուսաւոր փողոցները շրջելով: