Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Շաբաթ, 20 մայիսին հազարաւոր հայեր (կը խօսուի շուրջ 5000-ի մասին) Կոռնիձորի մէջ հաւաքուեցան եւ քայլարշաւով մօտեցան Հայաստանը Արցախին կապող կամուրջին վրայ տեղակայուած ազրպէյճանական անցարգելին: Միւս կողմէն, իրենց ընդառաջ եկան Ստեփանակերտէն եկող ցուցարարներ: Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, որուն գլխաւոր պատգամը հանդիսացաւ Արցախն ու Հայաստանը կործանումէ փրկելու նպատակով համախմբուելու ու վերանորոգ թափով պայքարը շարունակելու հրամայականը: Արդարեւ, 15 մայիսի եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտարարուեցաւ, որ կողմերը` Հայաստան եւ Ազրպէյճան որոշակի յառաջդիմութիւն արձանագրած են եւ փոխադարձաբար ճանչցած երկու երկիրներու հողային ամբողջականութիւնը: Շարլ Միշել` Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահը, յայտարարեց, որ Ազրպէյճան կը ճանչնայ 29.800 քառ. քմ տարածքով Հայաստանը, իսկ Հայաստան կը ճանչնայ 86.600 քառ. քմ տարածքի վրայ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը: Այս վերջին թիւը իր մէջ կը ներառէ Արցախը: Սա կը նշանակէ, որ նախապատրաստուող խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի չյիշատակէ Արցախը:
Ուշագրաւ է, որ Արցախէն վերջնականապէս հրաժարումի յայտարարութիւնը կը կատարէ ոչ թէ Հայաստանի վարչապետը, այլ` Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահը: Կը կարծուէր, որ արեւմտեան միջնորդութիւնը` ամերիկեանը եւ եւրոպականը, Հայաստանի համար ռուսականէն աւելի նպատակայարմար են, բայց երեւան կու գայ, որ ոչ մէկ առաւելութիւն կը վայելէ Հայաստան: Միջնորդական առաքելութեան լծուած բոլոր տէրութիւնները, բնականաբար, իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն. Ազրպէյճանի նկատմամբ բարեացակամութիւնը իրենց համար աւելի շահաւէտ է, քան պարտուած ու ինքնապաշտպանութենէ կամովին հրաժարած Հայաստանի:
Կոռնիձորի հաւաքը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ Հայաստան փրկութեան մէկ ճամբայ ունի միայն. դիմադրութեան շուրջ ժողովրդային համախմբումի եւ յամառ պայքարի ճամբան: Միասնականութիւնը եւ համախմբումը կը կատարուին գաղափարի համար, նպատակ մը հետապնդելու դիտաւորութեամբ: Պարտուողականութիւնը եւ զիջումը եթէ նպատակ դառնան, ո՛չ ժողովուրդ կը մնայ, ո՛չ հայրենիք, ո՛չ ալ պետութիւն: Համախմբումը իրական է ու ճշմարիտ, երբ կը կատարուի արդար նպատակով պայքարի հեռանկարով: Պէտք է ստեղծել ուրեմն այդ միասնականութիւնը` Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու գոյատեւումը եւ բարգաւաճումը իրագործող պայքարի շուրջ: Ազատագրական պայքարի շուրջ:
Բնականաբար նպատակայարմար պիտի ըլլար, որ ազատագրական պայքարի առաջնորդութիւնը ստանձնէ պետական իշխանութիւնը եւ քաղաքացիները համախմբէ գաղափարի ու ազգային նպատակի դրօշին ներքեւ: Ափսոս, մենք ոչ միայն նման իշխանութիւն չունինք, այլեւ ընդհակառակն, անդադար ժողովրդային նպատակային համախմբումները խափանող վիճակներ ստեղծող իշխանութեան մը յանդիման կը գտնուինք: Այլապէս ինչպէ՛ս բացատրել, կարեւոր որոշումներ կայացնելու ամէն պատեհութեան, լուսանցքային խնդիրներ ստեղծելու հետեւողական սովորութիւնը: Վերջինը` որդեկորոյս մօր մը կողմէ վարչապետի զաւակի կարծեցեալ առեւանգման դէպքն է: Հնարամիտ երիտասարդը կրցած է կամաւոր կերպով ինքնաշարժ նստելէ ետք փախուստի դիմել, ապա բողոքել ոստիկանութեան: «Առեւանգող» մայրը ձերբակալուած է: Պատերազմի 5000 զոհերու ծնողները, անոնց ազգականներն ու բարեկամները, անոնց պահանջներուն զօրավիգ բազմաթիւ քաղաքացիներ այժմ պէտք է հիմնականը մոռնան ու պայքարի ձեռնարկեն բանտէն ազատագրելու համար պատերազմին իր միակ զաւակը կորսնցուցած դժբախտ մայրը:
Ժողովներն ու հանդիպումները զիրար կը հրմշտկեն վերջին շրջանին: Հայաստանի մէջ տասնեակներով (թերեւս` հարիւրաւոր) մեկնաբաններ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ կը վերլուծեն, ինչպէս իմ մէկ հին ընկերս կ՛ըսէր, իմաստուն մտքեր կը յայտնեն, որոնց իշխանութիւնները լսելու տրամադրութիւն ցոյց չեն տար: Իշխանութիւնները ո՛չ կը լսեն, ո՛չ ալ վերջերս կը խօսին: Սպառած է այլեւս սուտերով ու կասկածելի մեկնաբանութիւններով հանրային կարծիքը մոլորեցնելու դրամագլուխը: Երբ իշխանութիւն մը կը մատնուի իր նախընտրական ծրագիրին հակասող արարքներ կատարելու հարկադրանքին, ան կը խոստովանի իր ձախողումը ու լուծում կը փնտռէ: Լուծումը պարզ է. կա՛մ նոր ծրագիրի շուրջ համախմբել, կա՛մ մեկնիլ:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com