կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-07 23:34
Հասարակություն

Այա Սոֆիայէն Շուշի․․․Համաթուրանական հորիզոններ

Այա Սոֆիայէն Շուշի․․․Համաթուրանական հորիզոններ

Յուլիս 24, 2020․․․ Գրեթէ 86 տարի ետք, Պոլսոյ անվիճելիօրէն յունական հնադարեան մշակութային կեդրոնական գանձ-գեղեցկութիւններէն՝ Այա Սոֆիան փոխեց թանգարանի իր կարգավիճակը եւ վերածուեցաւ մզկիթի, ուր անդրանիկ նամազին բնականաբար ներկայ էր «սուլթան» Էրտողանը։ Պարզ, հպանցիկ ներկայութիւն մը չէր։ Ան Քորանէն հատուած մը կարդաց։ Գլխաւոր քարոզիչն էր Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարարը, որ բեմահարթակ բարձրացաւ՝ ձեռքին ունենալով օսմանցիներու… «արշաւանքներու սուրը»։

Մայիս 2020․․․ Հազիւ վեց ամիս անցած է «Տժգոյ՛ն Շուշի»-ի ծանր պարտութեան թուականէն եւ ահա, անցեալ ամիսներու բազմաթիւ քանդումներու, աւերներու եւ սրբապղծումներու կողքին, նախանշաններ ի յայտ կու գան, թէ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ մայր տաճարը հայկական եկեղեցիի կարգավիճակէ մզկիթի վերածուելու սեմին կը գտնուի։

Այս մտավախութիւնը չենք արձանագրեր անհիմն ենթադրութիւններու եւ աժան եզրակացութեան մօտեցումով, այլ ըստ բաւականին ծանօթ ենք եւ դառն փորձառութիւններ ապրած ենք Պաքուի անթաքոյց քաղաքականութեան մասին:

Զուգահեռաբար տեսանելի եւ զգալի կը դառնայ, թէ Մ․Ա․Կ․-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ժամանակավրէպ (obsolete) վիճակի մէջ կը գտնուի։

Տեղին է անգամ մը եւս յստակօրէն հաստատել, թէ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու դրութեամբ գործող այս հիմնարկը անկարողութեան մատնուած է եւ նոյնիսկ իր բազմաթիւ գրասենեակներով եւ պաշտօնեաներով լծուած է ապարդիւն աշխատանքի։ Այս գծով շատ են փաստերը, սկսելով Աֆղանիստանի ու Սուրիոյ պէս պատերազմի դաշտի վերածուած երկիրներու մէջ քաղաքակրթութեան խորհրդանիշ հանդիսացող կառոյցներու քանդումէն՝ մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի բազմաթիւ սրբատեղիներուն ու Նախիջեւանի խաչքարներու մասսայական քանդումները, որոնց վրայ ահաւասիկ կ’աւելնան Արցախի բռնագրաւեալ հողերու տարածքին գտնուող հայկական կոթողներու հետեւողական եւ պետականօրէն կազմակերպուած այլափոխումը, որուն վերջին նորագոյն աղաղակող օրինակը (վստահաբար շարքը պիտի շարունակուի)՝ Շուշի քաղաքի կեդրոնական փառքն ու հպարտանքը հանդիսացող Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ մայր տաճարն է։ Մեզի հետ աշխարհն ու Մ․Ա․Կ․-ը եւ իր կազմակերպութիւնները տեսան, թէ տաճարին գմբէթը ինչպէս քանդուած է եւ աղաւաղումի կ’ենթարկուի, իբրեւ թէ «վերանորոգութեան բարի նպատակով»: Գոնէ մենք չենք մոռցած, որ Արցխաեան առաջին պատերազմին, եւ Շուշիի ազատագրումէն առաջ, այդ տաճառը ինչպիսի՜ քանդումի ենթարկուած էր, իսկ հայոգ ձեռքն ու քրտինքը ինչպէ՛ս վեր սլացուց անոր տպաւորիչ գմբէթը:

Էջերով մրոտուած են օրէնքներ, որոնք կը մնան անգործադրելի եւ փոշիածածկ։ Այդ կորսուած էջերուն մէջ է, որ նաեւ գրուած է, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լոյս ընծայած՝ մշակութային եւ բնութեան համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին հռչակագիրին միացած որեւէ երկիր, պատմական կառոյցի մը անունը փոխելու որոշում տալու պարագային, անրաժեշտ է, որ այդ փոփոխութեան առաջարկը առաջին հերթին ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր յանձնաժողովին, որ իր կարգին քուէարկութեան դիմելէ ետք, կրնայ վաւերացնել կամ մերժել։

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնն է, որ ահազանգ հնչեցուց, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը շեշտելով, թէ նախարարութիւնը նոյնքան մտահոգիչ կը նկատէ, որ Ատրպէյճան այս տաճարին «ճարտարապետական տեսքի փոփոխութեան աշխատանքներ»-ը կը կատարէ՝ նախքան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մասնագէտներու գնահատումը եւ ըստ այնմ առաքելութեան կողմէ աշխատանքները ուսումնասիրելը:

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, թէ «Ազերիներու բռնագրաւման տակ գտնուող տարածքներուն մէջ առկայ բազմաթիւ հայկական պատմամշակութային յուշակոթողներու եւ պաշտամունքի վայրերու առնչուած որեւէ գործողութիւն կարելի չէ իրականացնել առանց միջազգային, նախ եւ առաջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագէտներուն կողմէ առկայ վիճակի փաստագրման եւ վերականգնման աշխատանքներուն մէջ գործուն ներգրաւուածութեան»: Չենք ուզեր ծանրանալ այն երեսին վրայ, թէ արդեօք ազերիական այլափոխումը որեւէ ձեւով կրնա՞յ բացատրութիւն ունենալ, օրինակ՝ եթէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչները քննեն վիճակը, կամ, տակաւին, աղաւաղումը պէտք է դիտել միայն կոթողներու քանդումի՞ բովանդակութեան մէջ, թէ պէտք է հարցին մօտենալ իր ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ տարածքով, հայկական պատմական հողամասի մը բռնագրաւման եւ ազերիականացման գործընթացին դիտանկիւնէն…

Հայորդին ամենէն աւելի կճողն ու խայթողը այն է, թէ այս սրբապղծումը կը կատարուի Մայիս 9-ի նախօրեակին․․․ թուական մը, որ 1992-էն ի վեր ամենայն հպարտութեամբ կը տօնէր հայորդին։ Անպարտելիութեան, խիզախութեան, հաւաքական եւ ազգային միասնական ուժին անբեկանելի խորհրդանիշն էր այդ օրը։

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնակացոյցով, սրբազան է Մայիս 9 թուականը եւ հռչակուած է «Յաղթանակի օր»:

Դեռ տարի մը առաջ «լեռներու հարսանիք»-ի 28-ամեակը նշուեցաւ։ Արցախի Հանրապետութիւնը սովորականին նման ոգեկոչեց Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի պետական տօնը: Այդ օրերուն, Շուշին հայկական էր, ո՛չ թէ «դժբախտ կամ տժգոյն»: Յետոյ հասան մութ հաշիւները եւ այս եղաւ այն՝ ինչ որ եղաւ:

Այա Սոֆիայէն Շուշի, կամ հակառակը՝ Շուշիէն Այա Սոֆիա, յստակ է, թէ ինչ կը պատահի այդ լայնատարած շրջաննէն ներս։ Արդի համաթուրանական մոլուցք մը, որ կրնայ դուռ բանալ լուրջ եւ ահաւոր վտանգներու։ Հորիզոնները թաքուն չեն, այլ պարզ աչքերով ալ, առանց հեռադիտակի համ մանրադիտակի՝ տեսանելի են, եթէ… մեր տեսնելու կարողութիւնը չենք փթացուցած:

Մայիս 9-ի նախօրեակին եւ Շուշիի մայր տաճարի սրտաճմլիկ տեսարանին դիմաց, պէտք չէ կորսնցնել հաւաքական կամքն ու միասնական ուժը։

Բարձրանիստ բերդաքաղաք Շուշին եւ իր բազմաթիւ պատմամշակութային յուշակոթողներն ու Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց Ամենափրկիչ մայր տաճարը հայորդիին հոգիին ու քաղաքական կամքին մէկ ծննդավայրն են։

ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական

hairenikweekly.com