Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Պաքու – Թիֆլիս – Կարս երկաթուղիին մտայղացումը աշխարհի տը ֆաքթօ մեծ պետութեան՝ Չինաստանի առաջարկն էր: Աշխարհագրականօրէն, այդ տարածաշրջանէն հեռու Պէյճինկը, իր տնտեսական ներկայութիւնը յաւելեալ կերպով զօրացնելու համար, շտապ հասանելի ճամբաներու կարիքն ունէր: Բնականաբար, տարածաշրջանին մէջ, այդպիսի չինական մտայղացում Անգարայի եւ յատկապէս Պաքուի ախորժակը պիտի բանար, որոնք շուտով գործի լծուեցան ու իրագործեցին այս մտայղացումը: Անշուշտ, անոնք ալ իրենց հաշիւներն ունէին եւ ըստ այնմ կառուցեցին աւելի երկար ուղի մը, նկատի ունենալով որ աւելի կարճը, որ Հայաստանէն կ՛անցնէր, խոչընդոտներ պիտի ստեղծէր:
Պաքու – Թիֆլիս – Կարս երկաթուղիին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հոկտեմբեր 30-ին, ներկայութեամբ հիւրընկալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ յատուկհրաւէրներ յղած էր թէ՛ գործակից եւ թէ՛ գաղափարակից երկիրներուն: Այս հրաւէրին ընդառաջած էին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը, Վրաստանի վարչապետԿէորկի Քվիրիքաշվիլին, Ուզպեքիստանի վարչապետ Ապտուլլահ Արիփովն ու Ղազախստանի վարչապետ Պաքըթճան Սակինթայեւը:
Հանդիսաւոր էր բացման արարողութիւնը, ուր մասնակից երկիրներուն դրօշակները կը ծածանէին անդրանիկ ճեպընթացին վրայ:
Թուրքիոյ ղեկավար Էրտողանը անգամ մը եւս շրջանին մէջ ղեկավարութիւն ներշնչող, սուլթանամէտ արտայայտութիւն մը կատարեց, թէ այս 21-րդ դարու նորաստեղծ մետաքսէ ճամբան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան երաշխիք մըն է:
Յստակ է, թէ ճամբորդէ եւ զբօսաշրջիկէ աւելի, ապրանքի փոխադրութիւնն է, որ 826 քլմ. (513 մղոն) երկարութիւն ունեցող այս երկաթուղագիծին առիւծի բաժինը պիտի խլէ: Առաջին տարեշրջանին համար կը նախատեսուի մէկ միլիոն ճամբորդ եւ …6.5 միլիոն թոն ապրանք:
Բնականաբար, այս երկաթուղագիծը ունի իր քաղաքական պատգամը, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան համար, որուն պարզ ու մեկին շրջափակումն է որ կը շարունակուի, մանաւանդ երբ գոյութիւն ունի Թիֆլիս – Գիւմրի – Կարս տարբերակը:
Այսուամենայնիւ, նոյնիսկ շրջանցելով Հայաստանի սահմանները, այս երկաթուղագիծը, Վրաստանի տարածաշրջանին մէջ կ՛անցնի հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախքի շրջաններէն, որոնք արդէն իսկ ուղղակիօրէն ազդուած էին քանի մը տարիէ ի վեր կատարուած երկաթուղագծի շինարարական աշխատանքներուն պատճառաւ: Տեղացի վրացիներ ալ սկսած էին մտահոգուիլ, մանաւանդ որ թուրք մցխեթներ սկսած էին հաստատուիլ շրջանին մէջ:
Տեղին է հարցադրել՝ մետաքսի ճամբա՞յ, թէ՞ համաթուրանական ճեպընթաց:
Իսկ այլ հարցադրում մըն ալ տեղին է յղել. վերջերս Անգարայի հետ սիրաբանող Մոսկուան ալ հեռու կը մնայ եկամուտ ապահովող այս տնտեսական հաշիւներէն: Նորաստեղծ ուղին փաստօրէն կը դիւրացնէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու, ինչպէս եւ Չինաստանի ւ Եւրոպայի միջեւ ապրանք փոխադրութիւնն ու առուծախը՝ առանց օգտագործելու Ռուսաստանի լայնատարած սահմանները: