կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-02 23:43
Քաղաքական

HAYTADOLOGY II խտացեալ դասընթացքը աւարտեցաւ յուսադրող մթնոլորտի մէջ

HAYTADOLOGY II խտացեալ դասընթացքը աւարտեցաւ յուսադրող մթնոլորտի մէջ

COVID-19 համաճարակին պատճառով առցանց կազմակերպուած HAYTADOLOGY II Հայկական Ժամանակակից Հարցերու Խտացեալ Դասընթացքի չորորդ եւ վերջին օրը, որ տեղի ունեցաւ 27 Փետրուար 2021-ին բաւականին գործնական (practical) ու փոխգործակցական (interactive) էր: Դասընթացքի վերջին օրը յատկանշուեցաւ Եւրոպայի մէջ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչուած առկայ ու ապագայի ծրագիրներու քննական վերլուծում-արժեւորումով ու ապագայի ծրագրերու մշակումով:

Դասընթացքի այս օրը հիմնականին մէջ բաժնուած էր երկու մասին: Առաջին հանգրուանին ելոյթ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տ. Գէորգեանը, որ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Հ.Յ.Դ. երիտասրդական գրասենեակի հայեցակարգն ու Արցախի մէջ կեանքի կոչած ուսուցողական, վարժողական եւ վերականգնողական ծրագիրներն ու ընթացող աշխատանքները: Ան հորդորեց երիտասարդները նախաձեռնող ըլլալու, դասընթացքի միջոցին իրենց սորվածը իրենց շրջապատաին հետ կիսելու եւ ի նպաստ հայութեան եւ Հայաստանի հետեւողական աշխատանքի լծուելու: Ապա առցանց կլոր սեղանի մը շուրջ, Ամերիկայի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Գանատայի եւ Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակներու (Հայաստան) տնօրէն կամ նախագահները ելոյթներ ունեցան դասընթացքի մասնակիցները իրազեկելու համար իրենց գրասենեակներուն տարած աշխատանքներուն մասին:

Կլոր սեղանի զրուցավարն էր Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբէն Անահիտ Յակոբեանը:

Առաջին հերթին Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահ Գասպար Կարապետեանը ներկայացուց գրասենեակին կեանքի կոչած քարոզչական, քաղաքական եւ երիտասարդութիւնը թիրախաւորող վարժողական ծրագրերը, ինչպէս նաեւ Արցախեան պատերազմի օրերուն Եւրոխոհրդարանի եւ Եւրոմիութեան շրջանակներուն մօտ գրասենեակին տարած ու մինչեւ օրս շարունակուող աշխատանքները՝ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութիւնը ապահովելու, ռազմագերիներու հարցը բարձրաձայնելու, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման նպաստելու: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը շարունակել եւրոպական զանազան պատուիրակութիւններ (քաղաքկան, դիւանագիտական, քարոզչական, տնտեսական) Արցախ այցելութիւնը կազմակերպելու ծրագրերը, որոնք հայանպաստ որոշումներ որդեգրելու կը նպաստեն:

Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի Նախագահ Արամ Համբարեան իր խօսքը սկսաւ հաստատելով թէ հայ ժողովուրդին եւ հայաստանի շահերուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը Հայ Դատի աշխարհատարած յանձնախումբերուն առաքելութիւնն է: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայ աշխատանքները, որոնք կը կեդրոնան Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման եւ օժանդակութեան նպաստելուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաման շուրջ: Ան բացատրեց թէ ինչպէս ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբ աշխատանք կը տանի որ ԱՄՆ-ի դերակատարութիւնը զարգանայ մեր տարածաշրջանին մէջ ու Արցախի միջազգային ճանաչման ու անվտանգութեան նպաստէ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դերկատարութիւնը հակակշռի տակ առնէ: Ան ընդգծեց որ Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւնները բաւականին խրթին հանգրուան մը կ՛ապրին նկատի առած վերջին տարածաշրջանային զարգացումերը եւ Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ դերակատարութիւնը:

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրաենեակի Տնօրէն Վերա Եագուպեանը իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական ու կրօնական նրբութիւններն ու վերջին տարիներու դէպքերը եւ անոնց որպէս հետեւանք շրջանի փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ հայութեան դիմագրաւուած մարտահրաւէրները: Ան բացատրեց, թէ երբ արաբ-թուրքական յարաբերութիւնները ջերմ են, հայ դատի աշխատանքները բաւական կը դժուարանան ու խոչընդոտները կը շատնան, իսկ երբ յարաբերութիւնները վատանան՝ ապա աւելի դիւրին կը դառնան այդ աշխատանքները: Արցախի հիմանհարցի գծով, Եագուպեան ներկաներուն բացատրեց թէ ինչպէս գրասենեակը աշխատանք կը տանի արաբ հասարակութիւններուն բացատրելու թէ Արցախեան հիմնահարցը կրօնական հակամարտութիւն չէ, այլ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կը վերաբերի: Գալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, նկատի առած որ Ցեղասպանութեան մէկ հանգրուանը արաբական աշխարհին մէջ գործադրուած է, արաբական պետութիւնները ընդհանրապէս չեն դրժեր կամ ուրանար անոր իրողութիւնը, սակայն մինչ օրս, քաղաքական շահերու բերումով բացի Սուրիայէն ու Լիբանանէն արաբական այլ երկիր մը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ան իր խօսքի աւարտին ներկայացուց գրասենեակին քարոզչական աշխատանքները որ արաբ զանգուածները հայկական հարցերու գծով իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնել կը նպատակադրէ եւ հաստատեց թէ գրասենեակը շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի արաբկան կարեւոր զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ ու անոնց ճամբով մեր ձայնը լսելի կը դարձնէ հասարակական լայն զանգուածներու: Ան նշեց նաեւ, թէ պատերազմի օրերուն, առաջին անգամ ըլլալով գրասենեակը շրջանին մէջ գործող քրտական լրատուական միջոցներու հետ ալ գործած ու համապատասխան լուսաբանութիւններ ներկայացուցած է:

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեկաէն (Հայաստան) Գէորգ Ղեկուսեանը համապարփակօրէն ներկայացուց Հայ Դատի Կեդրոանկան Գրասենակի ընթացիկ աշխատանքներն ու աշխարհատարած հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութիւնը համակարգելու եղանակը: Ղուկասեան իրազեկեց մասնակիցները թէ գրասենեակի ընթացիկ աշխատանքներու մէջ կը մտնեն աշխարհատարած հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու գործունէութեան հայերէնի թարգմանութիւնը, զանոնք աւելի քան 120 զանգուածային լրատումիջոցներու հետ կիսելը եւ ամփոփագիրներու հրապարակումը:
Կեդրոնական գրասենեակը նաեւ ունի նոր ել. Կայք որ հանրութեան կը ներկայանայ նոր հնարաւորւթեամբ: Բովանդակային իմաստով շուտով կը հրապարակուի Արցախի Շահերու Պաշտպանութեան Ուղեցոյցը, որ պիտի ընդգրկէ շահերու պաշտպանութեան տեսական ուղղութիւններ եւ քաղաքական առաջադրանքներ: Ան ընդգծեծ նաեւ կարեւորութիւնը աշխոյժացնելու Pro-Artsakh Forum-ն ու Pro-Artsakh Network-ը որ կեանքի կոչուեցաւ 2019-ի Հոկտերմբերին Ստեփանակերտի մէջ, իր մէջ ներառելով Արցախի ի նպաստ աշխատանք տանող միջազգային քաղալագէտներ, գիտնականներ, խորհրդարանականներ, տեղական ինքնակառավարման մարմնի ներկայացուցիչներ, մասնագէտներ եւ լրագրողներ:

Սեւակ Պելեանը, որպէս Գանատաի Հայ Դատի Գրասենեակի Տնօրէն, իր զեկոյցի սկիզբը բացատրեց թէ Գանատան միջազգային ասպարէզի վրայ որպէս միջին ուժ կը ներկայանայ եւ հայկական հարցերու գծով իր ազդեցութեան մակարդակը սկսած է բարձրանալ շնորհիւ Գանատայի Հայ Դատի Գրասենեակի աշխատանքներուն: Ան հաստատեց, թէ հետեւողական աշխատտանքի շնորհիւ Գանատան պատերազմի օրերուն անմիջակապէս ըսելիք ունեցաւ: Պայրաքտար անօդաչու սարքերու ամէնէն կարեւոր բաղադրիչներէն մէկը գանտայէն Թուրքիոյ տրամադրումը կասեցնելը կարեւոր ձեռքբերում նկատեց, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի գանատական արտադրութեան զէնք ու զինամթերգ մատակարարելը կասեցնելը հիմնական աշխատանք նկատեց: Պելեանը նշեց, թէ պատերազմի օրերուն ազերիները աշխոյժ չէին, սակայն պատերազմէն ետք կազմակերպութիւն մը հիմնեցին եւ սկսան մօտէն հետեւիլ հայութեան գործունէութեան: Գանատայի ԱԳՆ.ի հետ գրասենեակը ջերմ յարաբերութիւններ ունի եւ բաղդատած անցեալի հետ Գանատան աւելի հայանպաստ կեցուածքներ սկսած է որդեգրել: Ան նշեց նաեւ թէ գրասենեակը խորհրդարանական մակարդակի վրայ դարձեալ բաւականին լաւ յարաբերութիւններ ունի եւ պատերազմի օրերուն յաջողած է խորհրդարանին մէջ գործող հինգ կուսակցութիւններէն հայանպաստ կեցուած ստանալ, ներառեալ Գանատա-Ազրպէյճան խորհրդարանկան խմբակցութեան նախագահին Արցախի Ինքորոշման իրաւունքը հաստատող յայտարարութիւնը: Քարոզչական հսկայական աշխատանք կը տարուի նաեւ զանգուածային լրատուամիջոցներու հետ, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններ առաքելու դէպի Արցախ: Գրասենեակը նաեւ մնայուն կապի մէջ ՄԱԿ-ի ու ԵԱՀԿ-ի մօտ Գանատայի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն հետ:

Զեկոյցներու աւարտին մասնակիցները կարեւոր հարցադրումներով շահեկան զրոյց ունեցամ գրասենեակներուն տնօրէններուն հետ: Յատկանշական էր քննարկել պատերազմի օրերուն յաճախ կեանքի կոչուած առցանց խնդրագիրներու (Online Pettition) երեւոյթը, ուր հաստատուեցաւ, թէ այդ խնդրագիրները եթէ յստակ թիրախաւորում չունենան եւ կազմակերպուած չ՛ըլլան, ո՛չ միայն ապարդիւն են, այլ նաեւ կրնան վնասակար ըլլալ: Առ այդ շատ կարեւոր է որ այս մարզին մէջ մասնացիտական եւ համակարգուած մօտեցում ցուցաբերել ու ճիշդ ձեւով օգտագործել առցանց այս միջոցները:

Օրուան երկրորդ կիսուն դասընթացքի մասնակիցները նախորդ օրը իրենց կատարած աշխատանոցներու արդիւնքները ներկայացուցին եւ քննարկեցին: Եօթը աշխատանոցներու ճամբով տղաքը կրցած էին քննական մօտեցումով արժեւորել վերջին պատերազմի օրերուն Եւրոպայի հայութեան տարած աշխատանքները, ձեռքբերումները, ձախողումները, դժուարութիւներն ու քաղուած դասերը: Անոնք ցաւալի բայց իրապաշտ հաստատումներ ըրած էին պատերազմի օրերուն առկայ կազմակերպական, ներ-համյայնքային, զօրաշարժի ենթարկուելու, համաճառակի սահմանափակումներու, քարոզչական-ցուցական աշխատանք տանելու, ազերիական ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարելու, դրամահաւաքի ու մարդասիրական օժանակութիւններ ապահովելու եւ այլ խնդիրներու մասին: Այս քննարկումներուն հիման վրայ խումբերը յառաջիկայի առաջարկներ ներկայացուցին որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերէին տեղեկութիւններու միասնական շտեմարան ստեղծելու (database), Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ հորիզոնական կապ եւ տեղեկութիւններու արագ փոխանկման առցանց հարթակ ստեղծելու, յառաջիկայի քարոզարշաւները համակարգելու, տեղւոյն քաղաքական կեանքին առաւել մասնակից դառնալու, Եւրոպական երկիրներուն մէջ ապրող այլ փոքրամասնութիւններու հետ համգործակցելու, թուրքերու եւ ազերիներուն գործունէութիւնը լրջօրէն հետապնդելու եւ անոնց ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարելու, եւրոպական հասարակութեան մօտ հայկական հարցերու գծով մայուն քարոզչական աշխատանք տանելու, տեղական կառավարական ու ոչ կառվարական կազմակերպութիւններու ճամբով հայանպաստ որոշումներու հասնելու, Արցախի ժողովուրդի ինքնորշման իրաւունքի անսակարկելիութիւնը հանրայնացնելու եւ անոր միջազգային ճանաչման նպաստելու, ինչպէս մաեւ Եւրոպա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարելաւելու:

Դասընթացքի պաշտօնական փակումը կատարելու համար ելոյթ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տ. Խաչատուրեանը, որ շնորհաւորեց ներկաները իրենց մասնակցութեան համար, անդրադարձաւ հայ դատի աշխատանքներու հիմնական չորս ուղղութիւններուն (Հայաստնի հզօրացում, Արցախեան հիմնադրի կարգաւորում եւ անկախութեան ճանաչում – Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչում եւ Հետեւանքներու Վերացում – Սփիւռքի կազմակերպում եւ սփիւռք-հայաստան կապերու ամրագրում): Ան մաղթեց որ դասընթացքի մասնակից երիտասարդները աներեր ու վճռականօրէն շարունակեն իրենց աշխատանքը Եւրոպայի մէջ, նորարար ըլլան, չյուսահատին եւ հաւատան, որ միասնական ջանքերով հայ ժողովուրդը պիտի կարենայ այս օրերու ծանր ճգնաժամէն դուրս գալ ու վերականգնիլ:

Եւրոպայի 13 Երկիրներէ հաւաքուած աւելի քան 80 երիտասարդներ չորս օրերու վրայ առիթը ունեցան գիտական մօտեցումով 18 մասնագէտ դասախօս-զեկուցաբերներէ մեր օերու հիմնական գերխնդիրներուն մասին սորվելու, համապատասխան գիտելիքներ, տեղեկութիւններ եւ վերլուծութիւներ ձեռք ձգելու, անոնց հետ քննարկումներ եւ կարծիքներու փոխանակումներ ընելու: Դասախօս-զեկուցաբերներու կողքին, մասնակիցները 10 փորձառու զրուցավարներու հետ արժեւորեցին մինչ օրս տարուող աշխատանքները եւ այդ արժեւորման հիման վրայ նոր ծրագիրներ առաջարկեցին որոնք համադրաբար Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին ու մնացեալ յանձնախումբերուն հետ, շուտով կարելի է կեանքի կոչել:

HAYTADOLOGY II խտացեալ առցանց դասընթացքը աւարտեցաւ ապագային յաճախ կրկնելու նպատակադրութեամբ ու յուսադրող դրական մթնոլորտի մէջ:

Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ