կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-16 18:51
Սփյուռք

Եւրոպաի Դերը Արցախեան Հիմնախնդրի Կարգաւորման եւ Եւրոպա – Հայաստան Յարաբերութիւններու Բարելաւման Մէջ. նիւթով HAYTADOLOGY II. Վերսկսաւ

Եւրոպաի Դերը Արցախեան Հիմնախնդրի Կարգաւորման եւ Եւրոպա – Հայաստան Յարաբերութիւններու Բարելաւման Մէջ. նիւթով HAYTADOLOGY II. Վերսկսաւ
Ուրբաթ 26 Փետրուար 2021 -ի երեկոյեան առցանց Zoom հարթակին վրայ, Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպած Haytadology II. Հայկական Ժամանակակից Հարցերու Նուիրուած Խտացեալ Դասընթացքը վերսկսաւ: Առաջին նիստի վերնագիրն էր «Եւրոպաի Դերը Արցախեան Հիմնախնդրի Կարգաւորման եւ Եւրոպա – Հայաստան Յարաբերութիւններու Բարելաւման Մէջ»: Նիստի զեկուցաբերներն էին՝ Եւրախորհրդարանի Անդամ Կոսդաս Մավrիտեսը Costas Mavrides, Եւրամիութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Դեսպան Տիկին Աննա Աղաճանեանը Anna Aghadjanian եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ եւ Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորոհրդուի Համանախագահ CCAF France Տիար Մուրատ Փափազեանը Franck Papazian papazian: Նիստի զրուցավարն էր Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասնեակի Գործադիր Տնօրէն Հեղինէ Էվինեանը EAFJD - European Armenian Federation for Justice and Democracy : Նիստի աւարտին, դասընթացքի մասնակիցները համապատասխան մասնագիտական տեղեկութիւններով ու վերլուծութիւններով օժտուեցան, որոնք վստահաբար կը նպաստեն յառաջիկային Եւրոպայի մէջ հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ որոշումներ եւ գործընաթցներ որդեգրելու աշխատանքներուն:
 
Դասընթացքի երկրորդ բաժինով մասնակիցները եօթը առցանց աշխատանոցներու բաժնուեցան քննարկելու համար հետեւեալ թեման՝ «Արցախեան Պատերազմի Օրերուն «Եւրոպահայութեան Գործունէութիւնը՝ Զօրաշարժի Ջանքեր, Մարտահրաւէրներ, Քաղուած Դասեր ու Ապագայի Ծրագրեր»: Աշխատանոցի առաջին բաժնին մէջ մասնակիցները քննարկեցին անցնող պատերազմի Եւրոպահայութեան տարած աշխատանքները պատասխանելով հետեւեալ հարցումներուն՝ Ի՞նչ ըրաւ Եւրոպայի Հայութիւնը Պատերազմի օրերուն Արցախի ու Հայաստնի օժանդակելու, Եւրոպայի մէջ քարոզչութիւն տանելու եւ պատերազմը դադրեցնելու նպաստելու. Ի՞նչ կարելի էր ընել բայց չըրաւ Եւրոպայի Հայութիւնը, Ինչպիսի դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց Եւրոպայի Հայութիւնը, Ի՞նչ դասեր պէտք է քաղել: Այս հարցումներու քննարկումներուն հիման վրայ երիտասարդները յստակ առաջարկներ եւ ծրագիրներ մշակեցին, որոնք կարելի է որդեգրել համա-եւրոպական մակարդակի վրայ: Այս մէկը պիտի նպաստէ, որ յաջորդ ճգնաժամին Եւրոպահայութեան զգալի զանւոածը աւելի պատրաստուած ու թիրախային ձեւով գործէ եւ նպաստէ հարցերու լուծման:
 
Սոյն աշխատանոցի արդիւնքները այսօր, 27 Փետրուար 2021-ին պիտի ներկայացուին ու քննարկուին աշխարհասփիւռ հայ դատի գրասենեակներու նախագահ-տնօրէններու հետ կայանալիք միացեալ նիստին:
 
Տեղին է նշել թէ դասընացլին հետեւեալ երկիրներէն երիտասրդներ կը մասնակցին՝ Աւստրիա, Գերմանիա, Միացեալ Թագաւորութիւններ, Ֆրանսա, Հրիաստան, Շուետ, Հոլլանտա, Պուլկարի, Յունաստան, Կիպրոս, Ֆինլանտա, Լեհաստան, Սպանիա:
 
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ