Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փետրուար 24-28, 2020, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու և գրասենեակներու համաժողովը։
Համաժողովին մասնակցեցան Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն և գրասենեակներէն, եւ Հ.Յ.Դ. կուսակցական մարմիններէն մօտ 50 ներկայացուցիչներ։
Համաժողովը քննարկեց Հայ Դատի աշխատանքներու ընթացքը 2019-ի Յունուարէն առ այսօր։ Լսեց զեկույցներ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներու եւ ՀՀ ներքաղաքական իրավիճակի մասին։
Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին.
Համաժողովը իւրաքանչիւր հարցի մասին հանեց համապատասխան եզրակացութիւններ՝ յառաջիկայ գործունէութեան մասին։
Համաժողովը մտահոգութիւն արձանագրեց Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ փուլին շուրջ ստեղծուած անորոշութիւններու գծով, եւ շեշտեց կարեւորութիւնը հայկական քաղաքական բոլոր ուժերու կողմէ վերահաստատումինը թէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը առաջնահերթութիւն է կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Համաժողովին ողջոյնի ուղերձով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, ով Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրեց «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած ակտիւ գործունէութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերի ամրապնդման ու զարգացման գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար»։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրանեանը ստանձնելով մետալը, յայտնեց, որ այն գնահատականն է ամբողջ Հայ Դատի համակարգի գործունէութեան։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդ